ՀԱՅՈՑ ԳԱՆՁԱՐԱՆԸ…
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անցեալ Հինգշաբթի կայացած Սրբադասման արարողութեան առթիւ աննախադէպ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ Հայոց գանձարանի բազմաթիւ մասունքներէն այդ օրը դուրս բերուեցան տասնչորս սրբութիւններ, որոնք դարեր շարունակ իրենց սուրբ խորհուրդով մասնակից եղած են հայ ժողովուրդի պատմական ու ճակատագրական պահերուն: Հաւատաւոր ժողովուրդը միշտ ակնածանք ու երկիւղածութիւն ունեցած է սրբութիւններու հանդէպ եւ ահաւասիկ, Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ, 23 Ապրիլին, բացօթեայ խորանի առջեւ տեղի ունեցած Սրբադասման արարողութեան ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցաւ հայրապետական օրհնութեամբ դուրս բերուած ու մէկտեղուած տեսնել տասնըչորս սրբութիւն: Այդ մասունքապահ սրբութիւնները բացի սրբութիւններ ըլլալէն, հայ արուեստի անկրկնելի նմոյշներ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնատիպ պատմութիւնը:
ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴ
Արարողութեան դուրս բերուած է Հայոց գանձարանի ամենանշանաւոր սրբութիւններէն Սուրբ Գեղարդը։ Սուրբ Գեղարդը այն նիզակի ծայրն է, որով հռոմէացի զինուորը խաչի վրայ խոցած է Տէր Յիսուս Քրիստոսը: Գեղարդը մօտաւորապես 15 սմ. երկարութեամբ տափակ կամ եռանիստ երկաթէ տէգ է, որ, փայտի ծայրին ամրացուելով, ծառայած է որպէս խոցող զէնք։
Հայոց եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, Տէրունի այս սրբութիւնը առաջին դարուն Հայոց աշխարհ բերած է Քրիստոսի տասներկու աշակերտներէն Ս. Թադէոս առաքեալը: Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը կը նկատուի համաքրիստոնէական սրբութիւն, որ դարեր շարունակ պահուած է պատմական Հայաստանի տարբեր վանքերու մէջ, իսկ 13-րդ դարէն սկսեալ՝ հինգհարիւր տարի ան պահուած է Այրիվանքի մէջ, որ հետագային ի պատիւ Ս. Գեղարդի, վերանուանուած է Գեղարդավանք: 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն Ս. Գեղարդը բերուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ մինչ օրս կը պահուի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ: Սուրբ Գեղարդը նաեւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան երեք սրբութիւններէն մէկն է: Յիշատակութիւններ կան, ըստ որոնց, Հայաստանի կամ դրացի երկիրներու մէջ օգտուած են Սուրբ Գեղարդէն՝ երկիրը եւ ժողովուրդը օրհնելու, պատերազմէ, աղէտներէ ազատելու համար։
ԳԵՂԱՐԴԻ ԱՐԾԱԹԱՁՈՅԼ ՄԱՍՆԱՏՈՒՓԸ
1687 թուականին պատրաստած է Պռոշեան իշխանատան յետնորդ Դաւիթ Եպիսկոպոսը։
ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋ
Լուսաւորչի Աջը կը նկատուի Ամենայն Հայոց Հայրապետի հոգեւոր բարձրագոյն իշխանութեան խորհրդանիշը: Լուսաւորչի աջը, ինչպէս յայտնի է՝ Գրիգոր Ա. Լուսաւորչի աջ ձեռքի սուրբ մասունքներն են, որոնք 5-րդ դարուն ամփոփուած են բազկի եւ մատներու ձեւ ունեցող արծաթազօծ պատեանի մէջ՝ Աջի մէջ:
Արծաթեայ ոսկեզօծ նոր մասունքարանը պատրաստուած է 1657 թուականին: Լուսաւորչի Աջը Սուրբ Գեղարդի հետ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան երեք սրբութիւններէն մէկն է: Միւռոնի միւս սրբութիւնն է Կենաց Փայտով խաչ-մասունքարանը:
ԿԵՆԱՑ ՓԱՅՏՈՎ ԽԱՉ-ՄԱՍՈՒՆՔԱՐԱՆ
Հետաքրքրական է նաեւ 1651 թուականին պատրաստուած խաչ-մասունքարանի պատմութիւնը. անոր մէջ, ըստ աւանդութեան, զետեղուած է Տէր Յիսուս Քրիստոսի կենսատու խաչափայտէն փոքրիկ կտոր մը: Ան նոյնպէս Սրբադասման արարողութեան ժամանակ դուրս բերուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն:
ՍԿԵՒՌԱՅԻ ՄԱՍԱՆՑ ՊԱՀԱՐԱՆԻ ԿՐԿՆՕՐԻՆԱԿ
Հայ եկեղեցական արուեստի անգին գոհարներէն է Կիլիկեան Հայաստանի մէջ 1293 թուականին պատրաստուած Սկեւռայի մասանց պահարանը, որ կը պահուի Սէն Փեթերսպուրկի Պետական թանգարանին մէջ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ հոգաբարձութեամբ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց Թեմի, 2014 թուականին պատրաստուած է այդ մասանց պահարանի կրկնօրինակը, որուն մէջ ամփոփուած են բուն պահարանէն հանուած եւ 2000 թուականին հայոց եկեղեցիին յանձնուած տասնութ սուրբերու (Ս. Պօղոս, Պետրոս, Թադէոս, Բարթողիմէոս առաքեալներու, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի, Յովհան Ոսկեբերանի, Ս. Կատարինէի եւ այլոց) մասունքները:
ԱՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
Սրբադասման արարողութեան դուրս բերուած է նաեւ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն թուագրուող արծաթեայ աջաձեւ մասունքարան մը՝ աջ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի մասունքով, որուն մէջ ամփոփուած է քրիստոնեայ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի մասունքը:
ԱՋ Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՈՅՍԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սրբութիւններէն է արծաթեայ ոսկեզօծ աջաձեւ մասունքարան մը եւս, որուն մէջ ամփոփուած է Ս. Հռիփսիմէ կոյսի մասունքը: Մասունքարանը թուագրուած է ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն: Ան նոյնպէս մաս կազմած է Սրբադասման արարողութեան դուրս բերուած սրբութիւններուն:
ԱՋ Ս. ԱՆԱՆԻԱ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
ԺԷ. դարուն պատրաստուած արծաթեայ ոսկեզօծ աջաձեւ մասունքարանին մէջ զետեղուած է Ս. Անանիա առաքեալի մասունքը: Սուրբ Անանիան Յիսուս Քրիստոսի եօթանասուն աշակերտներէն մին է, որ ձեռնադրուած է Դամասկոսի Պետրոս Եպիսկոպոսի ձեռքով:
ԱՋ Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն թուագրուող արծաթեայ աջաձեւ մասունքարանին մէջ ամփոփուած է Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ հայոց հայրապետի մասունքը: Ս. Սահակի աջը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած է Լիմ անապատէն:
ԱՋ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
Այս աջաձեւ մասունքարանը պատրաստուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ՝ 2008 թուականին (արծաթագործ՝ Մամիկոն Մխիթարեան): Մասունքարանին մէջ զետեղուած են Ս. Սարգիս զօրավարի մասունքները, որոնք յայտնաբերուած էին Ուշիի Ս. Սարգիս եկեղեցի-վկայարանի պեղումներու ժամանակ:
ԱՋ Ս. ԳԷՈՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
1928 թուականին Կալկաթայի մէջ պատրաստուած աջաձեւ մասունքարանին մեջ ամփոփուած է Ս. Գէորգ զօրավարի մասունքը: Աջը պատրաստուած է արծաթէ եւ ապա՝ ոսկեզօծուած է:
ԽԱՉ-ՄԱՍՈՒՆՔԱՐԱՆ Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐՈՎ
ԺԸ. դարուն պատրաստուած խաչ-մասունքարանի մէջ ամփոփուած են հայոց առաջին լուսաւորիչներէն Ս. Թադէոս առաքեալի եւ առաջին հայ նահատակ Ս. Սանդուխտ արքայադստեր մասունքները:
ԽԱՉ-ՄԱՍՈՒՆՔԱՐԱՆ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ
Կիլիկեան Հայաստանի մէջ ստեղծուած եւ ԺԴ. դարով թուագրուող խաչ-մասունքարանին մէջ ամփոփուած է Ս. Յովհաննէս Մկրտչի մասունքը:
ՄԱՍՈՒՆՔԱՐԱՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԵՒ ԱՅԼ ՍՐԲՈՑ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐՈՎ
ԺԹ. դարով թուագրուող ութանկիւն աստղաձեւ մասունքարանին մէջ ամփոփուած են Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ համաքրիստոնէական քանի մը սուրբերու մասունքներ: Մասունքարանը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին յանձնուած է 2012 թուականին:
ԶԷՅԹՈՒՆԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ
Զէյթունի նշանաւոր Աւետարանը Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ պահուող բազում գանձերէն մէկն է, որ, ինչպէս յայտնի է, ծաղկած է կիլիկեան դպրոցի նշանաւոր մանրանկարիչ եւ ծաղկող Թորոս Ռոսլին՝ 1256 թուականին՝ Հռոմկլայի մէջ: Ձեռագրի պատուիրատուն եւ ստացողը Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է: Ս. Աւետարանը Մատենադարանին նուիրած է Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Վերոնշեալ տասնչորս սրբութիւններն էին, որ մաս կազմած էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութիւններով կատարուած Սրբադասման արարողութեան:
ԱՅԼ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Մենք նկարագրեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ հայոց գանձարանի սրբութիւններէն միայն տասնչորսը, որոնց ձգած սրբագոյն խորհուրդը տակաւին թարմ է հաւատաւոր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ: Բայց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանին մէջ կը պահուին այլ սրբազան մասունքներ եւ կրօնական արուեստի յատուկ նմոյշներ եւս, որոնք ցուցադրութեան դրուած են համայն աշխարհի համար, եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածին այցելող հազարաւոր օտարերկրացիներ հիացմունքով եւ խորին ակնածանքով կը դիտէին հայոց գանձարանի գանձերը:
Թանգարանին մէջ կան բազմաթիւ մասնատուփեր: Ժամանակին արհեստաւոր վարպետները նշխարները պահելու համար մասնաւոր մասնատուփեր պատրաստելու աւանդոյթ մը ունէին: Այդ տուփերը կը պատրաստէին զանազան արհեստաւորներ, վարպետներ: Մասնատուփերը երբեմն կը գործածուէին եկեղեցւոյ մէջ արդէն երկար ժամանակ պահուած մասունքը ամփոփելու համար, իսկ աւելի յաճախ կը պատրաստուէին եւ յետոյ միայն կ՚որոշուէր, թէ ինչ մասունք պիտի պահուի այնտեղ: Թանգարանին մէջ պահուող գանձերէն է նաեւ Նոյեան Տապանի մասունքը, որ ամփոփած է 1698 թուականին պատրաստուած մասնատուփի մէջ, Անիի Յովհաննէս-Սմբատ արքայի՝ լեռնային բիւրեղէ պատրաստուած խաչը, Աշոտ Գ. Երկաթ թագաւորին խաչը, Հաւուց Թառ եկեղեցւոյ Ամենափրկիչը, Կոմիտաս Վարդապետի խոյրը, Ստեփանոս Լեհացիի, Վարդգէս Սուրենեանցի կտաւները եւ արուեստի այլ արժէքաւոր նմոյշներ: Թանգարանին մէջ նաեւ ցուցադրութեան դրուած են հայրապետական եւ վարդապետական հետաքրքրական գաւազաններ, Կոմիտասի թագը, Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսի շուրջառը եւ մետաքսեայ հանդերձ մը՝ ասեղնագործուած Չինաստանի հայ համայնքի կողմէ, զոր կը կրեն նոր ընտրուած կաթողիկոսները իրենց առաջին հայրապետական Սուրբ Պատարագի ժամանակ: Թանգարանի նշանաւոր ցուցանմոյշներէն է Սուրբ Միւռոնի արծաթեայ կաթսան, որուն մէջ կը պահուի սրբալոյս միւռոնը՝ խորհրդանիշը Հայ Եկեղեցւոյ միասնութեան: Թանգարանի երկրորդ սրահին մէջ կը գտնուին բիւզանդական եւ սլաւոնական հիասքանչ սրբապատկերներ, հայկական գորգեր եւ Յովնաթան Յովնաթանեանի (18-րդ դար) կարգ մը իւղանկարները, որոնք կը պատկերեն Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն սուրբերը: Գանձատան ամենաուշագրաւ մասը վերջին սրահն է, որ կը գտնուի առաջին յարկի հիւսիսային մասը, ներառնելով շուրջ հինգհարիւր նուէրներ, որոնք Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին ըն-ծայուած են իր գահակալութեան քառասուն տարիներու ընթացքին:
Ցուցադրուող բոլոր նմոյշները նաեւ հայոց սփիւռքի մասին կը պատմեն, քանի որ անոնցմէ շատեր կը ներկայացնեն այն տարածքաշրջանները, ուրկէ բերուած են անոնք: Մայր Աթոռին ընծայուած նմոյշները այստեղ հասած են աշխարհի տարբեր թեմերէ, հայկական համայքներէ, ընտանիքներէ ու անհատներէ:
Անցնող օրերուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բազմահազար հայերը ցոյց տուին, որ մեր եկեղեցին իր հոգեւոր ու մշակութային կարեւոր առաքելութեամբ դարերէ ի վեր համախմբած է աշխարհասփիւռ հայերը եւ այսօր ալ կը շարունակէ այդ առաքելութիւնը: Եւ բնաւ պատահական չէ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բացի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը ըլլալէ, դարձած է հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքաւոր ու սրբազան գոհարներու հաւաքատեղին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024