Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնին կոչուեցաւ Արմինէ Աֆէեան, որ կը յաջորդէ Արման Ջիլաւեանին։ Այս վերջինը կազմակերպութիւնը ղեկավարած էր հիմնադրման հաստատման առաջին տասնամեակին։
Արմինէ Աֆէեան անցեալի մէջ եղած էր «Աւրորա»ի հանրային կապերու պատասխանատուն։ Բաց աստի, որպէս գլխաւոր կառավարիչ՝ աշխատած էր «Wayfair» ընկերութեան մէջ, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ սպառողական ուղղուածութեամբ թեքնոլոժիի բնագաւառէն ներս։
Հարկ է նշել, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ 2025 թուականին նշել իր հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանը։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024