ԱՆՀՐԱԺԱՐԵԼԻ ԿԱՊԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի հետ։ Ֆիտանի՝ դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս մէկտեղուեցան երկու նախարարները, որոնք տուին դրական պատգամներ։ Կողմերը համոզուած են, թէ բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը Թուրքիա-Անգլիա յարաբերութիւններուն միշտ նպաստ կը բերեն։ «Թուրքիա եւ Անգլիա վաղեմի ռազմավարական յարաբերութիւններ ունին։ Մեր նպատակն է շարունակական ամրապնդում ապահովել մեր երկիրներու համագործակցութեան համար», ըսաւ Հաքան Ֆիտան եւ աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ոլորտներն ու ամուր յարաբերութիւնները, հզօր առեւտրական կապերը կ՚ուրուագծեն լայն հորիզոն մը։
Երէկուան հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Անգարայի եւ Լոնտոնի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնութեան այժմէականացումը։ Տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի խնդիրներն ալ արծարծուեցան Ֆիտանի եւ Լեմիի միջեւ։ Թրքական կողմը շնորհակալութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ «Սա մեզի համար մեծ իմաստ ունի», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
Իր կարգին, Տէյվիտ Լեմին ալ գոհանակութիւն յայտնեց Հաքան Ֆիտանը Լոնտոնի մէջ հիւրընկալելու բերումով։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա եւ Անգլիա անհրաժարելի կապեր ունին։ «Անգլիան եւ Թուրքիան Եւրոպայի երկու ծայրամասերուն ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ են», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ կողմերը բազմաթիւ հարցերու շուրջ ունին համանման մօտեցումներ։ Լեմի ընդգծեց, որ Անգլիա Թուրքիոյ հետ զօրակցութեան մէջ է՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին յարձակման կապակցութեամբ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Լոնտոնի տեսակցութեան ընթացքին նախարարները մասնաւորապէս կանգ առին Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմի եւ Սուտանի վերաբերեալ հասարակաց մտահոգութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն վրայ։
Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ ընդգծուեցաւ նաեւ առեւտրական յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութիւնը։ Նախարարները յիշեցուցին, որ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը 26 միլիառ սթերլինի մակարդակին հասած է։ «Սա իսկապէս անհաւատալի է եւ այս պատճառով ձեզ այսօր այստեղ հիւրընկալելը սքանչելի է», ըսաւ Տէյվիտ Լեմի։