ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ, ԱՄԵՆԱՀԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ. ԲԱՐԵՐԱՐԸ՝ ԱՆՅԱՅՏ…

Հայաստանի մայրաքաղաքով հոսող գետի՝ Հրազդանի վրայ կը գտնուի Երեւանի ամենահին կամուրջը՝ միջնադարեան շինութիւն մը, որ յայտնի է Կարմիր կամուրջ անունով: Զայն իր անուանունը ստացած է կարմիր քարէն կառուցուած ըլլալուն համար:

Երկար դարեր տնտեսական նշանակութիւն ունեցած այս կամուրջը, սակայն, անգործածելի էր 1980-ական թուականներէն ի վեր:

Քանի մը անգամ զայն նորոգելու ծրագիրներ գծուած են, սակայն պատմական յուշարձանը մնացած է լքուած: Մինչդեռ, զայն հին Երեւանէն մնացած միակ կամուրջն է: Ճիշդ է՝ ան յուշարձանի կարգավիճակ ստացած էր եւ պահպանութեան ներքոյ էր, բայց շինարարի ձեռք չէր դպչած երկար տարիներէ ի վեր…

Այսօր, երբ օր ըստ օրէ կ՚անհետանան քաղաքի պատմութիւնը ներկայացնող կառոյցները, այս հազուագիւտ կամուրջը նորոգելու ճիգեր ի յայտ եկած են:

12-րդ դարու այդ եզակի յուշարձանը այժմ նորոգման մէջ է. մէկ տարի առաջ սկսած նորոգումը կ՚իրականացուի պետութիւն-մասնաւոր անձեր համագործակցութեան ծիրէն ներս: Երեւանի ամենատարեց Կամուրջը նորոգելու ցանկութիւն յայտնած է բարերար մը, որ, այս փուլին ներդելով աւելի քան 750 հազար ամերիկեան տոլար, սակայն, փափաքած է առայժմ անյայտ մնալ: Նոյն բարերարը նաեւ տարածքի վրայ պանդոկ մը կառուցելու նպատակ ունի:

Կարմիր կամրջի նորոգման պատմութիւնը կարծես կը կրկնուի. Հրազդան գետի երկու ափերը իրարու կապող այս կամուրջը 17-րդ դարուն դարձեալ բարերարի մը միջոցներով նորոգուած է: Այն ժամանակ նորոգումը կատարուած է քանաքեռցի հայ առեւտրական Խոջա Փլաւի միջոցներով, ահա ինչու այս կամուրջը երկար ժամանակ կոչուած է նաեւ Խոջա Փլաւի կամուրջ: Երեւանցի Խոջա Փլաւ զայն նորոգած է պարսից շահի յանձնարարականով: Այս մեծահարուստ երեւանցին նաեւ հովանաւորած է Աշտարակի 18-րդ դարի կամուրջի շինութիւնը եւ այլ բարերարութիւններ եւս կատարած է:

Կարմիր կամուրջի վերանորոգումներ եղած են նաեւ 1830, 1850 թուականներուն, նաեւ ատկէ յետոյ, որոշ նորոգումներ կատարուած են ռուսական օժանդակութեամբ:

Ըստ պատմական տեղեկութիւններու, այս կամուրջին տեղը շատ հին ժամանակ եղած է ուրիշ կամուրջ մը, որ աւերուած է 1679 թուականի Երեւանի երկրաշարժի հետեւանքով եւ որու հիմքերու վրայ ալ յետոյ բարձրացած է ներկայի կամուրջը:

1986 թուականին Խորհրդային Հայաստանի Յուշարձաններու պահպանութեան վարչութիւնը պետական պատուէր ստացած էր՝ վերականգնելու համար կամուրջը, չափագրումներ կատարուած էին, պատրաստուած էր նորոգման նախագիծը, սակայն տարիներ յետոյ փլուզուած էր Խորհրդային Միութիւնը եւ աշխատանքները դադրած էին: Կամուրջը անտեսուած վիճակ մը ունէր: Անգամ մըն ալ 2006 թուականին կամուրջին նոր տեսք տալու ծրագիր եղած է, բայց կրկին չէ իրագործուած:

Այսօր իրականացուող ամրացման, նորոգման եւ վերականգման հեղինակը նոյն ճարտարապետն է՝ Լեւոն Վասիլեանը, որ 1980-ականներու վերջերուն նորոգման նախագիծ գծած էր եւ զայն անկատար մնացած էր:

Հին ժամանակ կամուրջը երեք մեծ կամար ունեցած է, որոնք փլուզուած են: Այժմ ճարտարապետը կամուրջը նախագծած է երկու մեծ եւ եւս երկու փոքր կամարով: Կամուրջը կապող հանգոյցը սակայն նախատեսուած կ՚ըլլայ միայն թեթեւ, մարդատար ինքնաշարժներու համար, մեծ ինքնաշարժներ եւ բեռնատարներ պիտի չանցնին անոր վրայէն:

Օրին կամուրջը նախատեսուած է հետիոտնի ու հեծեալի համար, անոր վրայէն անցած են նաեւ բեռնատար անասուններ եւ սայլեր: Այս կամուրջը նկարագրած են նոյնիսկ Հայաստանէն անցած միջնադարեան ճանապարհորդներ, ըստ անոնց նկարագրած մէկ գծանկարի՝ մէկ կողմը Երեւանի բերդն է, ներքեւը՝ կամուրջը, որով բերդաքաղաք կը մտնեն բեռներով բարձուած ուղտեր։ Կարմիր կամուրջը միաժամանակ միակը եղած է հին Երեւանի մէջ, որ կապած է Երեւան բերդաքաղաքը՝ Արարատեան դաշտին՝ Էջմիածնին, Ապարանին, Թալինին եւ հեռաւոր բնակավայրերուն:

Վերականգնողները նպատակ դրած են՝ պահպանել կամուրջին նախնական տեսքը, պատմական շուքը, նաեւ զայն փրկել ոչնչացումէ: Հնագոյն տեսքը վերականգնելու համար Արարատեան դաշտէն շինարարութեան վայր տարուած է կարմիր անմշակ տուֆ, իսկ Իրանէն՝ աղիւսներ. Իրանի մէջ աղիւսագործարան մը կայ, ուր աղիւսը կը թրծեն հնագոյն ձեւերով եւ ստացուած արտադրանքն ալ համահունչ է այս կամուրջին: Հայկական աղիւսը վարպետները մշակելու սկած են կոպտատաշ եղանակով, այնպէս, ինչպէս հին ժամանակ կատարած են:

Ճարտարապետ Վարազդատ Յարութիւնեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Երեւանի Կարմիր կամուրջը կը նկատէ Հայաստանի ամենամեծ կամուրջներէն: Կամուրջի ընդհանուր երկարութիւնը 80 մեթր է եւ 11 մեթր ալ բարձրութիւն ունի։

Մասնագէտներ որոշած են, որ կամուրջը պիտի լուսաւորուի հեռուէն՝ ժամանակակից լուսատուներ պիտի չտեղադրուին, որպէսզի նորագոյն կառոյցի տեսք չստանայ:

Նախատեսուած է վերականգնել նաեւ ցարական շրջանին անհետացած բազրիքաշարը, որմէ կտոր մը պահպանուած է գետի ափին: Ատոր օրինակով ալ կը շարուին բազրիքները, որոնց կրկնօրինակները վարպետները սարքելու սկսած են ձեռքով:

ԳԱՂՏՆԻ ՍԵՆԵԱԿ

Աշխատանքներու ընթացքին վերականգնողները խորհրդաւոր դրուագի մը հանդիպած են: Կամուրջի յենապատին մէջ յայտնաբերուած է գաղտնի սենեակ մը եւ ատկէ զատ ալ բացուած է խուց մը: Մասնագէտներ զարմացած են, որ 1980-ականներու չափագրումներու ժամանակ զանոնք չեն տեսած: Ըստ երեւոյթին ատոնք ռուսական շրջանին գոցուած են՝ ամրակայման նպատակով: Այդ գաղտնի սենեակը, հաւանաբար, տնտեսական նշանակութիւն ունեցած է, ենթադրելի է՝ այն ժամանակուայ մաքսաւորներուն համար։ Այժմ ճարտարապետները զայն պիտի դարձնեն կամուրջի պատմութեան թանգարան, ինչ որ զբօսաշրջային նշանակութիւն պիտի ունենայ: Առհասարակ, կամուրջը վերականգնելէ յետոյ զայն աւելի շատ այդ նշանակութիւնը պիտի ունենայ: Այս կամուրջը իր վրայ կը կրէ զանազան դարաշրջաններու կնիք՝ պարսկական, ռուսական նորոգումներ, առեւտրային անցուդարձի հետքեր, հին Երեւանի ճարտարապետական դրուագներ եւ այլն: Երեւանը գտնուած է «Մետաքսի ճանապարհի Երեւանեան կոչուող հատուածի վրայ, եւ այս կամուրջն ալ նպաստած է առեւտուրի զարգացման: Այդ նպատակի համար Երեւանի մէջ եղած են նաեւ երկու ուրիշ կամուրջներ, որոնք չեն պահպանուած: Ընդհանրապէս վարպետները կամուրջներու համար ընտրած են կիրճերու ժայռոտ հատուածները, յենասիւները խրած են ժայռերու մէջ: Կամուրջները նաեւ պաշտպանական նշանակութիւն ունեցած են:

Կարմիր կամուրջի ընթացիկ նորոգումը բացառիկ է, որովհետեւ պատմական տեսքը վերականգնելէն զատ կը կատարուի հիմնաւոր ամրացում, ինչպէս նաեւ կը բարեկարգուի կամուրջի շրջակայքը, որ շատ անմխիթար վիճակ մը ունի: Այնպէս մը պիտի ըլլայ, որ կամուրջի վրայ քայլել փափաքողները ուղի ունենան նաեւ վերեւէն՝ Քոնեաքի գործարանի կողմէն, այդ տարածքն ալ այգիի պէս կը բարեկարգուի, զբօսավայր կը դառնայ:

Իսկ կամուրջի շրջակայքը կը գտնուի Հրազդանի կիրճը, որ Երեւան քաղաքի իւրօրինակ այցեքարտերէն մին է։ Այս հրաշալի բնական միջավայրը քաղաքի մշակութային, զբօսաշրջային, մարզանքի եւ ժամանցային կարեւորագոյն վայրերէն է, որ նոյնպէս պահպանման ենթակայ է:

Քաղաքի զանազան կէտերէ երեւելի են կիրճի գեղեցիկ տեսարանները: Հրազդանի կիրճի երկայնքի միջին հատուածը կը գտնուի Նոր Արաբկիր զբօսայգին, ուր հանգստեան գօտիին կից կը գործէ Երեւանի ճախրուղին: Ճախրուղով թռիչքը կ՚անցնի Հրազդանի կիրճի վրայով, Դաւիթաշէնի կամուրջին տակով, այդ թռիչքի ժամանակ կը բացուին քաղաքի այնպիսի տեսարաններ, որոնք ուրիշ տեղէ հնարաւոր չէ դիտել:

Հրազդանի կիրճը կը գտնուի նաեւ Հրազդանի ձորի հանրային բացօթեայ մարզահրապարակը, ինչպէս տեղացիները զայն կ՚անուանեն՝ «Չռիկը»՝ իբրեւ հոսող ջուրի վայր, կամ «Բիձու կէօլը», քանի որ այստեղ կը սիրեն հաւաքուիլ, մարզուիլ, ուղղակի լաւ ժամանակ անցընել մայրաքաղաքի տարեցները՝ առողջ ապրելակերպի ջատագովները: Անոնք ամէն առաւօտ՝ ամառ թէ ձմեռ, կը վազեն այդ կիրճին մէջ, իսկ բարենպաստ եղանակին կը լոգնան բնական հոսող ջուրին տակ: Այսօր Հրազդան գետի վրայ երեք կամուրջներ եւս կան՝ Դաւիթաշէնի, Կիեւեան եւ Յաղթանակի, բայց անոնցմէ հնագոյնը կը մնայ Կարմիր կամուրջը, որ նորոգումէն ետք պիտի դառնայ Երեւանի այցեքարտերէն մին: Այս կամուրջը կոչուած է նաեւ Զանգուի կամուրջ, քանի որ Հրազդան գետը ունի նաեւ Զանգու անունը:

Ժողովրդական անուանի նկարիչ Էտուարտ Իսաբէկեան (1914-2007թթ.) ոչ միայն հանճարեղ նկարներ ստեղծած է, այլեւ գրութիւններ գրած է՝ նուիրուած իր ծննդավայր Իգդիրին, Երեւանին, ուր ապրած է 1918 թուականէն սկսեալ, երբ ընտանիքը Իգդիրէն գաղթած է նախ Էջմիածին, ապա՝ Երեւան: «Զանգու» գրութիւնը նկարչի մտորումներէն մէկն է, նուիրուած՝ Հրազդան կամ Զանգու գետին եւ հոն կը յիշատակէ նաեւ Կարմիր կամուրջը՝ իր երեք «աչքեր»ով:

ԶԱՆԳՈՒ

ԷՏՈՒԱՐՏ ԻՍԱԲԷԿԵԱՆ

Ի՜նչ ալ անուշ անուն յօրինած են այդ Զանգու գետին համար… Զանգու՜… Կրկնիր քանի մը անգամ կամացուկ քու մէջդ, եւ քեզի կը թուայ, թէ կը լսես Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը, կամ փակէ աչքերդ եւ կը լսես Երեւանով ուշ գիշերով անցնող պարսկական կարաւաններու զանգ ու զանգուլակներու՝ քամիի հետ եկող երգաձայն հնչիւնները, ուղտերու դանդաղ, հանդիսաւոր քայլերու ներդաշնակ կրկնողութեամբ, իսկ եթէ Զանգուի ձորը մնացած ես գիշերով, ձկան թարփերը տեղաւորելով նոյն երգը քեզի համար կ՚երգէ Զանգուն, երբ լռած կ՚ըլլան Երեւանի ցերեկուայ բոլոր ձայները, իսկ ցերեկը անոր զնգոցին կը խառնուէր գետի զով ջուրերուն մէջ լողացող անհամար երեխաներուն ծիծաղի, քրքիջի ու ճիգերու ձայնը…

Հին Երեւանի համար Զանգուն կարծես յոգնած ուղտի պարանոցէն կախուած զանգ ու զանգուլակներ էր…

 Զանգուի կամարներուն տակ լողալը վատ չէր եւ նոյնիսկ բան մըն ալ աւելի էր: Զանգուի ճիշդ առաջին «աչքին մէջ» (այդպէս «աչքեր» կը կոչուին, կամուրջի երեք կամարները)՝ առաջին կամարին տակ կը պատահէր կը լոգցնէինք ոստիկանութեան ջոկատի ձիերը, որոնց բնակութեան տեղն ալ Արարատ-շինարարութեան կից կառոյցներու մէջ էր, ուր եւ կը բնակէր ոստիկանութեան յատուկ ջոկատը, որ եւ սովորական ոստիկանութիւն չէր, այլ՝ յատուկ գործերու համար: Երբ անոնք քաղաքը կ՚ըլլային, կ՚երթայինք տղաքով, իրենք ձիերուն նստած կու գային լոգցնելու, եւ շատ ալ սիրով եւ յօժար կու տային մեզի ձիերը: Ձիերը լաւ մը լոգցնելէ յետոյ այդ ձիերը կարող էին եւ առանց ուղեկցելու ալ վերադառնալ իրենց գոմերը: Եւ այդպէս ալ կ՚ըլլար, ջուրէն կը հանէինք եւ կը քշէինք վեր, եւ անոնք ալ ուրախ-զուարթ, տռտինկ տալով կը վերադառնային տուն: Մենք հիացած կ՚ըլլայինք, որ ձի նստանք եւ այն ալ՝ ոստիկանութեան եւ ի հարկէ, ձիերն ալ նոյնը, որ ուրախութենէն չէին ուզեր մեզմէ բաժնուիլ: Այդ օրերը մեզի համար տօնի նման բան էին:

Այդ ձի լոգցնելը աննկարագրելի հաճոյք մըն էր, որուն նմանը ալ չտեսայ: Այո՛, ձին մերկ, թաւշեայ կողերով, դուն՝ մերկ, ինչպէս ծնած օրէն: Եւ ժամէ աւելի դուն քեզ կը զգաս… ինչի հետ համեմատեմ, չեմ գիտեր:

Այդպէս, առաջին կամարի տակ, որն ալ վտանգաւոր, խորը չէր, ընդունուած կարգով կը լոգնային տակաւին նոր լող սորվողները: Յետոյ, երբ արդէն պատրաստ էին, կը տեղափոխուէին երկրորդ աչքը՝ կամարի տակ: Եւ այնտեղ ալ վարժուելէ յետոյ կը փորձէին երրորդ կամարի տակ լողալ, որն ալ շատ խորն էր, եւ ջուրն ալ ուժեղ հոսք ունէր: Այդպէս լողալ կը սորվէին բոլորը եւ նոյն կարգով:

Բայց ամէն անգամ կամուրջի մէկ աչքէն միւսը տեղափոխուելէն անդուլ դող մը կը բռնէր վրաս, կը կարկամէի ափին, իսկ զիս լող սովորեցնող Թուշոն… ա՜խ, ինչ անուշ, քաջ տղայ էր, չէր բարկանար, կ՚ըսէր.

 -Ըհը, տես, ես գացի, ետեւէս նետուիր ու եկուր:

Եւ ինքը կ՚երթար, իսկ իմ դողը չէր ձգէր, որ նետուէի: Կը վերադառնայի եւ աչքերս կը գոցէի ու զիս կը շպրտէի ալիքներուն վրայ, տաշեղի պէս երեսին կը մնայի, «շան լողով» միւս ափը դուրս կու գայի, ուր զիս կը սպասէր Թուշոն՝ ձեռքը պարզած ինծի ու խպշտէր ափ.

 -Այ ապրի՛ս, ղոչաղ,- եւ այսպէս տասնեակ անգամ եւ ամէն օր:

Վախու է անծանօթ գետ մտնելը, քաջութիւն պէտք է, մեծերն ալ կը վախնային, իսկ Թուշոն… Թուշոյի համար վախ չկար, Դավաբոյինէն ալ վերեւները կը տանէր ինծի ու ինք առաջինը կը նետուէր թափառները եւ նորէն կը սպասէր ինծի միւս ափին…

…Ես կը սիրէի Երեւանը… Միայն Զանգուն՝ այդ ուրախ, զուարթ գետն ի՜նչ արժէր, որ զնգալէն, երգելով, գժուածի պէս քարքարոտ հունով գլուխկոնծի տալով, շրխկալով, տարին բոլոր լիքը, լիառատ կ՚երթար ու կ՚երթար, զնգալէն ու զնգալէն՝ չմոռնալով ջրել ու զուարթացնել իր ափերու երկու կողմերու փարթամ այգիները, պոստանները, Երեւանի հրաշք պարտէզները եւ առաւօտէն մինչեւ գիշեր կը խոխոջար նաեւ փողոցները:

Հրաշք էր Զանգուն իր ձորով, իր երեք «աչք»անի կամուրջով, Ձորագիւղով, ուր ձկնորսներ կ՚ապրէին՝ ո՜վ գիտէ երբուընէ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024