ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՆՈՒԱԳԵՑ ՔԱՂԱՔԻՍ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Իս­թան­պու­լի Ֆրան­սա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին նուագ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի։ Իս­թան­պու­լի մօտ Ֆրան­սա­յի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Միւ­րիէլ Տո­մե­նա­քի եւ ա­մուս­նոյն՝ Օ­լի­վիէ Պու­քէի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ո­գե­կոչ­ման ցոյ­ցէն ան­մի­ջա­պէս վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, ո­րուն հրաւի­րուած էին քա­ղա­քիս մէջ ո­գե­կո­չում­նե­րուն մաս­նակ­ցած ար­տա­սահ­մա­նեան բազ­մա­թիւ գոր­ծիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան հե­տա­մուտ շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, քա­նի մը տա­րիէ ի վեր Իս­թան­պու­լի ո­գե­կո­չում­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պուին, ըստ էու­թեան, ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն են «DurDe!»ն, Եւ­րո­պա­յի հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան շար­ժու­մը (EGAM) եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղը։ Այս կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ սոյն ծրագ­րին գծով տա­րուած աշ­խա­տան­քը կը գլխա­ւո­րեն՝ Լե­ւենտ Շեն­սե­ւեր, Պեն­ժա­մէն Ապ­տան եւ Նի­քո­լա Դա­ւի­թեան, ո­րոնց բո­լորն ալ ներ­կայ էին ըն­դու­նե­լու­թեան։ Հրա­ւի­րեալ­նե­րու շար­քին էին նաեւ Լիզ­պո­նի «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թե­նէն Մար­թին Ե­սա­յեան, նոյն հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Ռազ­միկ Փա­նո­սեան, դե­րա­սա­նու­հի Ար­սի­նէ Խան­ճեան եւ այլք։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ա­ւագ հիւ­պա­տոս Միւ­րիէլ Տո­մե­նաք, որ ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը ու շեշ­տեց, թէ հայ­կա­կան հ ար­ցին շուրջ Ֆրան­սա­յի դիր­քո­րո­շու­մը ծա­նօթ է բո­լո­րին, մինչ նոյն ա­ռա­ւօ­տուն Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ մաս­նակ­ցած էր Ե­րե­ւա­նի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման մղիչ ու­ժե­րէն մին հան­դի­սա­ցող «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Օս­ման Քա­ւա­լա։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ ներ­կա­նե­րը ունկնդրե­ցին Շա­հան Արծ­րու­նիի նուագ­նե­րուն։ Բո­լո­րին հա­մար ան­բա­ցատ­րե­լի հա­ճոյք մը ե­ղաւ ան­մի­ջա­կան մթո­լոր­տի մէջ, բա­ժակ­ներ ի ձե­ռին ունկնդ­րել Շա­հան Արծ­րու­նիին, որ իր անկրկ­նե­լի վար­պե­տու­թեամբ հեր­թա­կան ան­գամ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց ունկն­դիր­նե­րուն վրայ։

Միւ­րիէլ Տո­մե­նաք-Օ­լի­վիէ Պու­քէ ա­մո­լը այս առ­թիւ Շա­հան Արծ­րու­նիին նուի­րեց քա­ղա­քիս Ֆրան­սա­կան պա­լա­տին վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած ալ­պոմ-հա­տո­րը։ Ֆրան­սա­ցի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սը այս առ­թիւ ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Շա­հան Արծ­րու­նիի նուագ­նե­րուն հա­մար։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015