STREET WORKOUT-Ի ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ
Վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ իրողութիւն մըն է նոր ձեւի մարզական շարժում մը, որ կը կոչուի Street Workout: Ան արդէն ունի իր միջազգային դաշնակցութիւնը (federation) եւ լայն տարածում ունի աշխարհի տարածքին: Հայաստան նոյնպէս երկու տարի առաջ միացած է Street Workout միջազգային շարժումին: Հայաստանի մէջ կը գործէ Street Workout Armenia կազմակերպութիւնը, որ միջազգային նոյնանուն դաշնակցութեան անդամ է: Աւելի՛ն, իր ունեցած երկու տարիներու արդիւնքներու հիման վրայ Հայաստան իրաւունք ստացած է Street Workout-ի 2015 թուականի միջազգային առաջնութիւնը կազմակերպել Հայաստանի մէջ եւ կը պատրաստուի ընդունիլ զանազան երկիրներու մարզիկները:
Այս մարզաձեւի առանձնայատկութիւնը այն է, որ մարզանքի դիմողը իր պարապմունքները կը կատարէ ոչ թէ մարզասրահին կամ մասնագիտացուած մարզական ակումբին մէջ, այլ դուրսը՝ բակը, փողոցը, այգին, պուրակը: Հայաստան այս շարժումը ներմուծելու եւ անոր միջոցաւ երիտասարդները գրաւելու գաղափարը կը պատկանի Մոսկուա երկար տարիներ բնակած հայ երիտասարդի մը՝ Ղազար Յակոբեանին: Ղազար Յակոբեան Մոսկուայի մէջ ներգրաւուած է մարզական ասպարէզի կառավարման մէջ, ունեցած է արհեստավարժ մարզակումբներու եւ սրահներու ցանց, մասնագիտացած է մարզական կեանքի կազմակերպման, զայն հասարակութեան հասու դարձնելու գործէն ներս։ Երբ տեսած է, որ Street Workout շարժումը թափ կ՚առնէ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, որոշած է նոյն ալիքը տարածել նաեւ Հայաստանէ ներս, ուր գոյութիւն չունէր նման կազմակերպուած շարժում: Ղազար Յակոբեան համացանցի միջոցաւ Հայաստանի մէջ գտած է համախոհներ: Ան տեսած է, որ համապատասխան տրամադրուածութիւն մը կայ բազմաթիւ երիտասարդներու մօտ, որոնք պատրաստ են խումբով մարզումներ կատարել փողոցը։ Ատկէ ետք ձգած է գործը ու փոխադրուած Հայաստան:
Ղազար Յակոբեան ծնած է Հայաստան, սակայն պզտիկ տարիքին իր ընտանիքին հետ նախ Ուքրայնա, ապա Ռուսաստան տեղափոխուած է: Հայաստանի մէջ ան Street Workout Armenia շարժումը հիմնած է հայաստանցի երիտասարդի մը՝ Արթուր Յովհաննիսեանի հետ, որ նախապէս ծանօթ էր աշխարհի տարածքին այդ շարժման տարածման։ Ան համաձայնած է օգնել Հայաստանի երիտասարդներուն առողջ ապրելակերպ քարոզող մարզաձեւը ծանօթացնելու աշխատանքներուն:
Այսօր արդէն հազարաւոր երիտասարդներ այս կազմակերպութեան միջոցով նախապէս յայտարարուած ժամուն կը հաւաքուին եւ մարզիչի մը ընկերակցութեամբ կամ առանձին, կը կատարեն մարզանք: Անոնք կը նկատուին «փողոցային մարզիկներ», բայց փողոցը կատարուող մարզանքի մէկ նպատակն ալ այն է, որ աւելի շատ թիւով մարդիկ ականատես ըլլան մարզանքին եւ իրենք ալ քաջալերուելով՝ գործօն եւ շարժուն կեանք վարեն:
Վերջերս Ղազար Յակոբեան Երեւանի ԼՕՖԹ քննարկումներու եւ հանդիպումներու նորաբաց ակումբին մէջ ներկայացուց Street Workout Armenia շարժման երկուքուկէս տարիներու աշխատանքներն ու յաջողութիւնները: ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս ներկայ էր այդ հանդիպման, որմէ ետք հարցազը-րոյց մը կատարեցինք Ղազար Յակոբեանին հետ: Ղազար Յակոբեան ըսաւ, որ իր վերադարձը Հայաստան եղած է՝ քաջալերուելով «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի կատարած գործունէութենէն:
-Ղազար, նախ կը խնդրէի պատմես, թէ ինչպէ՞ս եղաւ Ձեր Հայաստան գալը եւ հոս բնակութիւն հաստատելը:
-Միշտ մտքիս մէջ Հայաստան վերադառնալու ծրագիր մը կար: Ես հոս ծնած եմ, եւ կարօտը ունէի իմ մանկութեան, ապրած վայրերուն, մարդոց հանդէպ:
Օր մը Մոսկուայի մէջ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը կազմակերպեց իր ծրագրերուն մասին հանդիպում մը, որուն ներկայ էին Ռուսաստան բնակող բազմաթիւ հայեր: Ես տեսայ, որ տասնեակ երիտասարդ հայեր, որոնք տարիներով դուրսը ապրած են, պատրաստ են վերադառնալ եւ իրենց փորձը, գիտելիքները իբրեւ նորութիւն իրենց հետ տանիլ Հայաստան: Իսկ հիմնադրամը միայն կը քաջալերէ նման մարդիկը, ճիշդ իրաւաբանական ու փաստաթղթային խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ: Հիմնադրամը կ՚օգնէ Հայաստան վերադառնալ փափաքող այն մարդուն, որ ծանօթ չէ երկրի օրէնքներուն, երկար տարիներ բացակայած է երկրէն կամ ընդհանրապէս չէ ապրած, չի գիտեր, թէ ո՛ր մէկ հիմնարկէն սկսի իր գործին, ի՛նչ թուղթերու պէտք ունի եւայլն: Շատ կ՚ըլլան սխալ մարդոց հանդիպողներ, որոնք անյաջող գործերու պատճառաւ նորէն կը ձգեն երկիրը եւ դուրսը թիւր կարծիքներ կը տարածեն Հայաստանի մասին: Այս հիմնադրամը այդ պատնէշները յաղթահարող եւ ճամբայ մը ցոյց տուող հիմնարկն է, եւ ի պատիւ հիմնադրամի, պէտք է ըսել, որ յաջողած է: Շատ մարդիկ գիտեմ, որ Հայաստան կու գան ապրելու կամ գործ մը ընելու իրենց միջոցաւ:
Ես սկիզբը եկայ առանձինս, արդէն ինծի միացան քոյրս եւ մայրս, շուտով եղբայրս ու հայրս ալ կու գան: Երեւանի մօտ գտնուող գիւղի մը մէջ ունէինք տուն մը, զոր կը շինէինք, բայց երբ դժուար տարիները հասան, զայն կիսատ ձգեցինք ու գացինք: Հիմա ես այդ կիսատ մնացած տունը կը շինեմ:
-Դուք Մոսկուայի մէջ յաջող գործ ունէիք, ձգած, եկած էք, առանց նախապէս գիտնալու, թէ ի՞նչ արդիւնքներ կ՚ունենաք Հայաստանի մէջ, քիչ մը համարձակ քայլ մը չէ՞ր:
-Համարձակ էր այն առումով, որ դուրսէն հայեր հիմնականը կը վերադառնան առեւտրական գործի մը ձեռնարկելու, ներդրում մը կատարելու, կամ կազմակերպութեան մը մէջ բարձր ամսականով աշխատելու համար։ Բայց ես սկիզբէն այդ տեսակ նպատակներով չեկայ: Մեծ փափաք ունիմ, որ Հայաստանի նոր սերունդը առողջ ըլլայ, եւ այն, ինչ որ կ՚ընեմ այսօր, վստահ եմ, որ ասիկա ալ ներդրում մըն է, բայց ան ներդրում է ապագայի հաշւոյն: Այսինքն մեր կատարած գործի արդիւնքը ապագային պիտի քաղենք, որովհետեւ Street Workout շարժման հիմքին մէջ կայ մարդու առողջութեան պահպանումը, կեանքի բարելաւումը, իսկ ատիկա մէկ օրէն միւսը չ՚ըլլար:
Այսինքն մենք կ՚աշխատինք ոչ թէ առեւտրական շահոյթներ ստանալու դաշտին մէջ, այլ՝ մեր աշխատանքը մարդոց մտածողութեան փոփոխութեան հետ է։ Միայն մեր երկուքուկէս տարուան աշխատանքը արդէն իր արդիւնքները տուած է, բայց մենք շունչ առած ենք երկար ճանապարհի մը համար:
-Ձեր խօսքին մէջ ըսիք, որ այս շարժումը նորութիւն էր Հայաստանի մէջ: Բայց Հայաստանի մէջ, ինչպէս այլ երկիրներու, մարդիկ սովոր են դուրսը մարզանք ընելու, քալելու, վազելու, հեծանիւ քշելու։ Այսինքն ի՞նչ է Ձեր կատարած աշխատանքի տարբերութիւնը այդ մարդոց ըրածէն:
-Այո, բայց այդ մարդոց թիւը քիչ է: Մենք նպատակ ունինք փողոց բերել աւելի շատ մարդիկ, որպէսզի սովորութիւն դարձնեն բացօթեայ մարզանք ընելը, առանց ամչնալու։ Նպատակ ունինք, որ դուրսը մարզանք ընողը իր օրինակով քաջալերէ իր դրացին, իր բարեկամը: Դուրսը մարզանք ընողներ կան, բայց անոնք զիրար չեն ճանչնար, իսկ մեր մարզիկները խումբեր կը կազմեն եւ միասին կը կատարեն մարզանքը։ Անոնք ունին մասնաւոր հաւաքուելու տեղեր, ժամեր, իրենց փորձը կը փոխանակեն: Իսկ ամենակարեւոր գործը, զոր մենք կը կատարենք, երիտասարդներուն հետ է: Շատ կարեւոր է, որ այսօրուան հայ երիտասարդը հաւատայ մարզանքի եւ առողջ ապրելակերպի ուժին: Ատիկա այսօր հասարակական մտածողութիւն փոխելու ձեւ մըն է:
Մենք մարդիկը կը մղենք անվճար մարզանքի: Ամէն մարդ ի վիճակի չէ բաժանորդ դառնալու մարզական ակումբներու, բայց մեր կազմակերպութեան մարզիչները պատրաստ են ժամերով անվճար պարապիլ, զրուցել փափաքողին հետ: Այս շարժման գաղափարներէն մէկն ալ օգնելն է այն մարդոց, որոնք մարզանքի փափաք ունին, բայց ակումբի տոմս գնելու հնարաւորութիւն չունին: Շարժումը ճիշդ այդ սկզբունքով ալ սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ. քանի մը երիտասարդ միաւորուած եւ ստեղծած են առաջին փողոցային մարզանքի ակումբները:
Շարժումը ձեւով մը նորութիւն էր Հայաստանի մէջ, եւ, ինչպէս ամէն մէկ նորութիւն, սկիզբը անսովոր ընդունուեցաւ, բայց յետոյ լաւ օրինակները տարածուեցան: Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ այսօր առողջ ու ժամանակակից մտածող երիտասարդութեան մօտ արդէն Street Workout Armenia-ն ամենածանօթ շարժումներէն մէկն է, որուն մէջ անոնք ժամանակի շունչը կը տեսնեն: Ամէն օր մեզի աւելի ու աւելի շատ թիւով երիտասարդներ կը միանան՝ ո՛չ միայն Երեւանի, այլեւ՝ մարզերու, Արցախի մէջ: Շրջաններու մէջ ունինք մասնաճիւղեր:
-Ի՞նչ դժուարութիւններու եւ արգելքներու կը հանդիպիք։
-Ամենամեծ դժուարութիւնը եղած է եւ այսօր ալ կայ, կարծրատիպերը քանդելը։ Այս ուղղութեամբ մենք մեծ մասամբ յաջողած ենք, սակայն տակաւին ունինք ընելիքներ։ Ամէն մարդ դիւրութեամբ չի համոզուիր դուրսը մարզանք ընելու։ Ամէն մէկը տարբեր պատճառաբանութիւն մը ունի. մէկը զբաղած է, մէկը գէր է, մէկը նիհար է, մէկը ծանօթ տեղ մը կ՚աշխատի եւ քիչ մը կ՚ամչնայ… Բայց երբ տեւական աշխատանք կը տանիս մարդոց հետ՝ կը զրուցես, տեսահոլովակներ ցոյց կու տաս, օրինակներ կը մատնանշես, անոնք կը հասկնան, թէ ինչու համար է այդ ամէն ինչը, կը տեսնեն, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր երիտասարդներ, մեծահասակներ, պզտիկներ, գէրեր, նիհարներ իրենց ժամանակը կ՚անցընեն բացօթեայ մարզանքով զբաղելով, կը համոզուին։ Ի վերջոյ, կրնան մեր կազմակերպութեան հետ ալ չմարզուիլ, բայց կարեւորը համոզուին եւ շարժին:
Հայաստանի մէջ խորհրդային տարիներուն շատ տարածուն եղած է զանգուածային մարզանքը: Մարզանքի քարոզչութիւնը այդ հասարակարգի հիմնական դրոյթներէն եղած է, այսինքն, հայ մարդն ալ այդ հասարակարգէն եկած է, ուրեմն այս գաղափարը անծանօթ չէ հայերուն: Շէնքերու բակերուն եւ այլ վայրերու մէջ, եթէ նկատէք, պահպանուած են պտտղաձողեր, որոնց վրայ մեր տղամարդիկ ժամանակին անվճար, ազատ ժամերուն մարզուած են։ Բայց այդ պտտղաձողերը քիչ են, մենք կ՚աւելցնենք, տակաւին շատ աւելիին պէտք ունինք: Այսօր մեր խնդիրներէն մէկը պտտաձողերը եւ այլ մարզական յարմարաւէտութիւններն են, որոնք բոլոր բակերու մէջ չկան։ Նպատակ ունինք Հայաստանի ամբողջ տարածքին ստեղծել փոքրիկ մարզական հրապարակներ, ուր մարդիկ կը հաւաքուին միայն մարզուելու համար։ Անոնք կ՚ըլլան բացառիկ վայրեր, որոնց միջավայրը վարակիչ կը դառնայ, եւ նոյնիսկ պատահական անցորդը, տեսնելով, որ այնտեղ կը մարզուին, ճանապարհէն կը շեղի ու կը միանայ։ Փողոցային մարզանքի շարժման գաղափարը, որ աշխարհի տարածքին կայծակնային արագութեամբ կը տարածուի, ատիկա է՝ վարակել մարդիկը, ներքաշել, փոփոխել անոնց կարծրացած առօրեան, օգնել որ հիւանդութիւնները քիչնան։ Առայժմ այդպիսի վարակիչ ազդեցութիւն ունին մեր կիրակնօրեայ մարզումները, զորս կ՚իրականացնենք Հանրապետական հիւանդանոցի պարտէզին մէջ, ունինք մարզային շրջագայութիւններ, մրցաշարքեր, որոնք նոյնպէս բացօթեայ են:
Մենք շատ մեծ կարիք ունինք աջակիցներու։ Իսկ մեր ամենամեծ նպատակը այն է, որ Street Workout Armenia-ն որդեգրուի կառավարական մակարդակով, եւ զայն դառնայ Հայաստանի դէմքը ներկայացնող շարժումներէն մէկը։ Եւրոպական երկիրներու մէջ պետութիւնը կը միանայ այսպիսի կազմակերպութիւններու։ Ուքրայնան, Ռուսաստանը շատ յառաջատար են այս հարցին մէջ։ Երբ մենք կը հանդիպէինք Հայաստանի Մարմնամարզի նախարարին ու վարչապետին հետ, կը ներկայացնէինք մեր ծրագրերը։ Անոնք կը զարմանային, որ փոքր, չնչին միջոցներով կարելի է հասնիլ մեծ արդիւնքներու։ Իսկ մենք վստահ ենք, որ Հայաստանը բոլոր նախադրեալները ունի փողոցային մարզանքի զարգացման համար, միայն պէտք է մարդկանց գիտակցութեան մէջ հաստատուի անոր անհրաժեշտութիւնը։
-Ըսիք, որ մարզիկներ ունիք, ովքե՞ր են անոնք:
-Անոնք պարզ մարդիկ են, որոնք մեզի հետ մարզուած եւ դարձած են մարզիկներ:
Մեր շարժման մարզիկները, որոնք այսօր միջազգային մրցաշարքերու մէջ արդիւնքներու կը հասնին, մարզուած են ընդամէնը բակերու մէջ։ Նարեկ Յովհաննիսեանը Բիւրականէն սովորական քաղաքացի մըն է, ան եկաւ, մեզի հետ մարզուելով բակերու պտտաձողերու վրայ, Հայաստանը փայլուն կերպով ներկայացուց Մոսկուայի Street Workout մրցոյթին։ Մեր դաշնակցութեան անդամ ուրիշ մարզիկի մը՝ Սէրկէյ Թեւոսեանի մարզումը ԵուԹուպի մէջ 2 միլիոն 700 հազար դիտում ունեցած է: Հիմա Սէրկէյ Թեւոսեան բանակի մէջ կը ծառայէ, վերադառնալով, պիտի շարունակէ մեզի հետ:
-Այս մարզաձեւի վարժութիւնները իւրայատո՞ւկ են:
-Եթէ առօրեայ, պարզ մարզանք պիտի ընէ մէկը, ոչ, սովորական շարժում է, վազք է, արագ քայլք է, իսկ երիտասարդուհիները կրնան պարանով ցատկել, օղակ դարձնել, աւելի թեթեւ վարժութիւններ ընել, իսկ տղամարդիկ գետնէն հրում, պտտաձողերու վրայ եւ այլ վարժութիւններ կը կատարեն, իսկ եթէ միջազգային մրցաշարքերու պիտի մասնակցին, ապա մասնաւոր վարժանքներ պիտի կատարեն:
Փողոցային մարզաձեւի որոշ վարժութիւններ յօրինած են հայաստանցի մարզիկները: Այդ վարժութիւնները շատ արագ կը տարածուին եւ կիրառութեան մէջ կը մտնեն։ Մենք այլ երկիրներէ մարզիկներ եւ մարզիչներ կը հիւրընկալենք, վարպետութեան դասեր կ՚իրականացնենք, կամ մենք կ՚այցելենք: Երբ նոր տեսահոլովակ մը կը զետեղենք համացանցին մէջ, ապա ամբողջ աշխարհի վրայ այս մարզաձեւի հետեւորդները կը սկսին հետեւիլ մեր վարժանքներուն, մենք ալ իրենց մարզումներուն մէջ նորութիւններ կը փնտռենք:
-Ի՞նչ են Street Workout-ի միջազգային առաջնութիւնները, եւ արդեօք Հայաստան պատրա՞ստ է միշտ մասնակցելու այդ մրցաշարքերուն:
-Մրցաշարքերը ամէն տարի երկրի մը մէջ կը կայանան։ Նախորդ երկու տարիներուն մենք մասնակցած ենք Street Workout-ի միջազգային առաջնութիւններուն եւ մեր ունեցած արդիւնքներու հիման վրայ իրաւունք ստացած ենք 2015 թուականի Street Workout-ի միջազգային առաջնութիւնը կազմակերպել Հայաստանի մէջ։ Հիմա այդ ուղղութեամբ մեծ նախապատրաստական աշխատանք կը տանինք, որպէսզի կարողանանք պատշաճ կերպով ընդունիլ: Ծրագիր ունինք՝ այս տարուան ընթացքին ամէն մէկ քաղաքի մէջ գոնէ երկու մարզահրապարակ կառուցել։ Կրնամ ըսել, թէ հակառակ անոր, որ այս շարժումը արտասահմանեան է, եւ բազմաթիւ երկիրներ մեզմէ աւելի զարգացած են փողոցային մարզանքի առումով, բայց Հայաստանի մէջ կայ առանձնայատկութիւն մը, որ ուրիշ ոչ մէկ տեղ կայ. այդ մէկը մարզիկներու արագ համախմբուիլն է եւ այն ջերմութիւնը, որ կայ մարզումներու ընթացքին:
Street Workout-ը շարժում մըն է, որու միջոցաւ մենք ո՛չ միայն կը մարզենք երիտասարդները, այլեւ կը լուծենք բազմաթիւ այլ խնդիրներ, որոնք կան մեր հասարակութեան մէջ. օրինակ, ծխելու դէմ պայքար կը տանինք, կը քարոզենք առողջ սնունդը, համախմբուածութիւնը, իրարու օգնելը։ Աշխատանք կը տանինք նախազօրակոչային տարիքի երիտասարդներու հետ, կը զբաղինք անոնց ֆիզիքական ու հոգեկան առողջութեամբ։ Ունինք արդէն շուրջ հարիւր մարզիկ, որոնք կը պատրաստուին ծառայել բանակի մէջ։ Վստահ եմ, որ անոնց դիւրին ծառայութիւն կը սպասէ բոլոր առումներով։ Կան արդէն ծառայողներ, կապ կը պահենք անոնց հետ, կը հետեւինք: Ես շատ կը կարեւորեմ մարզերու մէջ մեր շարժման տարածումը, արդէն շատ քաղաքներ միացած են, մարզերու մէջ մանաւանդ լաւ մարզուողներ ունինք:
Մենք կ՚ուզենք ստեղծել նոր Հայաստանի երիտասարդութիւնը՝ առողջ, հոգիով եւ մարմինով կոփուած։
Լաւ տղամարդու կերպարը, ցաւօք սրտի, այսօր քիչ մը տարբեր է Հայաստանի մէջ՝ ան ուտող, խմող, վայելող, շուայտ կեանքի ձգտող տղամարդու կերպարն է։ Մենք կը ստեղծենք այդ կերպարի հակապատկերը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024