İSTANBUL MODERN-Ի ՄԷՋ ՍԵԴԱ ՇԷԿՈՅԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Իսթանպուլի Արդի արուեստի թանգարանէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Artists» ծրագրին շրջագծով ձեռնարկ մը, որու ատենախօսն էր Հայաստանէն արուեստաբան Սեդա Շէկոյեան։ «Artists»ը 2014-2015 թուականներուն վրայ տարածուած շարժանկարի միջազգային նախագիծ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ միջազգային արուեստագէտներու ժապաւէնները։ Երէկուան ձեռնարկը, որ մաս կը կազմէր նոյն ծիրին, ցոլացուց Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն զանազան սերունդներու վեց արուեստագէտներու գեղարուեստական հասարակաց խնդիրները։ 2000 թուականէն վերջ կատարուած վիտէոյի արտադրութիւններու վրայով լուսարձակի տակ առնուեցան այդ հարցերը։
Սեդա Շէկոյեան, որ անցեալ Հոկտեմբերէն ի վեր կը գտնուի քաղաքիս մէջ, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վիտէոյի արուեստին։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Թուրքիա-Հայաստան կրթաթոշակի ծրագիր»ին շրջագծով ան կը գտնուի քաղաքիս մէջ եւ իր կեցութեան շրջանին ուսումնասիրութիւն մը իրականացուցած էր երէկուան ելոյթին համար։
Մոթիֆներու, թեմաներու եւ մօտեցումներու դասաւորումներուն մէջ ներկայացուեցան երէկ ցուցադրուած վիտէոյի գործերը։ Թեմաներու դասաւորման մէջ շեշտը անցեալի, պատմութեան, յիշողութեան, վաստակի, բնութեան եւ մշակոյթի վրայ դրուած էր։ Մոթիֆներու դասաւորման մէջ շեշտուած էին շարժումները, ճարտարապետութիւնն ու բնութիւնը։ Իսկ վերջին դասաւորումը յատկացուած էր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի անցեալին, այսօրուան եւ հաւանական հասարակաց ապագային՝ համատեղ պատմութեան, մշակոյթի եւ ապրումներու հիման վրայ։
Սեդա Շէկոյեանի առաջնորդութեամբ ներկայացուած գործերուն հեղինակներն էին՝ Տիգրան Խաչատրեան, Ովսաննա Շէկոյեան, Տիանա Յակոբեան, Սեֆէր Մեմիշօղլու, Կիւլսիւն Քարամուսթաֆա եւ Ալի Քազմա։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024