Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԹՈՒԱԿԱՆԸ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՃՇԴՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսական «Carrefour» հանրախանութներու ցանցը ի վերջոյ կը հաստատէ իր մասնաճիւղը Հայաստանի մէջ։ Հանրային կարծիքը երկար ժամանակ զբաղեցուցած խնդիր մը եղած է այս մէկը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ներկայիս ի վերջոյ յայտնի դարձած է, թէ «Carrefour»ի Հայաստանի մասնաճիւղին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի 11 Մարտ 2015 թուականին։ Հայաստանի «Carrefour»ը պիտի գործէ «Երեւան Մոլ» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս։
Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015