ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՈՍԿԵԴԱՐԸ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԱՏՈԼՈՒԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Զրոյցներ» շարքի հերթական թողարկումը սփռուեցաւ: Նիւթը երաժշտական էր, բայց նաեւ՝ պատմական: Խորագիրը՝ «Արա Տինքճեանը՝ հայ-ամերիկեան նուագախմբային երաժշտութեան ոսկեդարի մասին»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած հայազգի երաժիշտ, նշանաւոր ուտահար Արա Տինքճեան պատմութիւն մը ներկայացուց, որու ամէն մէկ տողը ունկնդիրը փոխադրեց դարասկիզբ՝ հասնելով մինչեւ մեր օրեր: Ան պատմեց ծանօթ եւ անծանօթ պատմութիւն մը՝ ԱՄՆ հասած անատոլահայերու կեանքէն եւ կարօտալի ճամբորդութեան դուռեր բացաւ երաժշտութեան միջոցով:
Հայ-ամերիկեան երաժշտախումբերու արմատներու բացայայտումը միաժամանակ կը բացայայտէ հայոց պատմութեան նշանակալի դրուագներ:
Անցեալ դարասկզբի դէպքերու պատճառով շատ հայեր, Օսմանեան կայսրութենէն գաղթելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ իրենց արհեստներով եւ ունեցած հնարաւորութիւններով նոր կեանքի սկսած են ովկիանոսէն անդին: Անոնք շարք մը գործերու կարգին ամերիկեան հողին վրայ բացած են նաեւ ձայնագրման սթիւտիոներ: Վերաբնակեցումը դժուար էր, անասելի խոչընդոտներ կային, որոնց գումարուած էին նաեւ կորուստի եւ անցեալի պատմութիւնները: Սակայն ԱՄՆ գաղթած հայերը նոր կեանքի իրենց ճանապարհը սկսած են հաստատել նաեւ երաժշտութեամբ: Երգը, երաժշտութիւնը տեսակ մը սփոփանք եղած են հայերու համար, անոնք հայրենակցական միութիւններ ստեղծած են ԱՄՆ-ի մէջ, այդ միութիւններու հաւաքներուն երգած են իրենց ծննդավայրերուն բնորոշ երգերը: Սկզբնական շրջանին խնջոյքներուն, արեւելեան աւանդոյթով, կը մասնակցէին միայն տղամարդիկ, կ՚ուտէին, կը խմէին եւ կ՚երգէին: Յետոյ անոնց միացած են նաեւ ընտանիքները, իսկ երբ երեխաները մեծցած են, կազմակերպուած են պարի երեկոներ, որպէսզի նոր սերունդի երիտասարդները ծանօթանան իրարու, այդպէս ալ ի յայտ եկած են ամերիկահայերու կեանքին մէջ մեծ տեղ գրաւող «քէֆի երեկոները», որոնց ընթացքին հայերէնէ զատ նաեւ յունական եւ թրքական երաժշտութիւն կը հնչէր: Անատոլուէն տարուած արեւելեան նուագարաններուն միացած են նաեւ ժամանակակից երաժշտական գործիքներ, հնագոյն մեղեդիները նոր կեանք ստացած են գաղթեալ հայերու եւ անոնց զաւակներու շնորհիւ: «Մարկոսեաններ», «Եփրատ», «Բարսեղեան», «Շամլեան», «Փարոս», «Աշուղ ռեքըրթս», «Հրանդ ռեքըրթս» եւ հայերու հիմնած այլ սթիւտիոներ իրենց նշանակալի հետքը ձգած են ամերիկեան ձայնագրման սթիւտիոներու պատմութեան մեջ. անոնց ծառայութիւններէն նաեւ ամերիկացիները կ՚օգտուէին:
Արա Տինքճեանը այդ սթիւտիոներու մէջ ձայնագրուած ձայնասկաւառակներու մեծ հաւաքածոյ մը ունի՝ քանի մը հազարի հասնող ձայնասկաւառակներ, որոնք հաւաքած է տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոնք բացառիկ են՝ ամերկահայերու՝ անցեալ դարու երաժշտական պատմութիւնը պատմելու համար: ԱՄՆ-ի մէջ ձայնագրուած առաջին հայկական այդ երգերէն օրինակներ կը պահուին նաեւ աշխարհի խոշորագոյն գրադարանի՝ Քոնկրէսի երաժշտական բաժնին մէջ, ամերիկեան ձայնագրման ընկերութիւններու արխիւներէն ներս, թանգարանները եւ մասնաւոր տեղեր, բայց Արա Տինքճեանի այս հաւաքածոն ամենաամբողջականն է աշխարհի մէջ: Քոնկրէսի գրադարանը իր ունեցածը ամբողջացնելու համար հետաքրքրուած է Արա Տինքճեանի հաւաքածոյով: Ան այս՝ 2024 թուականի ընթացքին ատոնք կը պատրաստուի նուիրելու աշխարհի ամենախոշոր գրադարանին՝ պայմանով, որ հասանելի ըլլայ հանրութեան: Հաւաքածոյի նմոյշները Արա Տինքճեանը ձեռք բերած է թէ՛ Թուրքիայէն, թէ՛ ԱՄՆ-էն՝ տուներու, հնավաճառներու եւ հաւաքորդներու մօտ փնտռելով ամերիկեան ձայնագրման սթիւտիոներու կնիքը կրող ձայնապնակներ: Տարիներու անխոնջ աշխատանք է այս մէկը, որ Տինքճեանի համար գրեթէ կեանքի գործ դարձած եւ անցեալը մոռացութենէն փրկելու առաքելութեան վերածուած է: Ան մէկ առ մէկ ուսումնասիրած է բոլոր երգերու պատմութիւնը, երգիչներու կեանքը, խումբերու ստեղծման արմատները: Գարեգին Բրուտեան, Յովսէփ Շամլեան, Մանուկ Ճանիկեան, Ենովք Տէր-Յակոբեան, Աշուղ Մուրատ Էլանճեան, Խարբերդցի Գարեգին, Խոսրով Մալուլ, Կարպիս Պաքըրճեան եւ բազմաթիւ այլ անուններ այսօրուայ երաժշտասէրին գուցէ բան մը չըսեն, բայց անոնք ու անոնց երգերը 20-րդ դարու սկզբին եղած են ներգաղթած ամերիկահայերու կեանքի անբաժան մասը եւ այսօր ալ հին ու նոր աշխարհներ միացնելու, նոր երկխօսութիւններ սկսելու ճամբայ կարող են բանալ:
Ինք՝ Տինքճեան ճանչցուած է մշակութային ըմբռնումը խթանելու համար իր երաժշտական կատարումներով՝ աշխարհի 28 երկիրներու մէջ, եւ այդ ելոյթներուն զուգահեռ ան վարած է աշխատանոցներ, որոնց ընթացքին ներկայացուցած է հայ երգի այս իւրայատուկ ճանապարհը: Այդ պատմութեան ընթացքին ի յայտ կու գայ, որ հայեր ամերիկեան հողին վրայ հաստատուած են տակաւին մինչեւ անցեալ դարասկիզբի դէպքերը, եւ հայ երգը հայ մարդուն անբաժան ուղեկիցը եղած է միշտ:
Իր առցանց զրոյցի ժամանակ Արա Տինքճեան կը յիշատակէ հայ-ամերիկեան երաժշտական ոսկեդարի անուններէն Ոսպիկեանները, Ճորճ Մկրտիչեանը, Ռիչըրտ Յակոբեանը, Հարրի Մինասեանը, Ճոնի Պէրպէրեանը՝ անոնց ուրախութեան, տխրութեան առիթներու երգերը, շուրջպարերը, խնջոյքի եւ կատակ-երգերը նկատելով մեր երաժշտական ժառանգութեան անբաժանելի մասը: Ան կը ներկայացնէ հետաքրքրաշարժ փաստեր եւ պատկերացումներ այս նիւթի մասին:
«Ոսպիկեան»ը, օրինակ, եղած է Ամերիկայի հայ համայնքի պատմութեան ամենաազդեցիկ խումբերէն մէկը: Խումբը մանաւանդ սիրուած եղած է Արեւելեան ափի երկրպագուներու կողմէ, ձայնագրած է ձայնապնակներ, նաեւ իբրեւ պարախումբ ալ առաջին ամերիկաբնակ հայկական պարախումբն էր, որը նշանակալի ճանապարհ անցած է զայն հիմնողներու ծնողքի պատմական հայրենիքէն դուրս:
«Ոսպիկեան» խումբը սկսած են երեք եղբայրներ՝ Սամ (Սահակ) Ոսպիկեան (1919-2012թթ.), Մայք (Մանուէլ) Ոսպիկեան (1921-2019թթ.) եւ Ճօ (Յովսէփ) Ոսպիկեան (1924-2012թթ.): Անոնք ծնած են Ֆիլատելֆիա՝ բնիկ մալաթիացիներ Պետրոս եւ Վարդանոյշ Ոսպիկեաններու ընտանիքին մէջ: Երաժշտութեամբ սկսած է զբաղիլ նախ հայրը՝ Պետրոսը, որ քլարինէթ կը նուագէր, եւ եղբօր, ընկերներու, զարմիկներու հետ միշտ կը խմբուէին, անոնք ալ ուրիշ երաժշտական գործիքներ կը նուագէին: Յետոյ ընտանիքի զաւակները աւելի լրջօրէն սկսած են զբաղիլ երաժշտութեամբ, որ ձեւով մը ընտանիքի գործը դարձած է:
Ստեղծուած է խումբ, որ 1949-1951 թուականներուն թողարկած է «Ոսպիկեան» անունը կրող տասնմէկ ձայնագրութիւն, որոնք ժամանակի փորձութիւնը անցած եւ սիրուած դարձած են ամերիկահայ համայնքին մէջ: Այդ ձայնագրութիւնները շատ տարածուած էին այն ժամանակ եւ ազդեցիկ էին հայկական աւանդական երաժշտութեան միաձուլման համար, որուն յետոյ աւելցած է ճազը: Քանի որ խումբի անդամներուն ծնողքն ու վարպետները Անատոլուի հայկական գիւղերու բնիկ երաժշտութիւն կը նուագէին, խումբն ալ յետոյ միշտ հաւատարիմ մնացած է այդ արմատներուն: Հայերը պար կը բռնէին այդ երգերու տակ, կը ճոխացնէին իրենց հարսանեկան եւ միւս առիթները: Խումբը այսօր ալ կը գործէ՝ համայնքի կեանքին մէջ իր աւանդական կեցուածքը պահպանելով:
Արա Տինքճեան իր զրոյցի ընթացքին կը յիշատակէ նաեւ անունը Օննիկ Տինքճեանի, որ իր հայրն է՝ նշանաւոր ժողովրդական եւ ծիսական երգիչ, երաժիշտ, երաժշտահան ու քնարերգակ:
Օննիկ Տինքճեան Փարիզ ծնած է՝ 1929 թուականին։ Ծնողքը՝ Կարապետ եւ Զորա, հոն հասած էին Տիգրանակերտէն եւ անոնց հետ ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է 1946 թուականին։ Տինքճեանի երաժշտական ամենավաղ փորձը եղած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան գեղարուեստական մենակատար էր: 1952 թուականին Միացեալ Նահանգներու բանակին միանալէն յետոյ ան դարձած է մենակատարը հանրաճանաչ խումբի մը, որ կը զուարճացնէր զօրքերը՝ ամբողջ Եւրոպայի մէջ՝ Քորէայի պատերազմի ժամանակ: Երբ ան կը վերադառնայ բանակէն, կը բանայ իր չոր, առանց ջուրի (քիմիական) մաքրման խանութը, կ՚ամուսնանայ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն Արաքսի Մաքսեանին (Մղսեան) հետ, որուն արմատներն ալ եղած են Խարբերդէն: Անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Անահիտ եւ Արա: Օննիկ Տինքճեանը ելոյթներ ունեցած է աշխարհի շատ նշանաւոր կեդրոններու մէջ, Քոնկրէսի գրադարանը, Սմիթսոնեան Գաւառական կեանքի փառատօնին Քենետի կեդրոնի՝ «Հազարամեայ պեմ»ին վրայ, Իսթանպուլ եւ այլ վայրեր: 2020 թուականին երաժիշտը ստացած է Ազգային ժառանգութեան պարգեւը, որ Միացեալ Նահանգներու արուեստներու ազգային կաճառը կը շնորհէ ժողովրդական եւ աւանդական արուեստի գործիչներուն։
ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆ
ՀԲԸՄ «Զրոյցներ» շարքի երաժշտական վերջին բանախօսը՝ Արա Տինքճեան կը սեպուի ուտ հարուածային գործիքին գլխաւոր նուագողներէն։ Անոր յօրինումները հրապարակուած են 13 լեզուներով. ինչպէս օրինակ՝ «Տինաթա» յօրինումը որ հնչած է 2004 թուականի Աթէնքի Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութեան:
Տինքճեան յօրինած է բազմաթիւ գործեր՝ հանրածանօթ յոյն Էլեֆթերիա Արվանիթաքի եւ Սեզէն Աքսու երգչուհիներուն համար։ Բազմաթիւ թուրք երգիչներ ձայնագրած են անոր երգերը. ինչպէս օրինակ՝ Կիւլշէն, Քիպարիյէ, Մինէ Քոշան, Ահմէտ Քայա, Ճոշքուն Սապահ, Պուրճու Կիւնէշ։
Մասնագէտներ իւրայատուկ կը նկատեն անոր յօրինումները, որոնք պալքանեան, յունական եւ հայկական երաժշտութեան խառնուրդ մըն են։ Իր երաժիշտի ասպարէզին մէջ ան կը զարգացնէ իւրայատուկ ոճ, որ կը բխի իր արեւելեան եւ արեւմտեան արմատներէն։
Արա Տինքճեան երաժշտական աշխարհ մտած է՝ 5 տարեկան հասակէն՝ թմբուկ նուագած է 1964-ին Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսին, ընկերակցած է Ճոն Պէրպէրեանին եւ Ճորճ Մկրտիչեանին։ Այս տարիքին ընկերակցած է նաեւ իր հօր՝ Օննիկ Տինքճեանին։ Շնորհիւ շահած կրթաթոշակին, ան ուսանած է Հարթ սքուլ արուեստի դպրոցը (Հարթֆորտ), ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1980 թուականին։ Հոն կը սորվի նուագել զանազան նուագարաններ՝ դաշնակ, կիթառ, թմբուկ, ուտ։
1985-ին կը կազմէ քառեակ մը եւ կը գործակցի նշանաւոր ձայնագրութեան ընկերութիւններուն հետ։
Արա Տինքճեան իր շրջապտոյտներու ընթացքին, մեծապէս կ՚ազդէ ուրիշ երաժիշտներու ալ։ Սպասուած հիւր է մանաւանդ ուտի փառատօներուն եւ այն երաժշտական ձեռնարկներուն, ուր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երաժշտական աշխարհները միաւորող փորձեր կը կատարուին:
2002-ին ան Հայաստանը ներկայացուց «Ուտի առաջին միջազգային հաւաք»ին (Սելանիք), ուր հաւաքուած էին ուտ նուագող 12 աշխարհահռչակ վարպետներ:
Տինքճեան բազմաթիւ ձայնասկաւառակներ թողարկած է, եւ յառաջաբան գրած է վերջերս թողարկուած գիրքի մը համար, որ թրքական «Քալան» ձայնագրման ընկերութիւնը թողարկած է: «Հայերը Ամերիկայի մէջ» երկլեզու (անգլերէն եւ թրքերէն) գիրքը՝ երեք ուղեկցող ձայնասկաւառակներով, կրկին Օսմանեան կայսրութենէն Ամերիկա հասած հայերու երաժշտական պատմութեան մասին է: Ձայնասկաւառակներու մէջ ներառուած 58 երգերը ընտրուած են Արա Տինքճեանի հարուստ հաւաքածոյէն: Տինքճեան ատոնք սիրով տրամադրած է թրքական ընկերութեան՝ հաւատալով այն եզակի գործին, որ «Քալան»ը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ՝ 1991 թուականէն սկսեալ: Մասնաւորապէս այս ընկերութիւնը մոռացութենէն փրկած եւ ձայնագրած է Անատոլուի ազգային ու մշակութային բազմազանութիւնը ներկայացնող հազուագիւտ նմոյշներ՝ փոքրամասնութիւններու բնիկ լեզուներով: Ատոնք ժողովրդական, կրօնական, ծիսական, ազգային երգեր ու մեղեդիներ են: Հայկական երաժշտութիւնը զատ ձայնասկաւառակներով ներկայացնելը եղած է «Քալան»ի հիմնադիր Հասան Սալթըքի երազանքներէն մէկը, որու ուղղութեամբ ան տարիներով աշխատած է: Անոր մահէն ետք գործը շարունակուած է, եւ հայկական այս նախագիծը մէջտեղ եկած է: «Քալան»ի թողարկած 400-է աւելի ալպոմներու մէջ առաջ ալ եղած են հայկական երգեր: «Քալան» թողարկած է Խաչատուր Աւետիսեանի «Ողբերգ»ը, Տերսիմի երգերու «Փեթակ» ալպոմը, որուն մէջ Կոմիտասի սաներէն Միհրան Թումաճանի հաւաքած ժողովրդական երգերն են: Կոմիտասի չհրատարակուած գործերու վերամշակմամբ «Քալան»ը կեանքի կոչած է նաեւ «Երգարան» ալպոմը, համագործակցած է Շահան Արծրունիի հետ, ծրագրեր ունի մշակելու նաեւ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի քրտական բաժնի երաժշտական արխիւը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024