Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» շարքի հերթական համերգը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ հանդէս եկան «Կամանս» եւ «Սոլանում» խումբերը։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ համերգաշարի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու։ Երեկոյթին հետեւեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ յոբելեար երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան։ Երիտասարդ երաժշտասէրները խանդավառութեամբ հետեւեցան կատարումներուն՝ մինչ երեկոյթի տեւողութեան կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024