ՓՐՈԹՈՔՈԼ
Սա փրոթոքոլ ըսուածը վերին մակարդակի եւ բարձրագոյն աստիճանի ստախօսութիւն է, որ կը պատկանի նախագահներու, վարչապետներու խաւին, վերջապէս պետական մակարդակի անձնաւորութիւններու, որոնք կը ձեռնուին հրապարակաւ, ի հարկէ, բռնազբօսիկ կամ արուեստական ժպիտով, ի բաց առեալ կարգ մը «փոքըրֆէյս»երու, որոնց առաջնութիւնը կ՚երթայ ՌԴ-ի Փութինին...
(Ի միջի այլոց, առիթով մը ձեռնուեցայ երկրաչափի մը հետ... ձախ ձեռքով, ան զարմանալով ըսաւ. «ինչո՞ւ ձախով», ըսի՝ «իմ սիրտս ձախ կողմն է»..., ապա՝ քիչ մըն ալ զինք գրգռելու համար՝ աւելցուցի. «Ես ձախակողմեան եմ, իսկ ինչո՞ւ աջով..», մնացի անպատասխան. ուստի, ըսի. «Քանի որ աջն է մեր ամենէն գործնական ձեռքը... անո՛վ սուր կը բռնենք... ուրեմն երբ աջով կը ձեռնուինք, այսինքն ըսել կ՚ուզենք.. ՍՈՒՐԸ ԻՐ ՊԱՏԵԱՆՆ Է... ձեռքս՝ ԱԶԱՏ Է ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ...):
Գալով, խնդրին ո՛չ միայն «վերին» մակարդակի պաշտօնով ծանրաբերնուածներուն, այլ՝ առանց փրոթոքոլ բառը գործածելու, ընդհանուր երեւոյթ է մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ, որուն սակայն «քաղաքավարութիւն» անունը կու տան, ինչ որ սուտին ա՛յլ մէկ հոմանիշը դարձած է եւ սուտը ընկերութեան թթուածինն է դարձեր, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս կը խօսակցին իրարմէ լսել ուզելով ո՛չ թէ իրականութիւնը, ինչ որ վիրաւորական կրնայ ըլլալ, այլ այն՝ ինչ որ կը կարծեն, թէ դիմացինը լսել կ՚ուզէ...:
Պարզ քննութիւն մը, կը փաստէ այս իրականութիւնը:
Գէթ ինծի հետ շա՜տ պատահած է. գուցէ անոնց ազդեցութի՞ւնն է սոյն գրութիւնը... երբ անձ մը զիս Սարգիս Արմէն կը կոչէ, իսկ իր բանաստեղծներու թուած շարքէն՝ կը զլանայ...
Ըսի.- կը ներես, իրաւունք չունիս զիս Սարգիս Արմէն կոչելու.... (ինծի ի՞նչ փոյթ... «ինչ որ եմ, Տիրոջմէ եմ»... ես ստեղծուած մըն եմ. այսքան):
Մարդիկ կարծես իրականութենէ կը խրտչին... ի միջի այլոց իմ դպրոցական (Յով-Ման) վիճակացոյցիս մէջ գրուած է «կոշտ եւ կռուազան»: Համաձայն եմ... (Երանի՜ ազգովին ըլլայինք կռուազան) մանաւանդ՝ երբ կը նախընտրեմ չոր ճշմարտութիւնը խոնաւ սուտէն: Այս՝ մէկ օրինակ. Կարելի է բազմապատկել ի հարկէ. բայց ոչինչ. տեղը չէ: Ի միջի այլոց, ինծի տրուած մակդիրէն ամենէն աւելի սիրած եմ «ԸՄԲՈՍՏ»ը: Կ՚ուզէին, որ Հայկազեան համալսարանի մէջ կայացած Ե. ՉԱՐԵՆՑԻ նուիրուած երեկոյի՞ն ալ լռեմ. Լռողները շա՜տ էին ամենայն դէպս, թիւը չեմ գիտեր, բայց... ներկանե՛րը ամէնը: Թէկուզ անոնք, երկու Տքթ. Փրոֆէսէօրներ (նկատի չունիմ բեմի լիբանանցիները) խօսեցան Չարենցի եղերական մահուան մասին, պարզապէս իրենց մաղձը թափելու համայնավար վարչակարգին դէմ, երբ նո՛յն այդ վարչակարգին պատճառաւ տիտղոսաւորուած էին... իբրեւ Տքթ. Փրոֆէսէօր... փոխանակ խօսելու Չարենց բանաստեղծական նորարարութեան, խորութեան եւ այլ բազմաթիւ յատկանիշներուն:
Հաւանաբար ա՛յդ էր իրենց եւ այլ ներկաներուն «փրոթոքոլ»ը: Իսկ իմ շահս, տեսած ու ապրած ճշմարտութիւնները յայտնելու մէջ է, զիս չեն խանդավառեր կեղծ շոյանքները: Ոչ ալ կրնամ լռել անճշդութիւններու հանդէպ: Ինչ որ եմ ան եմ. Եթէ լռեմ երբ պէտք է խօսիմ, ինքզինքս կը դաւեմ: Այդ մէկը անընդունելի է:
Իսկ... եթէ հարկը ստիպէ, (ինչ որ երբեմն կը պատահի, վերջապէս ամենակարող անձ չկայ) «Ոհ, ա՛յդ է սոսկ ցաւն ինձ համար»:
Այդ պարագային... ըմբոստութիւնս իմ մէջս պիտի ըմբոստանայ, խոցելով, բայց նաեւ՝ չընկրկելով:
Սպասելով ա՛յլ առիթի:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»