ՀՐԱԺԵՇՏ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րու­թիւնն ու վար­չու­թիւ­նը այ­սու գրիւ կու գան մեր սի­րե­ցեալ ըն­թեր­ցող­նե­րուն, մե­րազն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն, հա­յաշ­խար­հի մեր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ ամ­բողջ հան­րու­թեան տե­ղե­կաց­նել, թէ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ թեր­թիս անձ­նա­կազ­մէն պաշ­տօ­նա­պէս դուրս ե­կած է Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, որ կ­­՚աշ­խա­տէր որ­պէս խմբա­գիր։

Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած է գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել կրթա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ եւ հան­դէս կու գայ զա­նա­զան հար­թակ­նե­րու վրայ։ Այս բո­լո­րը պատ­ճառ դար­ձած են, որ իր ար­տադ­րա­կան թա­փը դան­դա­ղի եւ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուին աշ­խա­տան­քի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Ուս­տի ներ­կայ պայ­ման­նե­րով ա­կա­մայ ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած է ճամ­բա­բա­ժան մը։ Պաշ­տօ­նա­կան ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը կա­տա­րուած են փո­խա­դարձ լիա­կա­տար ըմբռ­նու­մով։

Մաս­նա­գի­տու­թեամբ բա­նա­սէր՝ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է՝ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ծրա­գիր­նե­րը «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-100» մա­տե­նա­շա­րին շրջագ­ծով, որ ծնունդ ա­ռած է իր ջան­քե­րով եւ հա­յեացք­նե­րով, ող­ջու­նե­լի պտուղ­նե­րով։ Ի­րա­րու հետ մեր ան­ցած ար­դիւ­նա­ւէտ ճա­նա­պարհն ու նա­խան­ձախնդ­րօ­րէն մեր մի­ջեւ խնա­յուած մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ մե­զ զերծ կը պա­հեն ըն­թացք չտա­լէ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած ա­ռա­ջարկ­նե­րուն։ Լիա­յոյս ենք, որ այս գետ­նին վրայ կը շա­րու­նա­կուին մեր կա­յուն ձեռք­բե­րում­նե­րը։

Ուս­տի, հրա­ժեշ­տի այս հանգ­րուա­նին մեր ան­կեղծ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք՝ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի կող­մէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի վե­րել­քին ի խնդիր ներդ­րուած վաս­տա­կին ու ե­ռան­դին հա­մար։ Իր ա­պա­գայ բո­լոր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու հա­մար ի սրտէ կը մաղ­թենք կա­տա­րեալ յա­ջո­ղու­թիւ­ն։

ԺԱՄԱՆԱԿ

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016