ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՄԸՆԿՆԻՐ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ

Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի «The New York Times»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Մոսկուան ու Թեհրանը դաշնակից չեն Հարաւային Կովկասէ ներս, որովհետեւ տարբեր շահեր ունին։ «Մենք որոշ տարաձայնութիւններ ունինք եւ որոշ համընդհանուր շահեր։ Սա չի նշանակեր, որ մենք դաշնակից ենք», ըսաւ ան։

Դեսպանը հարցազրոյցին մէջ բացատրեց, որ Հարաւային Կովկասը լի է հակամարտութիւններով, իսկ Իրանն ու Ռուսաստանը տարբեր տեսակէտներ ունին առեւտրային ճանապարհներու եւ ազդեցութեան բաժանման հարցին մէջ։ Այս հանգամանքը, ըստ «The New York Times»ին՝ անսովոր երկընտրանքի մը դէմ յանդիման կը թողու Արեւմուտքը։

Ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցը այս առթիւ մատնանշած է, որ Հարաւային Կովկասի ապագայի պարագային լարուածութեան վերջին ալիքը Հայաստանի Սիւնիքի մարզին շուրջ կը պտտուի։ Ներկայիս այդ ճանապարհը առանցքային նշանակութիւն ունի Իրանի ապրանքները Պարսից ծոցէն դէպի Ռուսաստան եւ Եւրոպա հասցնելու համար։ «Այստեղ է, որ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ուզեն Արեւելք-արեւմուտք ճանապարհ մը բանալ դէպի Թուրքիա, Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս։ Հայերը կը մտահոգուին, թէ Ատրպէյճան այդ ճանապարհը բռնի ուժով կը բանայ», կը գրէ պարբերականը։

Դեսպան Սոպհանի նշած է, որ իր երկիրը չի կրնար ընդունիլ միջազգային սահմաններու փոփոխութիւն։ Ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցին տուած եզակի հարցազրոյցին մէջ Սոպհանի խուսափած է յստակեցնել, թէ ի՞նչ կ՚ընէ Իրան, եթէ Ատրպէյճան յարձակի։ «Սա տեղի պիտի չունենայ», ըսած է ան։

Այս հարցազրոյցը լայն արձագանգ գտած է հայկական լրահոսին մէջ՝ քանի աննախընթացօրէն բացայայտ կերպով ընդգծուած է, որ Իրանի եւ Ռուսաստանի շահերը չեն համընկնիր Հարաւային Կովկասէ ներս։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024