ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԿՈՍԻ ՅԱՋՈՐԴԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով, 20 Ապրիլին, Հայաստան ժամանեց այս օրերու առաջին բարձրաստիճան հիւրը՝ Աղեքսանդրիոյ եւ համայն Ափրիկէի Պապ, Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Նորին Սրբութիւն Թեւադրոս Բ.: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսաց դասուն հետ հանդիպում ունենալէ եւ իր պատուին կատարուած բարիգալստեան «Հրաշափառ»ի արարողութեան մասնակից ըլլալէ ետք ղպտի հոգեւոր առաջնորդը մեկնեցաւ երեւանեան իր կեցութեան վայրը՝ Կառավարութեան ընդունելութիւններու տուն, ուր ալ, իր երեկոյեան ընթրիքէն ետք, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանի եւ Եգիպտահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ Սրբազանի ջանադրութեամբ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին: Սուրբ Մարկոսի Աթոռի Պատրիարքը սիրով ընդունեց մեզ, իսկ զրոյցի աւարտին ընծայեց հին եգիպտական իմաստուն խօսքերէ կազմուած յիշատակի գիր մը, որ իր հետ բերած էր Եգիպտոսէն:
Համայն Ղպտիներու Պատրիարքը առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան եւ Երեւանի մէջ կը մնայ մինչեւ Ապրիլի 25-ը:
Նորին Սրբութիւն Պապը իր պաշտօնին ընտրուած է 2012 թուականի Նոյեմբերին, երբ վախճանեցաւ Եգիպտոսի ղպտիներու նախորդ առաջնորդ Շենուտա Գ. Պատրիարքը:
Ղպտիներու հոգեւոր առաջնորդը նշանաւոր կրօնական գործիչ է քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներուն մէջ: Թեւադրոս Բ. 1975 թուականին Աղեքսանդրիոյ համալսարանէն վկայուած է դեղագործութեան պսակաւոր գիտութեան վկայականով, ապա իր ուսումը շարունակած է Անգլիոյ մէջ: Ան ծանօթ է իբրեւ փոքրիկներու կրօնական դաստիարակութեան մեծ կարեւորութիւն տուող անձնաւորութիւն մը, որովհետեւ նոր սերունդը կը նկատէ եկեղեցւոյ զարթօնքի գրաւականը: Հոգեւոր առաջնորդը Աստուածաբանութեան վերաբերեալ տասներկու գիրքերու հեղինակ է: Մինչ հոգեւոր ծառայութեան անցնիլը, ան կառավարած է դեղագործական ձեռնարկութիւն մը, եւ ունի մեծ փորձ եւ կառավարական հմտութիւններ, որոնք գահակալութեան առաջին տարիներուն օգնած են ղպտիներու համար ոչ դիւրին ժամանակներուն։ Ծանօթ է, որ Աղեքսանդրիոյ եւ Ս. Մարկոսի Աթոռի Պատրիարքը գահակալութեան առաջին շրջանին խիստ քննադատութեան ենթարկած է Եգիպտոսի օրուան կառավարութիւնը, նշելով, որ իսլամամէտներու կողմէ ընդունուած նոր Սահմանադրութիւնը խտրականութիւն կը դնէ ղպտիներու եւ մահմետականներու միջեւ: Ղպտիներու հոգեւոր առաջնորդը յայտարարած է, որ Եգիպտոսի բնակչութեան 10 առ հարիւրը կազմող ղպտիները կարելի չէ դիտարկել որպէս փոքրամասնութիւն, քանի որ անոնք Եգիպտոսի հնագոյն ժողովուրդի անբաժանելի մասը կը կազմեն, եւ ըստ աւանդութեան՝ ղպտիները հին եգիպտացիներու հետեւորդներն են: Իսկ այսօր, ինչպէս ըսաւ Գերերջանիկ Պատրիարքը, Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին լաւ յարաբերութիւններ կը փորձէ հաստատել Եգիպտոսի ներկայ ղեկավարութեան հետ, մանաւանդ ղպտիներու իրաւունքներու վերահաստատման առումով: Եգիպտոսի մէջ Օսմանեան շրջանէն օրէնք մը կայ եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ, որով երկրին մէջ կը սահմանափակուի քրիստոնէական եկեղեցիներու կառուցումը եւ այդ օրէնքին մասին խօսելով, Նորին Սրբութիւն Պապը ըսաւ, որ կը փորձեն այդ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու մթնոլորտ ձեւաւորել երկրէն ներս:
Ան երեք տարուան ընթացքին կատարած է բազմաթիւ հովուապետական այցելութիւններ, հանդիպած է քրիստոնէական եկեղեցական կառոյցներու եւ ներկայացուցիչներու հետ՝ գտնելով միջեկեղեցական համագործակցութեան եզրեր:
Երբ մեր զրոյցին սկսանք, Ղպտիներու Առաջնորդը ըսաւ, որ իրեն համար մեծագոյն պատիւ է հիւրընկալուիլ եկեղեցւոյ մը կողմէ, որուն հետ ղպտիները ունին հզօր պատմական կապեր։ «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ այս այցելութեան համար: Հայ Եկեղեցին մասնակից եղաւ Շենուտա Պապի վախճանման սուգին, Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները մասնակցեցան մեր Պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան, ինչպէս նաեւ անկէ ետք ներկայ եղան իմ պապական աթոռը ստանձնելու արարողութեան», ըսաւ Թեւադրոս Բ. Պապը։ Ան յիշեց, որ 2012 թուականի 18 Նոյեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան պատուիրակութիւնը Եգիպտոսի Գահիրէ քաղաքին մէջ մասնակցած է իր գահակալութեան արարողութեան՝ փոխանցելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը:
Այնուհետեւ խօսելով հայ-ղպտիական յարաբերութիւններու մասին, ըսաւ, որ Հայ եւ Ղպտի եկեղեցիները կը պատկանին Հին Արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքին, ղպտիները եւս առաքելական են։ Անոնց դաւանանքը նոյնն է Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան հետ։ Անոնք ունին հաւատքի նոյն սկզբունքները, եւ հաղորդական միութեան մէջ։ Այսինքն մեր եկեղեցւոյ անդամը կրնայ հաղորդուիլ Ղպտի Եկեղեցոյ մէջ եւ փոխադարձաբար: Ղպտիներու Հոգեւոր Առաջնորդը ըսաւ, որ հայ-ղպտիական յարաբերութիւնները վաղ միջնադարուն ձեւաւորուած են, եւ մինչեւ այսօր այդ կապերը հզօր մնացած են աշխարհի տարածքին: Ղպտի Եկեցեցւոյ գահերէցը նաեւ յայտնեց, որ Երեւանի մէջ է՝ մասնակցելու համար 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ՝ Սրբադասման կարգին։ «Այս սրբադասումը շատ կարեւոր է նաեւ Ղպտի Եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ մենք խորքին մէջ այդ նահատակներուն բարեխօսութեան կարիքը ունինք», ըսաւ Թեւադրոս Պապը:
Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, Ղպտիներու Հոգեւոր Առաջնորդը ըսաւ. «Արեւելքը օրհնեալ է: Երեք կարեւոր կրօնները՝ քրիստոնէութիւնը, իսլամութիւնը եւ մովսիսականութիւնը սկիզբ առած են Արեւելքի մէջ: Բարձրեալն Աստուած ուզեց, որ Արեւելքը բազմակրօն տեղ մը ըլլայ: Եւ այս կրօններու հարստութիւնը խորքին մէջ օրհնութիւն է բոլորիս համար։ Եթէ որոշ ուժեր կը փորձեն իր պարունակէն դատարկել Միջին Արեւելքը, գործած կ՚ըլլան Աստուծոյ կամքին դէմ: Քրիստոնեաները պարպել, դատարկել, գաղթականութեան մղել, կը նշանակէ Աստուծոյ կամքին դէմ գործել: Եւ մի՛ մոռնաք, որ ինչպէս Աւետարանին մէջ նշուած է՝ «Քրիստոսի անունով վկայութիւն տուողները պիտի հալածուին»: Քրիստոնեայ մարդը բաւարար ուժ ունի այդ հալածանքները տանելու, եւ ունի մեծ սիրտ՝ չարակամները ներելու, միշտ ներող եղած է քրիստոնեայ մարդը: Եւ բոլոր անոնք, որոնք այսօր իրենց արիւնը եւ կեանքը կը նուիրաբերեն, անոնք Քրիստոսի վկաներն են Միջին Արեւելքի մէջ: Մեր ճակատագիրն է վկայել յանուն Յիսուսի»:
Մեր զրոյցի ընթացքին ան խօսեցաւ նաեւ վերջին տարիներուն Եգիպտոսի դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոս անցաւ ծանր տագնապներէ: Ան ըսաւ, որ այսօր երեւելի է, որ երկիրը տագնապէն դուրս կու գայ:
«Չմոռնանք, որ Եգիպտոսը արաբական երկիրներու խիղճն է եւ արաբներու ու աշխարհի միջեւ հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան կարեւոր կամուրջ կը համարուի: Եգիպտոսը Միջին Արեւելքի սիրտն է, Եգիպտոսը ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ ամբողջ աշխարհի սիրտն է, եւ չմոռնանք, որ Եգիպտոսը օրհնեալ երկիր մըն է, որովհետեւ մեր Տէրոջ, Յիսուսի Քրիստոսի ոտքերը դպած են անոր հողին: Անոր համար է, որ օրհնուած է այս երկիրը: Դուք ձեր հարցումին մէջ անդրադարձաք Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներու դէմ առկայ հալածանքին: Խորքին մէջ հալածանքը մեծ բառ է, որովհետեւ ինչ որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, տարբե՛ր խնդիրներու, տարբե՛ր ընկերային, տնտեսական, քաղաքական խնդիրներու կուտակումին հետեւանքով էր, եւ այդ խնդիրները ունին տարբեր պատճառներ, որոնց մասին կը նախընտրեմ այստեղ չանդրադառնալ: Բայց այսօր մենք դարձեալ ոտքի կը կանգնինք, մենք ունինք նոր նախագահ բոլոր եգիպտացիներուն համար, ունինք նոր սահմանադրութիւն, ունինք նոր կառավարութիւն, ունինք նոր մտածելակերպ, որպէսզի կարողանանք մեր երկիրը ճիշդ կառավարել։ Հետեւաբար մենք՝ ղպտիներս աւելի ապահով պայմաններու մէջ կ՚ապրինք այսօր: Մենք մեծ յոյսերով կը նայինք ապագային: Եւ վստահ ենք, որ Եգիպտոսը պիտի վերստանձնէ իր առաջնորդող դերը շրջանին մէջ եւ սատար պիտի կանգնի իրեն բարեկամ բոլոր դրացիներուն», ըսաւ Թեւադրոս Բ. Պապը:
Տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութիւն ստեղծելու գործին մէջ կարեւորելով եկեղեցւոյ դերը, Թեւադրոս Բ. ըսաւ, որ եկեղեցին խաղաղութիւն ստեղծող կառոյց մըն է, իւրաքանչիւր երկրի մէջ եկեղեցին պարտաւոր է իր կատարած գործով ապացուցել սէրը, անով կերտելով խաղաղութեամբ հասարակութիւն: «Մենք կը սիրենք բոլորը, մենք խաղաղութիւն կը փորձենք հաստատել մարդոց սիրտերուն մէջ», ըսաւ ան:
Ան խօսեցաւ նաեւ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի պատգամին մասին։ Ան շեշտեց, որ յոյս ունի, թէ այդ պատգամը իր տեղը գտաւ եւ հասաւ անոնց, որոնք շատ կարեւոր ընելիք ունին այս խնդիրներու լուծման համար: «Մի՛ մոռնաք, որ խաղաղութիւն կարելի է կերտել միայն հաշտութեան եւ ներողամտութեան շնորհիւ: Մենք, որպէս քրիստոնեաներ, մեր ամէնօրեայ աղօթքին մէջ կ՚ըսենք՝ «Ներէ մեզի Տէր Աստուած, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց, որ մեղանչեցին մեզի դէմ»: Ժողովուրդներու միջեւ մէկ ճանապարհ կայ, եւ այդ մէկը երկխօսութեան ճանապարհն է: Երկխօսութեան ճանապարհն է, ինչպէս նաեւ այս խնդրի առումով ներողամտութիւնը շատ մը փակ դռներ կրնայ բանալ: Եւ կրնայ իրարմէ հեռու ժողովուրդները իրարու մօտեցնել: Հայերը վստահ պէտք է ըլլան, որ աշխարհի բոլոր եկեղեցիները իրենց կողքին են», մեր զրոյցը այսպէս եզրափակեց Ղպտիներու պատրիարք Թեւադրոս Բ. Պատրիարքը՝ տեղեկացնելով նաեւ, որ Մայիս ամսուն սկիզբը պիտի այցելէ Եւրոպա:
ՂՊՏԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայկական Համայնագիտարանը, Դ. եւ Է. դարերուն, մինչև արաբ նուաճողները, ղպտիները ստեղծած են Հին Եգիպտոսի եւ հին աշխարհի մշակութային ժառանգութեան աղերսուող ինքնատիպ արուեստ։ Աղեքսանդրիայէն դէպի հարաւ, Նեղոսի հովիտը, պահպանուած են Բաուիտի վանքը, Ճերմակ վանքի մայր տաճարը, Կարմիր վանքը, Բագաուատի քանի մը հարիւրի հասնող դամբարանները, որոնք ունին գմբէթաւոր աղօթարաններ, ինչպէս նաեւ երկու-չորս յարկանի բնակելի տուներ։ Այդ կոթողներուն մէջ առկայ են պիպլիական եւ աւետարանական նիւթերով վաղ շրջանի որմնանկարներ, որոնց բնորոշ է գունա-գծագրական պարզ ընկալումը։
Համաշխարհային համբաւ կը վայելեն ղպտիական գեղարուեստական գործուածքները, որոնց վրայ մեծ մասամբ պատկերուած են յունական եւ եգիպտական դիցաբանական եւ քրիստոնէական կերպարներ։ Ղպտիներու արուեստը նոր ծաղկում ապրած է 17-րդ դարուն: Ղպտիներու եկեղեցիներու մէջ պահպանուած են բազմաթիւ սրբապատկերներ, իսկ ղպտիներու արուեստի բազմաթիւ նմոյշներ պահպանուած են Եգիպտոսի Ղպտի եկեղեցիներու եւ Ղպտիական արուեստի թանգարանին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024