ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր ե­րէկ այ­ցե­լեց Սա­մա­թիա։ 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Վոլ­քան Պոզ­քըր կա­ռա­վա­րու­թեան սէ­րը փո­խան­ցեց թրքա­հայ հա­մայն­քին նկատմամբ եւ ընդգ­ծեց հա­մա­կե­ցու­թեան առ­թած գո­հու­նա­կու­թիւ­նը։

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին Վոլ­քան Պոզ­քըր դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­մի­րի եւ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ։ Նա­խա­րա­րին կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Ֆա­թի­հի քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Տէ­միր եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ինչ­պէս նաեւ ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Մար­գար Է­սաեան։

Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­լի­րէն ներս նա­խա­րա­րը ող­ջու­նուե­ցաւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն կող­մէ։ Լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ան զրու­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։ Ա­պա Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ դրան առ­ջեւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Ե­սա­յի Տէ­մի­րի ու­ղեկ­ցու­թեամբ նա­խա­րա­րը ծա­նօ­թա­ցաւ նաեւ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Իսկ ա­ւե­լի վերջ ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի բա­ժի­նը։ Տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կի­զի ու­ղեկ­ցու­թեամբ այս փու­լին ալ ան ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նուե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րուն կող­մէ։ Ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Ա­ռէն Եաթ­սի, Լա­րի­սա Քա­պա­յէլ, Գա­րուն Ալ­կան։

Այս բո­լո­րէն վերջ Վոլ­քան Պոզ­քըր ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ խորհր­դա­րան, ուր թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ պա­տուա­սի­րուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը մեր ազ­գա­յին­նե­րուն հետ զրու­ցեց մի­ջոց մը։ Ե­սա­յի Տէ­միրն ալ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար։

Հրա­ժեշ­տի հանգ­րուա­նին Վոլ­քան Պոզ­քըր դար­ձեալ ա­ռար­կայ դար­ձաւ ներ­կա­նե­րու հա­մակ­րան­քին։

Հարկ է նշել, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու հա­մա­կե­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ օ­րի­նա­կե­լի նկա­տած էր Սա­մա­թիոյ մթնո­լոր­տը։ Իր այդ խօս­քե­րէն քա­նի մը օր վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Վոլ­քան Պոզ­քը­րի այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Նա­խա­րա­րը Սա­մա­թիոյ մէջ ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ շեշ­տեց, որ եր­րորդ կող­մերը պէտք չէ մի­ջա­մուխ դառ­նան հայ­կա­կան հար­ցին։ «Պի­տի չար­տօ­նենք, որ պատ­մու­թիւ­նը գրա­ւի տակ դնեն ա­նոնք, ո­րոնք պատ­մա­կան միաս­նա­կա­նու­թիւն չու­նին հա­յոց հետ», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենք կը վկա­յեն հա­յոց ապ­րած ցա­ւե­րուն։ Վոլ­քան Պոզ­քը­րի խօս­քե­րով, 1870-1920 թուա­կան­նե­րուն ապ­րուած են լուրջ ցա­ւեր, մեծ դէպ­քեր, հե­տե­ւա­բար ա­մէն ին­չը պէտք չէ սահ­մա­նա­փա­կել 1915 թուա­կա­նին ապ­րուած­նե­րով։ Նա­խա­րար Պոզ­քըր դէմ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ այդ պատ­մա­կան խնդիր­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նաց­ման։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015