ՓԱՐԻԶԷՆ ԵՏՔ ՆԻՍ. ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԳՈՐԾԻ ԴՆԵԼ ՈՉ-ԴԱՍԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Արմատական խմբաւորումներուն համար Ֆրանսան կը շարունակէ մնալ՝ որպէս թիրախ համարուող գլխաւոր երկիր: Անցնող Նոյեմբերին երբ «Սթատ տը Ֆրանս»ի եւ «Պաթաքլան» թատերասրահին մէջ ահաբեկչական յարձակումներ կը գործուէին, երկրի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը զգուշացնէին, որ գալիք դէպքերը կրնան շատ աւելի ծանր ըլլալ:
Այս առումով Նիսը հարուածած ահաբեկչութիւնը, որուն ի տես տեղւոյն ոստիկանութիւնը զարմանք յայտնած է, սպասելի էր:
Սպասելի էր այ՛ո, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ «բոյն դրած» ահաբեկչական խմբաւորումները չեն կազմաքանդուած:
Ըստ լիբանանցի լրագրող Սայէր Ղանտուրի, Եւրոպան, եւ մասնաւորապէս, Ֆրանսան հարուածող այս ահաբեկչութեանց առաջքը կարելի չէ առնել սոսկ ապահովական միջոցառումներով: Ան նաեւ դիտել կու տայ, որ արմատական հայեացքներով սնուած իսլամամէտ ահաբեկիչներուն այս քայլերը ունին բաւական խորքային պատճառներ, որոնք կը կարօտին երկարատեւ «բուժում»ներու:
Այս բոլորին հետ համատեղ եթէ պահ մը վերլուծումներով հանդէս գալու մօտեցումը մէկդի դնենք, պէտք է անպայման դիտարկել, որ Հինգշաբթի գիշեր Նիսը ցնցած այս ահաբեկչութիւնը նորութիւն էր իր մեթոտով:
Յիշեցնելու կարգով պէտք է նաեւ նկատել, որ ինքնաշարժով եւ այս պարագային բեռնատար կառքով մարդոց կեանքը խլելու ձեւը երեւան եկած էր անցնող ամիսներուն Իսրայէլի մէջ: Տեղւոյն պաղեստինցիները, որոնցմէ շատեր, նոյնիսկ կուսակցական պատկանելիութիւն չունին, յայտնուելով ճարահատեալ վիճակի մը մէջ իսրայէլացի զինուորներ դաշունահարելու կողքին, գործի լծած են ինքնաշարժը բազմութեան վրայ քշելու եւ այդպէսով մարդոց կեանքը խլելու ձեւը:
Այս չի նշանակեր, որ եղած դէպքը կապ ունի արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն հետ, բայց անպայման կը խօսի հիւանդագին վիճակի մը մէջ եղող մէկու մը արարքին մասին:
Լրատուական աղբիւրներ մինչ տարբեր վարկածներ յառաջ կը քաշեն, դէպքին առընթեր ոչ մէկ կողմ պատասխանատուութիւն մը ստանձնելու հաղորդագրութեամբ հանդէս կու գայ:
Նոյնիսկ եթէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւնը (ԻՇԻՊ) ստանձնէ նման գործողութիւն մը կատարելու պատասխանատուութիւնը, ամէն պարագայի եղած յարձակումը կը տարբերի անոր ունեցած ձեռագրէն:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Պասթիյի յաղթանակի տօնին գիշերը իր խօսած ճառին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ կը յայտարարէր, որ երկրին մէջ հաստատուած պարէտային դրութիւնը պիտի վերցուի յառաջիկայ 26 Յուլիսին: Ֆրանսայի նախագահին խօսքին մէջ անշուշտ, որ որոշ պատգամներ կային:
Գետնի վրայ եղած միջոցառումները ու տարբեր առիթներով ահաբեկչական բջիջներու ձերբակալման մասին տեղեկութիւնները կը խօսէին այն մասին, թէ երկրի ապահովական մարմինները լաւապէս կը տիրապետեն իրավիճակին:
Բայց գետնի վրայ եղող իրականութիւնը չէր համապատասխաներ պաշտօնական մարմիններու ըրած յայտարարութիւններուն:
Ֆրանսայի պէս ժողովրդավարական բարձր արժանիքներ կրող երկրի մը մէջ այսօր տիրող իրադրութիւնը անբնական ու նոյնիսկ անհասկնալի է: Անհասկնալի է, որովհետեւ անցեալ Նոյեմբերէն ու անկէ առաջ «Շարլի Էպտօ» ծաղրաթերթի շէնքին վրայ եղած յարձակումէն ի վեր, ոչ մէկ պատասխանատու ընդունած էր իր մեղքի բաժինը:
Այս վարկածներէն բոլորովին տարբեր մօտեցում ունի Լոնտոնի «Ալ Հայաթ» պարբերականի լրագրող Ռանտա Թաքի Ալ Տին: Լիբանանցի արմատներով լրագրողին կարծիքով՝ շատ թիւր մօտեցում է եղածին առընթեր քննադատել պաշտօնական Փարիզի պատասխանատուները, որովհետեւ «Ֆրանսայի կառավարութիւնը գործ ունի անհաւասարակշիռ մարդոց հետ, որոնց միակ նպատակը յաւելեալ մարդոց կեանքը խլելն է»: Ան նաեւ նկատել կու տայ, որ Ֆրանսայի մէջ եղածը ոչ միայն արհաւրալից է, այլ մաս կը կազմէ համաշխարհային մեծ պատերազմի մը, որուն թիրախն է ԻՇԻՊ ահաբեկչական խմբաւորումը:
Ամէն անգամ, որ Ֆրանսայի մէջ ապահովական դէպքեր կը գրանցուին, մեր մտքերուն կ՚ուրուագծուի Ֆրանսա ապրող շուրջ 5 միլիոն մահմետականներու խնդիրը, որոնց հիմնարկներէն շատ շատերը դատապարտումի կոչեր հրապարակեցին եղած ահաբեկչութեան վերաբերեալ:
Այս առումով քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, ըստ որոնց Ֆրանսայի մէջ ապրող մահմետականները բռնադատուած ու ճնշուած են: Թէ ինչքանով ճիշդ է այս մօտեցումը պարզ չէ, յստակ է միայն, որ մարոքցի, ալճերիացի, թունուզցի եւ եգիպտացի մահմետականներուն դէմ ցարդ գործադրուած ու աւելի ուշ գործադրուելիք ճնշումները արդիւնաւէտ պիտի չըլլան:
Փաստ է նաեւ, որ մահմետական շրջանակներուն վրայ եղած ճնշումներէն անդին երեւելի աճ կ՚արձանագրեն երկրի ծայրայեղ աջ շրջանակները ու անոնց համար նման արիւնալի դէպքեր կը դառնան քաղաքական կարեւոր խաղաքարտ:
Այսպէս, երկու կողմերէն աճող ատելութեան մթնոլորտը կրնայ աւելիով լարել դրութիւնը եւ տուն տալ ներքին պրկուածութեան ու ապա նոյնիսկ արիւնահոսութեան:
Կը մնայ հասկնալ ու սպասել այս դէպքի քննութեան արդիւնքներուն: Արդեօք 31-ամեայ թունուզցին, որ կը կարծուի, թէ միակ գործադրողն էր այդ ահաբեկչութեան, ան այս արարքը գործած էր առա՞նց նեցուկի: Կամ, թէ ան կը կատարէր ահաբեկչական խմբաւորման մը հրամանը:
Եղածը սարսափելի էր: Նիս քաղաքի բնակիչները, որոնց մէջ նաեւ այլ շրջաններէ քաղաք հասած խաղաղ մարդիկ փողոց իջած էին տօնախմբելու «14 Յուլիս»ի ֆրանսացիներու ազատութիւնը խորհրդանշող տօնը: Ու յանկարծ մեծ սպիտակ ու խոշոր բեռնատար կառք մը կը քալէր դէպի անզէն բազմութիւնը եւ պատճառ կը դառնար 84 անձերու մահուան (այս թիւը կրնայ աւելի ուշ բարձրանալ): Կային հարիւրէ աւելի վիրաւորներ, որոնց 18-ին վիճակը ծայր աստիճան ծանր էր:
Եղածը Ֆրանսացի ժողովուրդին համար անսպասելի չէր:
Տարբեր խնդիրներու կողքին անշուշտ, որ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուէր Ֆրանսայի միջին-արեւելեան երկիրներու մէջ որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ արաբական աշխարհին կողմէ անընդունելի համարուած շարք մը միջամտութիւնները:
Տակաւին շատերու համար յուսալի էր, որ Փարիզ վերատեսութեան ենթարկէ իր կեցուածքները մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ, բան մը որ ցայսօր տեղի չունեցաւ:
Ճիշդ է, որ եղած ահաբեկչութիւնը կրնայ ուղղակիօրէն կապ մը չունենալ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումներուն հետ, բայց եւ այնպէս նման արարքներու պարագային երբեք սխալ պիտի չըլլայ բոլոր վարկածները սեղանին վրայ դնել:
Նախագահ Ֆրանսուա Քլանտ դէպքէն ժամեր անց պատկերասփռուած խօսքով մը հանդէս գալով կը վստահեցնէր, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր դերը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Օլանտ, որ Միացեալ Նահանգներու «պարկեշտ» գործակիցն է, կը մոռնար նաեւ, որ ֆրանսացիներու մեծագոյն տոկոսին համար Ֆրանսայի Միջին Արեւելքի մէջ «արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» հաստատելու փորձերը անիմաստ են:
Ֆրանսացիներուն համար այսօր ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Սուրիոյ Նախագաճ Պեշար Էսատին քաղաքական ճակատագիրը կամ Լիպիոյ մէջ զինուորական նոր արշաւի սկսած Խալիֆա Հաֆթար անունով զօրավարի ուժերուն յառաջխաղացքը: Այլ այսօրուան համար այդ երկրի քաղաքացիներուն հիմնական հարցը ապահովութեդան խնդիրն է, որ սկսած է դառնալ «երազային» բան մը:
Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի ապահովական մարմինները, մարդուժի, տնտեսական եւ տարբեր կարեւոր գործօններ կը ծառայեցնեն վերագտնելու համար երկրի «կորսուած ապահովութիւն»ը, բայց եւ այնպէս անոնք մինչեւ այս պահը չեն յաջողած: Առնուազն Նիսի մէջ եղած «խենթ արարք»ը, որ կրնայ շատ խորացուած եւ սերտուած «գործողութիւն» մը ըլլալ, մեծագոյն ապացոյցն է ֆրանսական ապահովական կարգավիճակի ձախողութեան:
Ու շատ հաւանական է, որ նման յարձակումներ կը կրկնուին այնքան ժամանակ, երբ առկայ խնդիրները իրենց արժանի լուծումը չեն գտած: Նիսի մէջ զոհուածները, շատ հաւանական է, որ կը վճարեն իրենց իշխանութեանց կատարած սխալներուն սուղ գինը:
Անոնք իրօք մարդկութեան եւ ազատութեան զինուորներ են: Հարցումը, որ պէտք է տրուի, թէ մինչեւ ո՞ւր եւ մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել Ֆրանսայի պէս հզօր երկրի մը տէրութիւն ընողի դերով ներկայացող անբան ղեկավարներուն անպատասխանատու գործերն ու անզգամ ժպիտը:
Ի՜նչ խօսք, որ անոնք սպառած են:
Ի՜նչ խօսք, որ անոնք ոչ թէ Միջին Արեւելքի տագնապներուն համար տալիք չունին, այլ մանաւանդ՝ իրենց երկրին, որուն ամէն մէկ քաղաքացին ահաբեկչութեան ահասարսուռ վախով կ՚անցընէ իր օրը այսօր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան