Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ Է՝ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ»
Անգարա կը շարունակէ խրախուսական արտայայտութիւններով հանդէս գալ Հարաւային Կովկասի ապագային համար։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը մօտ է՝ աւելի քան երբեք։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան չմսխեն այս պատմական հնարաւորութիւնը։
«Մենք կ՚ողջունենք խաղաղութեան եւ կայունութեան ի նպաստ Հայաստանի ընտրութիւնը։ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ ո՛չ միայն մարդասիրական հարցերը կը լուծուին, այլեւ պայմաններ կը ստեղծուին առեւտուրի, համագործակցութեան եւ զարգացման համար», ըսաւ նախարար Հաքան Ֆիտան։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024