ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԱՐՇԱԼՈՅՍՆԵՐ

«Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս, Արա Կիւլէրի թանգարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին բացուեցաւ նոր ցուցահանդէս մը, որ առաջին իսկ պահէն գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը մագնիսացուցած է։ Թէեւ այս ցուցահանդէսը երկար ամիսներ բաց պիտի մնայ, սակայն, մարդիկ արդէն անհամբեր ձեւով սկսած են փութալ Արա Կիւլէրի թանգարանը։ «Իսթանպուլը կը զարթնու» (İstanbul Uyanıyor) խորագրեալ այս ցուցահանդէսը առիթ մը կ՚ընձեռէ նորովի բացայայտելու մեծանուն եւ անմոռանալի վարպետին թողած վիթխարի լուսանկարչական ժառանգութեան զանազան երեսակները։ Թէեւ Արա Կիւլէրի ոճը, հետքը միշտ զգալի կը դարձնեն, ազդանշան մը կու տան, թէ անոր ոսպնեակին կողմէ որսուած են, սակայն, ատով հանդերձ ցուցահանդէսի այցելուներուն տեսակէտէ հետաքրքրական է տեսնել գործեր, որոնք առաջին անգամ կը ներկայացուին։

1946 թուականին, երբ Արա Կիւլէր 18 տարեկան էր, «İstanbul'da Sabah» խորագրեալ թրքերէն գրութիւն մը գրի առած էր եւ այդ մէկը ներկայ ցուցահանդէսին ներշնչանքի աղբիւրը դարձած է՝ քանի լաւագոյնս կը ցոլացնէ քաղաքի նկատմամբ իր տածած սէրը։ Ցուցադրութիւնը կ՚ընդգրկէ Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած եւ Պէյօղլուի աշխատանոցին մէջ տպուած բազմատասնեակ գործեր։ Գիշերուան լուռ ժամերէն վերջ, դէպի առօրեայի վերակենդանութիւնը՝ Արա Կիւլէր լաւագոյնս պատկերած է Իսթանպուլի զանազան շրջաններու արշալոյսը՝ թէ՛ թաղերու եւ թէ զանազան խաւերէ մարդոց բազմազանութեամբ։

Ի լրումն այս բոլորին, ցուցահանդէսի այցելուները կը տեսնեն Արա Կիւլէրի կողմէ օգտագործուած քանի մը լուսանկարչական մեքենայ, նաեւ մեծանուն վարպետի վերջին ակրանտիզէօրը։

Ցուցահանդէսի բացման օրը բոլոր այցելուները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան Արա Կիւլէրի թանգարանի աշխատակազմին կողմէ՝ Չաղլա Սարաչի գլխաւորութեամբ։ Անձնակազմի անդամները հիւրերու շրջայցի ընթացքին ուղեկցեցան անոնց եւ իրենց բացատրութիւններով թէ՛ համեմեցին մեծ վարպետի գործերուն հետ շփումը եւ թէ նպաստեցին անոնց յաւելեալ ծալքերով բացայայտման։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 4 մայիս 2025 թուականը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2024