ՄԱՐԻԵԹԹԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԲԵՐԱՅԻ 10-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՇՆԱԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Դաշնակի ուսուցչուհի Մարիեթթա Խաչատրեանի սաները մասնակցութիւն բերին Բերայի 10-րդ միջազգային դաշնակի փառատօնին, որ այս օրերուն կ՚արժանանայ երաժշտասէր հասարակութեան հետաքրքրութեան։ Երէկ, Պէյօղլուի մէջ, Բերայի գեղարուեստից վարժարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Մարիեթթա Խաչատրեանի սաներուն նուագահանդէսը։ Այսպէս, փառատօնին մասնակցութիւն բերին Մարտիկ Շանթ Էսմէր (Կեդրոնական), Արի Պարսամեան (Մխիթարեան), Լիլիան Աւիթօղլու (Գարակէօզեան), Միքայէլ Քամի Սիրոբ (Մխիթարեան) եւ Քրիստինա Նաիրա Սիրոբ (Սէն Փիւլշերի)։ Հարկ է նշել, որ Մարտիկ Շանթ Էսմէր եւ Լիլիան Աւիթօղլու միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին։
Մարիեթթա Խաչատրեանի սաները երաժշտահանդէսի ընթացքին ունկնդիրներու գնահատանքին արժանացան իրենց կատարումներով։ Տղոց նուագներէն վերջ իրենց յանձնուեցան փառատօնի մասնակցութեան վկայականներ։
Երէկուան ձեռնարկին ընթացքին հակիրճ զրոյց մը ունեցանք Մարիեթթա Խանչատրեանի հետ, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ մեր քաղաքին մէջ այսպէս արժէքաւոր հայ երիտասարդներ կը հասնին երաժշտական կալուածէն ներս։ Մարիեթթա Խաչատրեան, որ վերջին տարիներուն Երեւանէն հաստատուած է քաղաքս, մեր երաժշտական կեանքին կը բերէ ուշագրաւ մասնակցութիւն։ Ան հասած է Երեւանի «Միքայէլ Թաւրիզեան» երաժշտանոցէն եւ քաղաքս հաստատուելուն զուգահեռ անդամակցած՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին։ Մարիեթթա Խաչատրեան նուիրեալ աշխատանք կը տանի, որպէսզի իր սաները հասցնէ կատարեալ եւ զանոնք առաւելագոյնս հաղորդ պահէ հայ երաժշտութեան հետ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024