Լռած Ռատիօն
Ժընեւի մեծագոյն հրապարակը՝ Փլենփալէն, յայտնի է իր տրապիզաձեւ հարթ եւ պարզ կառոյցով, ընդհանրապէս հոն կը հաստատուին այցելու կրկէսներ կամ լուսնապարտէզներ: Վերջերս խոշոր պաստառներ զետեղուած էին եւրոպական ֆութպոլի աւարտական խաղերը դիտող մարզասէրներուն համար:
Հրապարակին շուրջ ծառապատուած լայն մայթերուն իւրաքանչիւր թիզը թուագրուած է քաղաքապետութեան կողմէ, կը յատկացուի բաց շուկայի, շաբաթական դրութեամբ, որոշ օրեր բանջարեղէնի եւ գիւղական արտադրութիւններու, այլ օրեր ճաշ վաճառող կառքերու կողքին, քանի մը սեղանի վրայ ըմպելիներ ալ կը մատուցուին, նշանաւորը ձմրան տաք գինին է եւ հալած պանիրը, զոր կը ճաշակեն խաշած մանր գետնախնձորներով:
Այս բոլորէն անդին ինծի համար հաճելի է ճեմել այդ հրապարակին մէջ՝ հնավաճառներու յատկացուած չորեքշաբթիներուն:
Առաջին հերթին, պահ մը ինքզինքս կը կարծեմ Հալէպի Կիրակի պազարի մթնոլորտին մէջ, սակայն՝ քաղաքակրթուած վաճառողներով, որոնց ձայնը չի լսուիր, եւ որոնց հետ խօսելու համար հերթի պէտք է կանգնիս: Ընդհանրապէս անոնց ցուցադրուած իրերը գործածուած են. իւրաքանչիւր խանութպանի ետին կանգնած է իր փոխադրակառքը, որ կը ծառայէ նաեւ որպէս պահեստանոց:
Ուշագրաւ է այս շուկայի մասնագիտական բաժանումը՝ հագուստեղէնի, կահոյքի, ձայնապնակներու, գիրքերու, մետաղեայ գործիքներու, պնակեղէնի, յախճապակիի, տնային ելեկտրական սարքերու, այլ տեղ մը՝ զարդեղէններու, հին դրամներու, դրոշմաթուղթերու, տպարանային կապարէ տառերու, նկարի ալպոմներու եւ արխիւներու:
Արեւելք բուրող այս շուկան էութիւնս կը ցնցէ, երբ կը հանդիպիմ իրերու, որոնք թողած եմ անկրկնելի Հալէպի մէջ:
Վերջին այցելութեանս, սովորականին նման, քաշած մէկ լուսանկարս մտապատկերիս մէջ ցոլացաւ եւ ուղեղիս խորքէն պեղեց անհատնում յիշատակներ:
Քսաներորդ դարու առաջին կիսուն մամուլի կողքին, լուրերու ունկնդրութեան միակ միջոցը ձայնասփիւռն էր, որ նորահարսի ու փեսայի նման կը բազմէր տուներու սալոններուն մէջ, այլ դասակարգ մը սրճարաններու եւ ակումբներու սրահներուն մէջ միայն վայելելու առիթ կ՚ունենար իտալացի գիտնական Մարքոնիի 1874 թուականի հնարքը, որուն համար ան Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ 1909-ին:
Հնավաճառի սեղանին վրայ հանգչած ռատիոն դիտեցի մանուկի մը երջանկութեամբ՝ մանկական յիշատակներուս եւ օրուան քաղաքական դէպքերու միջեւ զուգահեռ մը գծելով:
Սուրիոյ մէջ վաթսունական թուականներուն իրերայաջորդ զինուորական յեղաշրջումներու ազդանշանը հանրածանօթ ալլահ ու աքպար քայլերգն էր, որ այսպէս կը սկսէր՝ «Ալլահ ու աքպար ֆօուքա քէյտ էլ մուութատի». անոր կը յաջորդէր հաղորդագրութիւն թիւ 1-ը: Քանի մը օրերու ընթացքին երկիրը կը վերադառնար իր բնականոն վիճակին՝ առանց արիւնահեղութեան եւ անտեղի ձերբակալութիւններու:
Փոքրերուս համար մեծագոյն հաճոյքն էր կիրակիները ունկնդրել Կիպրոսի հայկական ռատիօժամի սփռումներուն, «Հոս Կիպրոսի ռատիօկայանի հայկական ժամն է», խօսնակին հանրածանօթ բացման նշանով: Աւելի ուշ ծանօթացայ այդ ձայնին՝ յանձինս մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին:
Երկաթեայ վարագոյրի տարիներն էին, հայրենիք այցելելը մենաշնորհ էր, սահման չունէին սակայն «Երեւանն է խօսում» սփիւռքահայութեան ուղղուած սփռումները, խորհրդային կարգերու գովեստը հիւսող յայտագիրներու կողքին, մենք կը ծանօթանայինք հայ երգի տիտաններուն՝ Արմենակ Շահմուրատեանին, Շարա Տալեանին, Գոհար Գասպարեանին, Տաթեւիկ Սազանդարեանին եւ Յովհաննէս Պատալեանին:
Տուն վերադարձիս, երբ ընկղմած էի այս մտածումներուն մէջ, Դիմատետրի վրայ ուրախութեամբ դիտեցի սուրիական առաջին հայկական ռատիօժամի՝ «Ռատիօ Երազ»ի հիմնադրութեան շքեղ եւ հոգեպարար հանդիսութիւնը, յիշեցի նաեւ միջոց մը կարճ կեանք ունեցող սուրիական ռատիօկայանի հայերէն սփռումները, զորս կը վարէր դամասկահայ Իմաստուհի Փայամճեանը:
Մանուկ հասակիս երեկոյ մը հօրս հետ այցելած էի «Արեւելք» օրաթերթի տպարանը, խմբագրատան խուց-սենեակին մէջ ռատիոյին դիմաց նստած էր Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ վաղամեռիկ ընկերոջս՝ Վիգէնին հայրը, Ներսէս Պարսումեանը, մարդուժ մը, բառին բովանդակ իմաստով, որ այդ օրերուն, երբ հալէպահայ գաղութը հարիւր հազար հայորդի կը համրէր, առաջնորդարանի բոլոր գործերը առանձինը վարելէ ետք, իրիկունն ալ կը խմբագրէր թերթին քաղաքական եւ միջազգային լուրերը՝ արաբերէնէ ունկնդրելով եւ տեղւոյն վրայ հայերէնով գրի առնելով: Թէ ինչպէս ժամանակ գտած էր պատրաստելու Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարքը, այդ ալ՝ ուրիշ հարցում մը, որուն պատասխանը կրնայ լուսարձակի տակ առնել այսպիսի անյայտ եւ մոռցուած նուիրեալներու կեանքը:
Կաշեպատ պայուսակաձեւ թրանզիսթըր ռատիօները եկան յեղաշրջելու յեղաշրջում սփռող խոշոր տախտակէ սնտուկներու մէջ տեղադրուած կազմածները, որոնք թանգարանային իրերու վերածուեցան՝ այլազան վաճառանիշներով զանազան ձեւերով եւ իրենց իւրայատուկ «ռնգային» ձայնով:
Այժմ Հալէպի տունիս մէջ յատուկ սեղանի մը վրայ զետեղուած է հօրենական գոյքերէս՝ «Ֆիլիփս» վաճառանիշով ռատիօն եւ գրամեքենան, կողքին՝ մեծհօրս ֆոնոկրաֆը ու մեծմօրս «Սինկըր» կարի մեքենան, քառամեայ բացակայութեանս ընթացքին անոնք փոշիներու տակ կը սպասեն խաղաղ օրերուն ու միշտ կը մնան գեղեցիկ յուշեր, երբ իրենց նմաններուն հանդիպիմ այլ վայրերու մէջ:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւ