ՓԱՌԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Չէ՛, սգա­հան­դէս մը չէ այ­սօ­րուա­նը։ Ողբ ու կոծ, լաց ու ար­ցունք տեղ չու­նին հոս։ Տխրու­թիւ­նը հա­մա­կած է, ան­շուշտ մեր բո­լոր էու­թիւ­նը, բայց ա­յո տխրու­թիւ­նը մե­ծա­վա­յե­լուչ, պատ­կա­ռազ­դե­ցիկ, հպարտ տխրու­թիւն մըն է եւ ո՛չ թէ գլխի­կոր տխրու­թիւն մը։

Բո­լոր ա­նոնք ո­րոնց հա­մար սար­քուած է այ­սօ­րուան հան­դէ­սը։ Զօհ­րապ­ներ, Ակ­նու­նի­ներ, Խա­ժակ­ներ, Զար­դա­րեան­ներ, Սե­ւակ­ներ, Քէ­լէ­կեան­ներ, Կիւր­ճեան­ներ, Մու­րատ­ներ, Հրաչ­ներ, Մի­նա­սեան­ներ, Շահ­պազ­ներ, Եար­ճա­նեան­ներ, Սա­յա­պա­լեան­ներ, Շահ­րի­կեան­ներ, Բիւ­րատ­ներ, Տա­ղա­ւա­րեան­ներ, Ճան­կիւ­լեան­ներ, Վա­րու­ժան­ներ եւ ու­րիշ հա­րիւ­րա­ւոր­ներ, ե­թէ կա­րե­նա­յին այս հան­դի­սա­ւոր վայր­կեա­նին խօ­սիլ մե­զի հետ, պի­տի ը­սէին ա­պա­հո­վա­բար.

-Մենք չենք ու­զեր սգա­հան­դէս, մենք չենք ու­զեր ար­ցունք ու լաց, մենք յօ­ժա­րա­կամ մե­ռանք, որ­պէս­զի Հա­յը դադ­րեց­նէ իր դա­րա­ւոր սուգն ու ար­ցուն­քը եւ մենք հա­սանք մեր նպա­տա­կին, մենք նա­հա­տակ­ներ չենք՝ այլ յաղ­թա­կան­ներ։ Յար­գե­ցէ՛ք մե­զի, բայց մի՛ լաք մեր վրայ։

Եւ ի­րենց հետ նոյ­նը պի­տի կրկնէին այն հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր Հա­յե­րը, ո­րոնք մեծ Ե­ղեռ­նին ա­նի­ծա­պարտ ձեռ­քե­րո­վը փռուե­ցան Սու­րիոյ եւ Մի­ջա­գետ­քի ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ։

Այս­պէս ու­րեմն, գլուխ­նիս բարձր բռնած եր­թա՛նք այ­սօ­րուան հան­դէ­սին ու ա­սով ա­ւե­լի ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով պան­ծա­ցու­ցած կ՚ըլ­լանք ա­նոնց յի­շա­տա­կը։

Ամ­բողջ Հայ ընտ­րե­լա­գոյն մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բնաջն­ջու­մը, հան­ճար­նե­րու, տա­ղանդ­նե­րու, բարձր ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն­նե­րու ջարդ ու փշուր կո­տո­րու­մը ա­րիւնկ­զակ վայ­րա­գու­թեան մը կող­մէ՝ ան­շուշտ ա­հա­ւոր ու ան­լուր բան մըն է, ո­րուն վեր­յի­շու­մը, չորս տա­րի վեր­ջը, տա­կա­ւին կա­տա­ղու­թեամբ ու ա­տե­լու­թեամբ կը սարս­ռաց­նէ մեզ, ինչ­պէս պի­տի սարս­ռաց­նէ աս­կէց չորս հա­րիւր տա­րի վերջն ալ ա­պա­գայ Հա­յու­թիւ­նը, երբ ոճ­րա­գործ­նե­րու սե­րուն­դը ջնջուած պի­տի ըլ­լայ ար­դէն աշ­խար­հի ե­րե­սէն, ինչ­պէս ջնջուած են ի­րենց ա­րիւ­նար­բու վայ­րա­գու­թեան մէջ յա­մա­ռող այն­քա՜ն ազ­գեր։

Բայց Հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան այս սար­սա­փե­լի կո­րուս­տը ան­դար­մա­նե­լի չէ։ Վա­ղը, Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ, պի­տի ու­նե­նանք նոր Զօհ­րապ­ներ, Ակ­նու­նի­ներ, Վա­րու­ժան­ներ, Սիա­ման­թօ­ներ, Տա­ղա­ւա­րեան­ներ, ե­ւայլն. վստահ ըլ­լանք ա­սոր։ Ան­հատ­նե­րը գա­ցին, բայց ցե­ղը կը մնայ։ Լա­ւա­գոյն պտուղ­նե­րը բրցու­ցին, բայց ծա­ռը հո՛ն է դեռ կեն­սու­նակ, որ ա՛լ ա­ւե­լի պի­տի ուռ­ճա­նայ Ա­զա­տու­թեան պա­րարտ հո­ղին վրայ։

Չէ՛, սգա­հան­դէս մը չէ այս օ­րուա­նը, այլ փա­ռա­ւոր­ման հան­դէս մը, փա­ռա­ւո­րում զո­հուած Հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս փա­ռա­ւո­րում բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ փա­ռա­ւո­րում Հայ ան­նուաճ ցե­ղին։

Ե­ՐՈ­ՒԱՆԴ Օ­ՏԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015