ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՏՈՒԱԾԸ ՊԻՏԻ ՈՐՈՇՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու պարագային հաւանական կը դառնայ փոխադարձաբար միջազգային հայցերու չներկայացումը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Երէկ երեկոյեան սփռուած հարցազրոյցի ընթացքին ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովները փոխադարձաբար առաջարկներ ներկայացուցած են, թէ սահմանագծումը յառաջիկային ո՛ր հատուածէն ներս պիտի շարունակուի։
«Սահմանագծման յանձնաժողովները փոխադարձաբար առաջարկներ ներկայացուցած են, թէ ո՞ր հատուածներէն ներս պէտք է շարունակուի սահմանազատումը։ Հայաստան ներկայացուած է իր մօտեցումը, իսկ Ատրպէյճան՝ իրենը։ Յաջորդ հանդիպման ժամանակ պիտի որոշուի, թէ ո՞ր հատուածէն ներս սահմանազատումը կը շարունակենք», ըսաւ ան։
Վարչապետը աւելցուց, որ իր ենթադրութեամբ՝ գոնէ ըմբռնումը այն է, որ COP29 գագաթաժողովի ամփոփումէ յետոյ այս գործըթացը պիտի շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։