ԵՐԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ԺԱՄԱՆԱԿ կը թեւակոխէ իր 117-րդ տարեդարձը:

117 տարուան նաւարկութեան մասին գրելը, ըսելը, խօսիլը, գնահատելը, մեղադրելը, այպանելը, քննադատելը դիւրին են, բայց, դիւրին չէ պահ մը սթափիլ եւ ուշադրութեամբ ըսել ու գրել 117 թիւը…

Թիւ մը՝ 117, որու մէջ կան այնքա՜ն դժուար, ահաւոր, արեամբ ու քրտինքով շաղախուած արցունքի կայլակներ, որոնց շնորհիւ ԺԱՄԱՆԱԿ այսօր կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը:

Բազմաթիւ մարտահրաւէրներով լի է այս նոր հանգրուանը. մարտահրաւէրներ, որոնց դիմաց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ներկայի նաւապետը՝ տիար Արա Գօչունեան կարելին կ՚ընէ արժանապատիւ կերպով դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, ի խնդիր թերթի գոյատեւումին եւ առաքելութեան յարատեւումին:

Այսօր ո՛չ մարտահրաւէրներուն մասին պիտի անդրադառնամ, ո՛չ խնդիրներու մասին պիտի բարձրաձայնեմ, ո՛չ ալ լուծումներ եւ առաջարկներ պիտի ներկայացնեմ, որովհետեւ աւելի քան համոզուած եմ, թէ անոնք, որոնք ԺԱՄԱՆԱԿ-ով մտահոգ են, գիտեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վէրքերը, գիտեն զանոնք դարմանելու կերպերը՝ կայուն եւ խաղաղ պահելու համար անոր նաւավարութիւնը:

117-ամեակի այս հանգրուանին սիրտի պարտք կը զգամ խոնարհելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցեալի եւ ներկայի հերոսներուն առջեւ, որոնք անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն՝ հաւատացած են իրենց առաքելութեան, կը շարունակեն հաւատալ եւ առաքելութեան դրօշը բարձր պահած՝ կը շարունակեն ճեղքել իրենց ընթացքին հանդիպած ամեհի ալիքները:

Թող միշտ վառ ու բարձր մնայ ԺԱՄԱՆԱԿի դրօշը:

Դէպի նոր ամեակներ՝ հաստատակամ երթով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2024