Ճնշուածութենէ Զերծ Չափահաս Երախաներ
Ամբողջ աշխարհի մէջ, մանաւանդ՝ ամառնային արձակուրդներու շրջանին, քիչ չեն այն ընտանիքները, որոնք իրենց երախաները բանակումներու կը ղրկեն, արտատնային գործունէութեան: Մեր հայկական իրականութեան մէջ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հայկական բոլոր գա-ղութները, տարիներէ ի վեր սկաուտական շարժումներով, պատանեկան, երիտասարդական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու միջոցով նման շատ անհրաժեշտ բանակում-հաւաքներ կը կազմակերպեն, որոնց դրական արդիւնքներն ու արձագանգը անշուշտ նորութիւն չէ: Սակայն հետաքրքրական է չափահասներու, կամ չափաանցներու համար կազմակերպուող բանակումներու միտքը, որուն անդրադարձած է «Պի.Պի.Սի.»:
*
ԱՐՁԱԿԷ ՆԵՐՔԻՆ ԵՐԱԽԱԴ
Միացեալ Նահանգներու մէջ միլիոնաւոր երախաներ, պատանիներ ամէն ամառ բանակումի կը ղրկը-ւին: Նոր ընկերներ կ՚ունենան, խաղեր կը խաղան, քնապարկերու մէջ կը քնանան: Իսկապէս մեծ հոլովոյթ մըն է:
Ի դէպ, ինչո՞ւ միայն երախաները պիտի ունենան ամբողջ զուարճանքը:
Այսպէս կը մտածէ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»ը, փոքր, բայց հետզհետէ բազմացող ընկերութիւններէն մէկը, որ կը կազմակերպէ միայն չափահասներու ճամբարներ, հաւաք-բանակումներ:
Գաղափարը այն է, որ չափահասները կրնան իրենց ներաշխարհի երախան արձակել եւ մասնակցիլ նոյն արկածախնդրական ժամանցներուն, խաղերուն, որոնց կը մասնակցին երախաները բանակավայրին մէջ: Բայց՝ երկու յատկանշական բարեփոխումով. ազատօրէն մատչելի ոգելից ըմպելիներ եւ գիշերային հաւաքոյթներ: Թէեւ դուք կրկին պէտք է քնանաք ընդհանրական ննջասրահի մէջ:
ԹՈՆ ՄԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆՔ
«Ոչ հսկիչներու ճամբար»ը հիմնադրած է Ատամ Տիհաուէր՝ 33-ամեայ գանատացի մը, նախկին տնօրէնը Նիւ Եորք տեղակայուած ճարտարագիտական նորաստեղծ ընկերութեան մը: Ան առաջին անգամ չափահասներու համար ամառնային ճամբարի գաղափարը յղացաւ, երբ 2013 թուականի գարնան կը կազմակերպէր հին ընկերներու հետ շաբաթավերջի հաւաք-հանդիպում մը:
«Ասպարէզիս բերումով բազմաթիւ գիշերներ կ՚աշխատէի եւ կարիքը զգացի ընկերներուս հետ հաճելի շաբաթավերջի մը», կ՚ըսէ ան:
«Ես միշտ սիրած եմ կազմակերպել ձեռնարկներ, եւ ամառնային ճամբարներու մասնակցելով մեծցած եմ: Ուրեմն մտածեցի, որ թոն մը զուարճանք պիտի չըլլա՞յ արդեօք շաբաթավերջի մը համար ընկերներով ճամբար մը վարձելը», կ՚ըսէ ան:
Ատամին ընկերները բոլորն ալ սիրեցին յիշողութեան գիծին վրայ պտոյտի մը գաղափարը, եւ ուրեմն երեք օրուան համար վարձեցին ամառնային ճամբար մը, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանին մէջ: Ատամ քաջալերեց իր ընկերները, որպէսզի այլ մարդիկ ալ հրաւիրեն: Շուրջ իննսուն անձեր մասնակցեցան այդ առաջին շաբաթավերջին, որուն ձեռնարկներէն էին՝ ջուրի վրայ դահոյկով սահիլը, ձայնի հաղորդավարի մասնակցութեամբ գիշերային հաւաքոյթներ, պարեր:
«Այնքան յաջող էր, որ վեց ամիս ետք կազմակերպեցի ձմեռնային ճամբար մը, որուն մասնակցողներուն թիւը բարձրացաւ 120-ի», կ՚ըսէ Ատամ:
Այդ երկրորդ ճամբարէն ետքն է, որ Ատամ որոշեց, որ կրնայ իր գաղափարը վերածել լիաժամ աշխատանքի, հիմնական գործի: Իր ընկերները քաջալերած էին զինք՝ ըսելով, որ հաւաք կազմակերպելու բնածին ունակութիւն ունի: Ուրեմն Ատամ իր ասպարէզը, գործը լքեց Մայիս 2014 թուականին եւ պաշտօնապէս հիմնեց «Ոչ հսկիչներու ճամբար»ը: Ընկերութեան անունը յղում է այն փաստին, որ ի տարբերութիւն երախաներու ամառնային ճամբարներուն, հոս չկան հսկիչներ՝ զուարճանքը փճացնող։
«Ես փոքր խնայողութիւն մը ունէի միայն, բայց մտածեցի, որ կրնամ սկսիլ ճամբարով մը, ապա՝ երկու: Երբ լուրը տարածուեցաւ, հոլովոյթը արագօրէն ընթացաւ», կ՚ըսէ ան:
Ատամ կ՚ըսէ, որ սկիզբը ինք դժուար աշխատանք կատարած է ամառնային բանակավայրերու երբեմն շփոթահար սեփականատէրերուն «բացատրելու եւ հիմնաւորելու» չափահասներու ճամբարի գաղափարը: Զանոնք համոզած է այն իրողութիւնը, որ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»ին շնորհիւ՝ իրենց բանակավայրերու բացման եղանակները կ՚երկարաձգուին, որովհետեւ այդ վայրերը կը վարձակալուին դպրոցական արձակուրդներէ առաջ եւ ետք:
«Ասիկա աստիճանաբար աճող եկամուտ է բանակավայրերուն համար, որոնք իբրեւ կանոն՝ փակ կ՚ըլլան գարնան եւ աշնան եղանակներուն, երբ մենք կը վարձակալենք ատոնք», կը նշէ Ատամ:
Լոս Անճելըս տեղակայուած ընկերութիւնը արագօրէն աճեցաւ՝ շնորհիւ բերնէ բերան քարոզչութեան, եւ այս տարի երեսուն ճամբարներ պիտի գործեն Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ:
Ճամբարի իւրաքանչիւր շաբաթավերջ երեք գիշեր կը տեւէ եւ թիւերը սահմանափակուած են երկու հա-րիւր անձով: Մասնակցողներուն միջին տարիքը երե-սուն է: Բոլոր ննջասրահները երկսեռ են եւ՝ երկյարկանի մահճակալներով: Մասնակցութեան սակը իւրաքանչիւր անձի 575 տոլար է, ներառեալ՝ ուտելիքը եւ բաց խմիչքը:
ՄՈՌՑԷ՛Ք ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Ուրեմն ինչո՞ւ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»ը այնքան շատ սիրուած է: Ատամ կը մատնանշէ քանի մը պատճառներ.
«Կայ այդ բոլորին կարօտաբաղձութիւնը: Հաճելի չէ՞ր ըլլար ճամբար վերադառնալ ընկերներու հետ, կարենալ խմել եւ ամբողջ գիշերը արթուն մնալ»:
«Միւս գաղափարը այն է, որ բազմաթիւ մարդիկ իրենց մանկութեան տարիներուն բանակումի չեն գացած. այնպէս որ, ատոր մասին հետաքրքրութիւնը կայ, եւ այժմ անոնք կրնան երթալ»: Ատամ կ՚աւելցնէ, որ ճամբարներէն ոչ մէկը «ուայ-ֆայ» ունի, ուրեմն մարդիկ մէկ կողմ պէտք է դնեն իրենց հեռաձայնները, մոռնան տան եւ աշխատանքի մասին եւ պարզապէս զուարճանան, նոր մարդոց հանդիպին: Մասնագէտներ եւ հոգեբաններ համաձայն են Ատամի պնդումներուն «Ոչ հսկիչներու ճամբար»ի աճի, տարածման վերաբերեալ: Անոնք կ՚ըսեն, որ աւելի մեծ թիւով չափահասներ կ՚ընտրեն ամառնային ճամբարները, իբրեւ միջոց մը՝ վայելելու անհոգ մանկութեան ժամանակները:
«Սակայն այս հետաքրքրութեան, եւ չափահասներու ամառնային ճամբարներու յաջողութեան իսկական մղիչ գործօնները, աւելի կապուածութիւնը աշխատանք-կեանք հաւասարակշռութեան պրկումները եւ նստակեաց ապրելակերպն են», կ՚աւելցնեն անոնք:
ՈՐՈՇ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵ՞Ր
«Ոչ հսկիչներու ճամբար»ը, այնուհանդերձ, քննադատուած է այն իրողութեան համար, որ բոլորին համար բաց չէ: Փոխարէնը, ով որ կը փափաքի մասնակցիլ, պէտք է արձանագրուի, որ կը ներառէ պատասխանել իր անձին մասին հարցումներու (հարցաթերթիկի ձեւով), եւ մանրամասնութիւններ տալու իր ունեցած ընկերային ցանցերու հաշիւներուն մասին: Ընկերութիւնը ապա «յատուկ կ՚ընտրէ» կամ «կը զտէ, կը համադրէ» երկու հարիւր անձեր, որոնք կրնան մասնակցիլ իւրաքանչիւր ճամբարի:
Քննադատ մը ասիկա անուանեց՝ «Քիչ մը կաղացող ընկերային մեքենայականութիւն»: Սակայն ճամբարը պաշտպանեց իր մօտեցումը:
Տէյվ Քուշնըր՝ «Ոչ հսկիչներու ճամբար»ի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատուն ըսաւ. «Սահմանափակ տեղերու պատճառով մենք կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, որ ճամբար գալիք երկու հարիւր անձերը ամենէն շատ փափաքողներն են: Մենք կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, որ այս ճամբարի մասնակիցները զիրար պիտի յարգեն եւ ատելութիւն կամ վտանգաւոր վերաբերմունք պիտի չդրսեւորեն: Մենք շատ հպարտ ենք այն փաստով, որ ճամբարին մէջ ոչ ոք կռուած է, նոյնիսկ՝ այն մարդիկը, որոնք տրամադրելի բաց խմիչքի հաւաքներուն կը մասնակցին»:
Ատամ ապագային համար կը ծրագրէ յաւելեալ ընդարձակում՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
Ան կ՚ըսէ. «Ես կը սիրեմ մարդիկը երջանկացնել եւ չափահասներուն կարելիութիւն ընձեռել՝ մոռնալու ճնշուածութիւնը, պրկումները մեծահասակներու կեանքին մէջ, միաժամանակ ստեղծելով նոր, յարատեւ բարեկամութիւններ»:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան