ՄԵԼԹԷՄ ԹՈՔՍԷՕԶ ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) կողմէ կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքի հերթական փուլին երէկուան հիւրն էր Պողազիչի համալսարանի Պատմութեան ամպիոնի դասախօսներէն Տոց. Մելթէմ Թոքսէօզ։ 2015 թուականին զուգադիպած տարելիցին բերումով կազմակերպուած այս զրոյցներու երէկուան փուլին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան 1909 թուականին Ատանայի մէջ տեղի ունեցած հայոց ջարդերը։ Ատանայի ջարդերը կարեւոր նշանակութիւն ունին օսմանեան հայոց պետութեան եւ պատմական Կիլիկիոյ տարածքի ուշ շրջանի օսմանեան պատմութեան տեսանկիւնէն։ Այդ տարածքի պատմութեան ուսումնասիրութեան առընթեր, Ատանայի ջարդերը կը բնորոշեն նաեւ սկիզբը այն գործընթացին, որու հետեւանքով Իթթիհատական շարժման կողմէ որդեգրուած թրքացման եւ ազգայնացման քաղաքականութիւնները մնացին անայլընտրանք։
Այս բոլորին լոյսին տակ Մելթէմ Թոքսէօզ առաջին հերթին բացատրեց, որ զանազան աղբիւրներու մէջ Ատանայի ջարդերուն շուրջ ի՛նչ սահմանումներով կը խօսուի։ Օսմանեան արխիւներու փաստաթուղթերով՝ Ատանայի ջարդերը պետութեան կողմէ բնորոշուած են որպէս տեղական խնդիր մը։ Իսկ ականատեսներու վկայութիւններն ու տեղական աղբիւրները այդ ջարդերը կը բնորոշեն որպէս դէպք։ Մելթէմ Թոքսէօզ ըսաւ, թէ այդ «դէպք»ի հասկացութեան ընդհանուր յստակեցումը բաւական դժուար է։ Իսկ հայկական եւ օտար աղբիւրներուն մօտ ապրուածները որակուած են որպէս սպանդ։ Ատենախօսը կանգ առաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ զանազան աղբիւրներ տարբեր տուեալներու կ՚ակնարկեն պատճառներու, պատասխանատուներու եւ թիւերու շուրջ։ Օսմանեան դրամատան հաշիւներուն հիման վրայ կարելի է հետեւցնել, որ կարեւոր համեմատութեամբ նիւթական վնաս մը յառաջացած է, աւելի՛ն, այդ հաշուարկներուն մէջ տակաւին նկատի չէ առնուած հողերու մակերեսի բերքին փոխարժէքը։
Տնտեսական եւ ընկերային բնոյթով շարք մը կարեւոր հանգանմանքներ մանրամասնելէ վերջ, Մելթէմ Թոքսէօզ ընդգծեց իր այն համոզումը, թէ բռնութեան թափ ստանալու երեւոյթը պէտք է քննարկել տնտեսական գործօններէ անդին։ Ան կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, թէ Ատանայի ջարդերը համընկնած են 31 Մարտի դէպքին։ Հայոց հոգեւոր առաջնորդներն ու շրջանի հիւպատոսները թէեւ օգնութեան կոչ ուղղած են, սակայն կառավարութիւնը պահած է լռութիւն եւ կեդրոնի ղեկավարութիւնը փորձած է զօրքերու միջոցաւ հանդարտեցնել մթնոլորտը։ Թոքսէօզ բացատրեց, որ դէպի Ապրիլի 26-ը Ատանայի եւ շրջակայքին մէջ հանդարտած է մթնոլորտը, սակայն աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն փոխանցեր՝ անոնց ինչպէս դադրած ըլլալուն շուրջ։
Մելթէմ Թոքսէօզ յիշեցուց նաեւ, որ Ատանայի ջարդերէն վերջ այնտեղ ուղարկուած է նաեւ պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին երեսփոխան Պապիկեան եւ Պատրիարքարանի կողմէ ներկայացուցիչներ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024