ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ
Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ռեժինա Ըլկարօղլուի փառաշուք յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ծանօթ է, որ Ռեժինա Ըլկարօղլուի մահը վերջին օրերուն խոր յուզում յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Հանգուցեալը մօրաքոյրն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։
Երէկուան արարողութեան նախագահեց եւ դամբանախօսեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ.
Միւրզեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, Միքայէլ Վրդ. Ուչար, Հայկարամ Քհնյ. Չեքիճեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։
Հոծ թիւով յուղարկաւորներ փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու հանգուցեալ Ռեժինա Ըլկարօղլուի նկատմամբ։ Անոնք անկեղծ զգացումներով վշտակցեցան Ըլկարօղլու եւ Շիրինօղլու ընտանիքներուն։
Արարողութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024