Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱՆԳԼԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հալէյը։ Հիւր նախարարը այցելեց TUSAŞ-ի կեդրոնը, որ անցեալ սեպտեմբերի 23-ին ահաբեկչական յարձակման թիրախ դարձած էր։
Երկու նախարարները բանակցութիւններու ընթացքին կանգ առին ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան ընթացքին վրայ։
Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր ռազմարդիւնաբերութեան բաժանմունքի ղեկավար Հալուք Կէօրկիւն եւս անգլիացի նախարարին հետ տեսակցեցաւ՝ ծանօթացնելով Թուրքիոյ կողմէ արտադրուած՝ մանաւանդ ռազմաօդային բնոյթի սարքաւորումները։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024