ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՉ
Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան Պէյօղլուի հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին շահեկան ասուլիս մը տեղի ունեցաւ լիբանանահայ յայտնի երաժիշտ Փիթըր Ճամպազեանի հետ։ Արմատներով մարաշցի ընտանիքէն մը սերած է Փիթըր Ճամպազեան, որ ներկայիս կ՚ապրի Պէյրութի մէջ։ Ան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ տուած է համերգներ ու միեւնոյն ժամանակ արժանացած՝ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպանի կոչման։
Կազմակերպիչ միութեան անունով Ալեքս Քալքի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին կարճ տեսահոլովակներ ցուցադրուեցան Փիթըր Ճամպազեանի անցեալի զանազան համերգներէն։
Հետաքրքական էր, որ հաւաքոյթի ընթացքին Փիթըր Ճամպազեան կը խօսէր թրքերէնով։ Սա իր ընտանիքի երէց անդամներէն սորված թրքերէնն էր, որ տեղական բարբառներու հետքեր կը կրէր։ Ճամպազեան յայտնեց մասնաւորապէս վերջին վեց-եօթ տարուան ժամանակաշրջանին աշխարհով մէկ կատարած շրջագայութիւններուն վերաբերեալ խոհերը։ Ան համոզուած է, որ երաժշտութիւնը շատ զօրաւոր ազդակ մըն է։ Իր ուղեւորութիւններուն մէջ արուեստագէտը միշտ շեշտը դրած է աշխարհի խաղաղութեան վրայ եւ այդ ծիրին մաս կազմած է նաեւ հայ-թրքական երկխօսութիւնը։ Տասնութ քաղաքներ շրջագայելէ վերջ Փիթըր Ճամպազեան պատրաստած է խաղաղութեան տեսահոլովակ մը։ Ան ինքզինքը որակեց խաղաղութեան գործիչ մը եւ ըսաւ, թէ շարժումները աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն կը գործեն խօսքին բաղդատմամբ։ Ընդհանրապէս Փիթըր Ճամպազեան հանդէս կու գայ անգլերէն եւ արաբերէն կատարումներով։ Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ ան մասնակցեցաւ Ապրիլի 24-ին առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչումներուն։ Ըստ իրեն, մարդասիրական ներքին զգացումներու ի յայտ բերուիլը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։
Զրոյցի աւարտին Փիթըր Ճամպազեան ընդգծեց, թէ մտադիր է այցելել Մարաշ՝ իր նախնեաց ծննդավայրը տեսնելու եւ մթնոլորտը շնչելու համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024