MIDEM-ԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Յառաջիկայ Յունիսի 5-8-ին, Հայաստան պատուոյ երկրի կարգավիճակով մասնակցութիւն պիտի բերէ Ֆրանսայի MIDEM միջազգային երաժշտական հեղինակաւոր փառատօնին։ Քանն քաղաքին մէջ այս շրջագծով չորս օրերու տեւողութեան պիտի հնչէ հայկական երաժշտութիւնը։ Միջերկրականի ափի այս գեղատեսիլ քաղաքը ողողուած պիտի ըլլայ հայկական երաժշտութեամբ։
Հայաստանի MIDEM փառատօնի մասնակցութեան կապակցութեամբ նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը։ Երեւանի Կոմիտասի նորահաստատ թանգարանի երդիքին տակ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստան մասնակցութիւն պիտի բերէ միջազգային այս կարեւոր երաժշտական իրադարձութեան։
Ներկայ էին Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։ Այս առթիւ Յասմիկ Պօղոսեան նշեց. «MIDEM-ի հեղինակաւոր հարթակին վրայ մենք պիտի ներկայացնենք ոչ միայն հայկական երաժշտութիւնը, այլեւ վերածնեալ Հայաստանը»։
Իր կարգին, հաւաքոյթի մասնակիցներէն «Reed MIDEM» ընկերութեան մշակութային ծրագրերու տնօրէնուհի Քորնելիա Մուխ նշեց, թէ ծրագրին շրջագծով պիտի հնչեն հայկական երաժշտութեան զանազան նմոյշներ եւ հանդէս պիտի գան զանազան խումբեր ու մենակատարներ։ Այսպէս, կը նախատեսուի մասնակցութիւնը «Հովեր» երգչախումբի, Երիտասարդական նուագախումբի, Նարեկ Հախնազարեանի եւայլն։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024