ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆՔ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Գում­գա­բուի Ս․ Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Մեծ պա­հոց Մի­ջին­քին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­ղա­ղա­կան ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ըն­դհա­նուր Փո­խա­նորդ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի միա­բան­ներն ու հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կա­ւոր Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան։ 

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ յա­րա­կից «Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ Մի­ջին­քի ա­ւան­դա­կան ընթ­րի­քը։ Այս տա­րուան սե­ղա­նը կազ­մա­կեր­պուած էր Թուր­քիոյ Ե­րի­տա­սարդ գոր­ծա­րար­նե­րու միու­թեան (TÜGİAD) հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Բա­ցի մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սէն, ներ­կայ էին Իս­թան­պու­լի Միւֆ­թիւ Փրոֆ․ Տքթ․ Ռահ­մի Եա­րան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կա­ն Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար, Սա­րը­յէ­րի քա­ղա­քա­պետ Շիւք­րիւ Կէնճ, ե­րես­փո­խան­ներ՝ Սէզ­կին Թան­րը­քու­լու, Էր­տէմ Էօզ­սիւն­կէր, ինչ­պէս նաեւ Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Պա­գըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն փոխ-քա­ղա­քա­պետ Մարգ­րիտ Տիք­մէ եւ Նուր­հան Չէ­թին­գա­յա, TÜGİAD-ի նա­խա­գահ Պա­շաք Ի­լի­սու­լու, փոխ-նա­խա­գահ Ռու­բէն Մխճեան, ինչ­պէս նաեւ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ սե­ղա­նա­կից ե­ղան հիւ­րե­րուն հետ՝ զրու­ցե­լով հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեան պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ, ներ­կայ նուի­րա­կան շրջա­նին։  

Ընթ­րի­քը բա­ցուե­ցաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին ա­ղօթ­քով։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խօ­սե­ցաւ Մի­ջին­քի խոր­հուր­դին շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ TÜGİAD-ի ան­դամ­նե­րը կը բաժ­նեն ի­րենց քրիս­տո­նեայ դրա­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թիւ­նը եւ որ­պէս ար­տա­յայ­տու­թիւն ի­րենց այդ զգա­ցում­նե­րուն՝ միա­ցած էին այս սե­ղան­նե­րուն։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց TÜGİAD-ի վար­չու­թեան ու ան­դամ­նե­րուն։

Ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ Պա­շաք Ի­լի­սու­լու, որ փո­խա­դար­ձեց Սրբա­զան Հօր խօս­քե­րուն եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ ի­րենց կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­սին՝ նշե­լով, թէ ան­դամ­նե­րու շար­քին կան նաեւ հայ գոր­ծա­րար­ներ։ Ան մաղ­թեց պահ­քի բա­րե­բեր շրջան մը եւ եր­ջա­նիկ Ս․ Զա­տի­կ։­  Ընթ­րի­քի տե­ւո­ղու­թեան գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015