ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդկային յարաբերութիւնները անդառնալիօրէն փոխուած են մանաւանդ ընկերային ցանցերու պատճառով։ Այս նիւթը չենք մեկնաբաներ որպէս լաւ կամ վատ, բայց փաստ է, որ ընկերային յարաբերութիւնները այժմ «տարբեր են» եւ այս բանի հիմնական պատճառներէն մէկը տեւական զարգացող թեքնոլոժին է։ Շարժական սարքերու մեր կեանքերու ներմուծմամբ, մարդիկ ձեռք բերած են ամէնուր գտնուելու հնարաւորութիւնը։ Այս իրավիճակի մարդոց վրայ արտացոլումը տեղի ունեցաւ ժամանակի եւ տարածութեան անոնց ընկալման մշտական ​​փոփոխութեան տեսքով՝ «որեւէ տեղ, որեւէ ժամանակ գտնուելու հնարաւորութեան պատրանքի» շրջանակներէն ներս։

Ակնթարթային ծանուցումներու եւ ընկերային ցանցերու փոխազդեցութիւններու շնորհիւ, ժամանակի մեր ընկալումը եւս փոփոխութեան ենթարկուած է: Միեւնոյն ժամանակ, նահանջ մը խնդրոյ առարկայ է դէպի ակնթարթային հաճոյքներ եւ հեռու երկարաժամկէտ բաւարարուածութեան որոնումներէն:

Այնուամենայնիւ, երբ կ՚ըսենք տարածութիւն՝ իր սկզբնական իմաստով, կը փնտռենք իրականութիւն՝ սահմաններով եւ միեւնոյն ժամանակ զգայարաններու դրդում: Սակայն ընկերային հարթակները կը ներկայացնեն գոյութիւն՝ երկիմաստ սահմաններով: Սա կը նմանի երազի: Մենք հիմա լիովին ընկղմած ենք մէկէ աւելի վայրերէ եւ ժամանակներէ ներս անընդհատ գոյութիւն ունենալու պատրանքի մէջ եւ չենք կրնար այս վիճակը առանձնացնել ֆիզիքական իրականութենէն: Սա կը նմանի հաւաքական երազանքի: Բայց այստեղ «մէկը» ըլլալը աւելի շուտ է՝ քան իրական կեանքը։ 

Տարածութիւն հասկացութիւնը գոյութիւն ունեցած է պատմութեան ընթացքին՝ որպէս համաթեքստ մը, ուր մարդիկ կ՚արմատաւորուին եւ կը զգան պատկանելիութիւն: Այնուամենայնիւ, միայն վայրի մը մէջ գտնուելու փաստը կ՚ոչնչացուի միեւնոյն ժամանակ բազմաթիւ վայրերու մէջ գտնուելու թուային հնարաւորութեամբ: Բայց եւ այնպէս, հարցը այն է, որ «ամէնուր ըլլալու վիճակը» իրականութեան մէջ որեւէ տեղ չգտնուելու դատարկութիւնն է:

Ամէնուր ըլլալու պատրանքը կը թաքցնէ ֆիզիքական աշխարհի մէջ որեւէ տեղ պատկանիլ չկարողանալու իրականութիւնը: Քանի որ տարածութեան ընկալումը ցնցուած է: Սակայն, տարածութիւնը մարդոց կու տայ պատկանելիութիւն, արմատաւորում եւ իմաստ: Թուային տարբերակի պարագային այս կապերը ամբողջութեամբ կ՚անհետանան։ Այստեղ գոյութեան ջանքը կը նշանակէ պատկանելիութեան զգացման պակաս կամ կորուստ։ Ընկերային ցանցերու իւրաքանչիւրը, առանց բացառութեան, կրնայ առաջարկել մշտապէս հասանելի «տարածութիւն»։ Իրականութեան մէջ այսպէս մարդիկ կը ներքաշուին անջատուած ու վերացական, նոյնիսկ կեղծ գոյութեան մէջ։

Ընկերային ցանցերու հետ ինքնութիւնը դարձած է ցուցափեղկ: Մինչ բոլորը իրենք զիրենք ցուցադրելու տարածք կը ստեղծեն, բացայայտ ինքնութեան եւ թաքնուած իրականութեան միջեւ անջրպետը աստիճանաբար կը խորանայ: Ինքնութիւնը վերածուեցաւ անընդհատ կառուցուող պատրանքի: Այսպէսով հնարաւորութիւն ծնաւ բազում մարդոց ստեղծել անհատականութեան բազմաթիւ օրինաչափութիւններ: Սա հաւասար է անապահովութեան եւ մակերեսային ու «միանգամեայ օգտագործման յարաբերութիւններու»։

Ալկորիթմներու ստուերին սկսան ի յայտ գալ յարաբերութիւններու թուային ձեւերը։ Սիրոյ խոր իմաստը վերածուած է ալկորիթմներու ստուերին «համապատասխանութեան»: Ընկերներն ու գործընկերները սկսան ընտրուիլ այնպէս, ինչպէս կարծէք անոնք ապրանքներ ըլլային ելեկտրոնային առեւտուրի կայքէն: Մարմնի լեզուն, հայեացքը, ժեստերն ու յոյզերը ոչնչացան՝ թուային տարածութեան մէջ «իմոժի»ներու միջոցով, որ նոյնիսկ մարդոց ֆիզիքական մարմինը, դէմքի արտայայտութիւնները հետեւած են այս տափակութեան: Մարդիկ, որոնք «սելֆի»ներ կը լուսանկարեն, իւրաքանչիւր պահը, ամէն դրուագը կը տեսնեն որպէս ցուցադրուող առարկայ։

Պարզապէս հաղորդագրութիւններ. արագ, կարճ եւ մակերեսային… իսկ այստեղ, բառերու փոխարէն նոյնիսկ լռութիւնը անհետացում չէ, ուղղակի ֆոնային աղմուկ է: Այստեղ թաքնուած են ամուսնալուծութիւններու ու դաւաճանութիւններու աճի ու բարեկամական յարաբերութիւններու թուլացման հիմնական պատճառները։ Օրինակ, հաւատարմութեան եւ դժգոհութեան շրջադարձը թուայնացման ամենամեծ հետեւանքներէն մին է: Ընկերային ցանցերու այլ տարբերակներու անընդհատ ենթարկուիլը կը քայքայէ հաւատարմութեան զգացումը: «Աւելի լաւ» այլընտրանքի մը գոյութեան որոնումը կը խաթարէ երկարաժամկէտ յարաբերութիւններու հանդէպ հաւատը եւ կ՚աւելցնէ դժգոհութեան զգացումը: Եթէ ​​մարդ անընդհատ աւելի լաւը կը փնտռէ, ապա սա կը նշանակէ, որ իր ունեցածը կ՚արժեզրկէ կամ այդ արժէքը այլեւս չի կրնար ընկալել: Յարաբերութիւնները կը մնան մակերեսի վրայ:

Ճիշդ այսպէս անհետացաւ իրականը։ Մեծամասնութիւնը տակաւին տեղեակ չէ այս իրականութեան։ Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք։ Ժամանակը չի վերադառնար։ Յամենայնդէպս, կարելի է փորձել իսկապէս գոյութիւն ունենալ ֆիզիքական տարածութեան մէջ, թէկուզ պահ մը՝ առանց այս մոլագար շտապողականութեան մէջ իյնալու: Կրնանք փորձել, չէ՞:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024