ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՏԱԼԻԱ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը մաս կը կազմէ «R€*» (Վերամշակում եւ վերստին գործածում) նախագիծին, որ կ՚իրականացուի Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) նախարարութեան ԵՄ-ի Կրթութեան եւ երիտասարդաց ծրագիրներու կեդրոնի վարչութեան (Թուրքիոյ Ազգային գործակալութիւն, http://www.ua.gov.tr) կողմէ կիրարկուող «Erasmus+» նախագիծի (Ցկեանս ուսուցում կամ Երիտասարդաց ծրագիր) ծիրէն ներս, Եւրոպական յանձնաժողովի յատկացուցած դրամաշնորհով։ Այս նախագիծը կը կայանայ Սկովտիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Լիթվանիոյ, Նորվեկիոյ, Փորթուգալի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ։
Յիշեալ նախագիծի ժողովին մասնակցելու նպատակով, 1-8 Մարտ 2015 թուականներուն, վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, անգլերէնի ուսուցչուհի Ալին Կիրակէօզօղլու, Թ․ եւ Ժ․ դասարաններու սաներ Թենի Տէմիրէր, Թալիա Այվազ, Գլոտիա Կիւլթաշեան, Մասիս Տէմիրէլ, Այգ Թուրաչ, Գայլ Ճէմճէմ, Նատին Մանկիօղլու եւ Պուրակ Ֆըրթընա մեկնեցան Իտալիա։ Շաբթուան մը ընթացքին, դպրոցէ ներս կատարուած զանազան ձեռնարկներով, աշակերտները իրարու գիտելիքներ փոխանցեցին իրենց երկիրներէ ներս վերամշակման աշխատանքներուն մասին։ Շարք մը ձեռնարկներու ընթացքին, զանազան երկիրներու մասնակցութեամբ կազմուած խումբերը սորվեցան իրարու լեզուով առօրեայ խօսակցութեան կաղապարներու գործածութիւնը։ Միաժամանակ, անոնք այցելեցին վերամշակման գործարան մը եւ բնապահպանական թանգարան մը։ Ժողովի վերջին օրուան ընթացքին, աշակերտները ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները, ամբողջ շաբաթ մը տեւած աշխատանքներէն։
Դէպի տեսարժան ու պատմական վայրեր կատարուած այցելութիւններու ժամանակ, պատանիները զգացին Վեզիւվի հրաբուխի մոխրակոյտին տակ թաղուած Պոմպէի հնադարեան քաղաքին թախիծը, Քոլլեզիումի մէջ կռուող սուսերամարտիկներու խանդավառութիւնը եւ Վատիկանի Ս․ Պետրոս մայր տաճարին դիւթիչ մթնոլորտը։ Հռոմը շրջելու ընթացքին անոնք ծանօթացան մայրաքաղաքի պատմութեան, իսկ Սպանական սանդուխները բարձրանալու պահուն ալ՝ քաղաքի զբօսաշրջական ու վիպական դիմագիծին։
Աշակերտները, որոնք մասնակցեցան այս աշխատանքին, իրենց ամբարած գիտելիքներով ու փորձով, ի շարունակութիւն այս նախագիծին, կատարելի աշխատանքները պիտի փոխանցեն իրենց ընկերներուն եւ պիտի կազմակերպեն Մայիսի ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենան Փորթուգալի Մատէյրայի արշիպեղագոսին՝ կղզեխումբին վրայ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024