ՄԵՂԵԴԻՆԵՐՈՒ ՀՐԱՇՔԸ

Յոբելեաններու, ոգեկոչումներու կամ մեծարանքներու նպատակով կազմակերպուած հանդիսութիւնները ընկերային, հասարակական կեանքի անբաժանելի մասը կը համարուին։ Յամենայնդէպս, յոբելեարին, ոգեկոչեալին կամ մեծարեալին մակարդակը, թողած աւանդը կամ գործունէութեան արգասիքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն այդ հանդիսութիւններուն մթնոլորտը։ Հայ երաժշտութեան անմոռանալի եւ անկրկնելի հանճարներէն Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած փառաշուք յոբելենական երեկոյթն ալ այս առումով անակնկալ մը չմատուցեց։ Արդարեւ, մեղեդիներու հրաշքի մը ականատես եղան բոլոր անոնք, որոնք մասնակցեցան Հարպիյէի «Ճեմալ Ռէշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ կազմակերպուած համերգին, որ բացառիկ յաջողութեամբ պսակ-ւեցաւ թէ՛ կատարումներու մակարդակով ու որակով եւ թէ երաժշտասէրներուն պարգեւած բարձր տրամադրութեամբ։

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական  ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Լեփլեցուն դահլիճին մէջ տեղի ունեցած այս երեկոյթը եկաւ ապացուցանել, որ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը կը շարունակէ մշակութային նախաձեռնութիւններով ի յայտ բերել նոր տեսլական մը, որով հասարակաց արժէքներու հիման վրայ կը բիւրեղանան բարի ցանկութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանի այս առաջին ձեռնարկը բնորոշուեցաւ արտակարգ ոգեւորութեամբ, որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։ Նաիրի Պետրոսեան, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր կը պաշտօնավարէ քաղաքիս մէջ, արդէն այս ձեռնարկով ապացուցանեց, թէ որքան ազդու գործունէութիւն կը ծաւալէ բոլոր հարթութիւններու վրայ՝ իր առաքելութեան շրջանակներէն ներս։

CRR-ի բեմին վրայ երաժշտասէրները բառին բուն իմաստով հմայեցին երեք տաղանդաշատ արուեստագէտներ, որոնք Երեւանէն յատուկ այս առթիւ փութացած էին։ Համերգի հերոսներն էին՝ ջութակահարուհի Անուշ Նիկողոսեան, դաշնակահարուհի Սօնա Բարսեղեան եւ թաւջութակահար Միքայէլ Նաւասարդեան, որոնք խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլոր ունկնդիրներուն վրայ։

Նաիրի Պետրոսեան-Զոյա Ստեփանեան ամոլը երէկուան ձեռնարկին բազմահարիւր հանդիսատեսներ հիւրընկալեցին։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Այշէ Ուզէր, ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Իսթանպուլի մօտ պաշտօնավարող դիւանագէտներ, դիւանակալներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն յայտնի դէմքեր, փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ, կրթական մշակներ եւ ընկերամշակութային բնագաւառէ ներս գործունէութեան հետամուտ զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, նաեւ բազմաթիւ հիւրեր արդէն բերնէ բերան լեցուցած էին CRR-ի ընդարձակ դահլիճը, ուր կը տիրէր տօնական մթնոլորտ։

Երեկոյթի սկիզբին Նաիրի Պետրոսեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու աւարտին յուշա-նըւէրներ յանձնեց շարք մը դէմքերու։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչին ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան Այշէ Ուզէր, Լազար Քոմանեսքու, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ կը համակարգէր երեկոյթի կարգադիր յանձնախումբին աշխատանքը։

Այս բացման փուլէն վերջ սկսաւ յայտագիրը, որու առաջին քայլափոխին հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ գծաֆիլմ մը՝ Արամ Խաչատուրեանի հիմնական ուղեւորութիւններուն մասին։ Այս մէկը արտադրուած էր Երեւանի համանուն տուն-թանգարանին կողմէ։ Աւելի վերջ սկսան երաժշտական կատարումները, որոնք երազային պահեր պարգեւեցին բոլոր հանդիսատեսներուն։ Անուշ Նիկողոսեան, Սօնա Բարսեղեան եւ Միքայէլ Նաւասարդեան ճոխ երգացանկով մը Պոլիս եկած էին եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Բացի Արամ Խաչատուրեանէն, յայտագրին մաս կազմեցին Կոմիտասի, Բաբաջանեանի եւ Յարութիւնեանի նման հայ անուանի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։

Ձեռնարկի աւարտին սրահը որոտընդոստ ծափահարութիւններով թնդաց, մինչ բոլորը իրենց բարձր գնահատանքն ու խոր համակրանքը արտայայտեցին Երեւանէն փութացած երիտասարդ արուեստագէտներուն նկատմամբ։

CRR-ի համալիրէն ներս, համերգասրահի ներկաները արձակուելէ վերջ հիւրասիրուեցան նաեւ ընդունելութիւնով մը։ Բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Նաիրի Պետրոսեան-Զոյա Ստեփանեան ամոլը, որու նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնն ու գնահատանքը արտայայտեցին։ Համակրական արտայայտութիւններու տարափ մը ապրուեցաւ, երբ Անուշ Նիկողոսեան, Սօնա Բարսեղեան եւ Միքայէլ Նաւասարդեան քուլիսէն դուրս գալով միացան հիւրերուն։ Երեք արուեստագէտները բոլորին կողմէ շատ ջերմ վերաբերմունքի արժանացան, անմիջական զրոյց տեղի ունեցաւ հիւրերուն եւ անոնց միջեւ։

Հարկ է նշել, որ այս ընդունելութեան ընթացքին հիւրերուն մատուցուեցան Երեւանի քոնեաքի գործարանի եւ «Կարաս» գինիներու գործարանի արտադրանքէն նմոյշներ։

Երեւանէն եկած երեք արուեստագէտները այսօր իսկ կը վերադառնան։

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024