ԱԼՃԱՆԻ ԵՒ ԱՎՃԸԻ ԵՐԷԿ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԶՐՈՅՑԸ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՑԱՒ
Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին յայտարարուած էր, թէ Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան երէկ հանդիպում մը պիտի ունենար Ազգային կրթութեան նախարար Նապի Ավճըի հետ։ Այս առաւօտ հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցանք Թորոս Ալճանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ այդ տեսակցութիւնը տեղի չէ ունեցած՝ վերջին պահուն յառաջացած հանգամանքներու բերումով։ Արդարեւ, Չանքայայի նախկին նախագահական ապարանքի կառավարութեան փոխանցուելէն վերջ՝ երէկ այնտեղ առաջին անգամ գումարուեցաւ Նախարարաց խորհուրդին նիստը, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ։ Նախարար Նապի Ավճը պիտի չկարենար բացակայիլ այդ ժողովէն, հետեւաբար Թորոս Ալճանի հետ նախատեսուած ժամադրութիւնը ջնջուեցաւ։
Թէեւ Նապի Ավճըի հետ ծրագրուած զրոյցը յայտարարուեցաւ չեղեալ, սակայն, ըստ Թորոս Ալճանի կողմէ մեզի փոխանցուած մանրամասնութիւններուն, այդ տեսակցութեան ժամանակ արծարծուելիք հարցերուն լուծման ճանապարհի վերջին օրերուն արձանագրուեցան կարեւոր զարգացումներ։ VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին մտահոգութեամբ շեշտուած էր, թէ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան քննիչներուն կողմէ վերջերս պատրաստուած տեղեկագիրները կ՚ուրուագծէին շարք մը անհանգստացուցիչ վարկածներու հեռանկարը։ Համայնքային վարժարաններ յաճախող աշակերտներու ծնողներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն պարբերական բնոյթը հաշուի առնելով քննիչները պատրաստած էին տեղեկագիր մը, որու մէջ կը յանգէին նաեւ այն եզրակացութեան, թէ փոքրամասնութեանց վարժարանները պէտք է դասուին տնտեսական ձեռնարկի (İktisadi İşletme) կարգավիճակով։
Թորոս Ալճանի խօսքերով, Վագըֆներու խորհուրդի վերջին ժողովին ընթացքին այս նիւթը դրուեցաւ քննարկման։ Հակառակ անոր, որ օրակարգի վրայ չէր նախատեսուած, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ սոյն խնդիրը յանձնեց ժողովականներու նկատառման։ Նկատի ունենալով, որ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ենթակայ քննիչները պատրաստած էին այդ տեղեկագիրները, խորհուրդը բոլոր երեսակներով հաշուի առաւ նիւթը։ Թէ՛ ընդհանուր տնօրէնը եւ թէ իրաւաբան մասնագէտները արտայայտեցին այն համոզումը, թէ ծնողներու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն պարբերական բնոյթը չի կրնար ստուեր ածել մեր վարժարաններու հիմնական կարգավիճակին վրայ՝ որպէս բարենպատակ հաստատութիւն։ Աւելի՛ն, ժողովականները հաշուի առած են նաեւ Լոզանի դաշնագրի տրամադրութիւններով փոքրամասնական վարժարաններուն համար սահմանուած առանձնայատկութիւնները։ Թորոս Ալճան կարեւորութեամբ ընդգծեց Ատնան Էրթէմի դրական մօտեցմամբ ունեցած կարեւոր ազդեցութիւնը։ Ըստ իրեն, կրթական համակարգէն ներս թէեւ փոքրամասնութիւններու վարժարանները կը դասուին «մասնաւոր», բայց եւ այնպէս այդ հանգամանքը չի դադրեցներ անոնց բարենպատակ գործունէութեան հետամուտ ըլլալու հանգամանքը։ Փոքրամասնական վարժարաններուն «մասնաւոր» կարգավիճակը չի նշանակեր, որ անոնք հասութաբեր ձեռնարկներ են։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Թորոս Ալճան գոհունակութեամբ մատնանշեց, թէ VADİP-ի ժողովին ընթացքին արծարծուած մտահոգութիւններուն պատճառ դարձած հանգամանքները գրեթէ յաղթահարուած են։ Թէեւ խուճապի մատնուելու կարիքը չկայ, սակայն ան համոզուած է, թէ մեր վարժարաններու պատասխանատուները այս նիւթին շուրջ պէտք է պատրաստութիւն տեսնեն։ Որովհետեւ, մեր վագըֆներուն աղերսը դպրոցներու պարագային սահմանափակուած չէ միայն Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ։ Հետեւաբար, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը եւ Ելմտական նախարարութիւնն ալ կրնան ապագային փոքրամասնական դպրոցներէն ներս քննութիւններ իրականացնել եւ այս խնդիրը կրնայ ունենալ զանազան դրսեւորումներ։ Հետեւաբար, այդ երեք օղակներուն ուղղեալ աշխատանք մը պէտք է տարուի, փոքրամասնական վարժարաններուն կողմէ համատեղ մեկնաբանութիւն մը պէտք է յանձնուի անոնց նկատառման։ Թորոս Ալճան աւելցուց, որ այս անհրաժեշտութեան լոյսին տակ արդէն համակարգուած ձեւով խորհրդակցութիւններ կ՚իրականացնեն VADİP-ի կրթական ու ելմտական յանձնախումբերը։
ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ
Միւս կողմէ, Թորոս Ալճանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին տեղեկացանք, որ Գալֆաեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեանց միջեւ համագործակցութեան ուղղեալ արձանագրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Զատիկէն վերջ։ Թէեւ VADİP-ի ժողովին ընթացքին յայտարարուած էր, թէ այս Հինգշաբթի՝ Մարտի 26-ին տեղի պիտի ունենար հաւաքոյթը, սակայն այդ թուականին զուգադիպած է հրեայ համայնքի Էտիրնէի վերանորոգեալ սինակոկի բացման արարողութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները այլեւս կը մասնակցին իրարու սրբավայրերու արարողութիւններուն՝ Թորոս Ալճան յայտնեց, թէ այդ ստորագրման արարողութիւնը յետաձգուած է Ս. Զատկուան տօնին յաջորդելիք Հինգշաբթի օրուան՝ Ապրիլի 9-ին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024