ՎԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼ ՈՒ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐԵԼ
Այս տարի լրացաւ հայ մեծ բանաստեղծ քնարերգու, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Տէրեանի ծննդեան 130-ամեակը: Այս յոբելեանին ընդառաջ՝ բանաստեղծի ծոռը՝ հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Էմին-Տէրեան հեղինակած եւ հրատարակած է «Վահան Տէրեան. անտիպ եւ անյայտ էջեր» հատորը, որ, ինչպէս հեղինակը կը նկատէ, ի յայտ կը բերէ նոր Տէրեանը: Տասնամեակներ շարունակ Վահան Տէրեանի քնարերգութիւնը, անոր ապրած կեանքը եւ ծաւալած հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը այլ լոյսի մը ներքեւ ճանաչելի եղած են հայ ընթերցողին, զանազան դրդապատճառներու բերումով թաքնուած են որոշ հանգամանքներ կամ աղաւաղուած են իրական փաստեր: Գէորգ Էմին-Տէրեան տէրեանասէրներու համար բացայայտած է Վահան Տէրեանը՝ այլ տեսանկիւնէ, ի յայտ բերելով հայ մեծ գրողի կեանքի անյայտ էջերը եւ զանոնք ամփոփած է գիրքին մէջ:
Նոր հրատարակուած հատորին մէջ ներառուած են Տէրեանի նամակները, յօդուածները, գրախօսութիւնները: Հատորին մէջ տեղ գտած են վեց անտիպ բանաստեղծութիւն, մէկ թարգմանութիւն, հարիւրաւոր նամակներ, ութ յօդուած, երկու գրախօսութիւն, դիմում-յայտարարութիւնը, որով բանաստեղծը կը ձգէ Հայաստանի համայնավարական կուսակցութիւնը, տասներեք յուշ՝ Վահան Տէրեանի մասին, որոնք Հայաստանի մէջ ինչ-ինչ պատճառներով գաղտնի պահուած են: Նախապէս բանաստեղծի նամակները հրատարակուած են կրճատուած տարբերակով՝ ոչ-շահեկան նկատուած հատուածները պարզապէս դուրս ձգուած են բնագրէն: Նոր հրատարակութեան մէջ բանաստեղծի ծոռը զանոնք կը ներկայացէ ընթերցողին՝ խմբագրումներ եւ պարզաբանումներ կատարելով անցեալի սխալներուն մասին:
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Վահան Տէրեան. անտիպ եւ անյայտ էջեր» գիրքի շնորհանդէսը: Գիրքը, որ նուիրուած է Վահան Տէրեանի դստեր՝ Նուարդ Տէրանին, լայն արձագանգ գտած է թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայատանի սահմաններէն դուրս։ Այս մէկը պատահական չէ, քանի որ հայ դասական բանաստեղծ Վահան Տէրեան միշտ ժամանակակից է եւ անոր քերթողութիւնը հոգեհարազատ է հայ մարդու հոգիին, սիրտին եւ միտքին համար:
Գիրքի շնորհանդէսէն ետք ԺԱՄԱՆԱԿ հանդիպում մը ունեցաւ Գէորգ Էմին-Տէրեանին հետ։ Ան պատմեց իր ընտանիքի նշանաւոր նահապետի մասին գիրք գրելու շարժառիթները եւ այն ակներեւ պարզաբանումները, զորս կատարած է ինք: Ան ըսաւ, որ իր կատարած աշխատանքը տէրեանագիտութիւնը այլ ուղիի վրայ կը դնէ եւ նոր ճամբայ մը կը հարթէ հետագայ ուսումնասիրութիւններուն համար: Ապագային Վահան Տէրեանի գրական ժառանգութեան ուսումնասիրողները որպէս հիմնական հէնք արդէն պիտի ունենան այս գիրքը, որ երկարատեւ մասնագիտական պրպտումներու արդիւնք է եւ ընթերցողին կը ներկայացնէ Վահան Տէրեանի ամբողջական դիմանկարը: Եղիշէ Չարենցի անուան արուեստի եւ գրականութեան թանգարանին մէջ պահուող Վահան Տէրեանի արխիւը անոր ծոռան կողմէ ուսումնասիրած է աւելի քան տասը տարի:
Գէորգ Էմին-Տէրեան յառաջիկային պիտի ստեղծէ նաեւ Վահան Տէրեանի մասին համացանցային կայքէջ մը, որու միջոցաւ մեծ գրողի գրականութիւնը աւելի հասնելի պիտի դառնայ ընթերցասէրներու, տէրեանասէրներու, գրականագէտներու եւայլն։ Ան նաեւ ըսաւ, որ բազմաթիւ նիւթեր տակաւին կը սպասեն լոյս ընծայուելու, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններ, որոնք կատարած է Վահան Տէրեան, եւ որոնց ծանօթ չէ ընթերցողը:
Մեր զրոյցի ընթացքին Գէորգ Էմին-Տէրեան խօսեց նաեւ շատ կարեւոր հանգամանքի մը մասին, այդ մէկը՝ կղպանքի տակ պահուող տէրեանական ձեռագրերու նիւթն է, որ կը գտնուի Մակինցեան ընտանիքի ժառանգներուն մօտ եւ որոնք կը հրաժարին զանոնք տրամադրել Հայաստանի Հանրապետութեան: Տէրեանի ծոռը կը վստահեցնէ, որ այդ արխիւին մէջ ահռելի քանակութեամբ նիւթեր կան, եւ ըստ էութեան այդ արխիւի մասին ըսաւ՝ բռնագրաւուած ժառանգութիւն: Պօղոս Մակինցեան, որ այդ ժամանակ կը զբաղեցնէր Տէրեանի պաշտօնը՝ ազգութիւններու կոմիսարիատի մէջ, պետականացնելու պատրուակով, Տէրեանի այրիէն՝ Անահիտ Տէրեանէն, զէնքի սպառնալիքով խլած է բանաստեղծի ձեռագրերը: Սակայն անոնք չպետականացուեցան եւ Մակինցեանի գնդակահարութենէն ետք մնացին անոր կնոջ, ապա՝ դստեր: Տէրեանի ժառանգութիւնը վերաձեռքբերելու փորձերը ապարդիւն մնացած են, Գէորգ Էմին-Տէրեանին Մակինցեանի՝ Մոսկուա բնակուող դուստրը ըսած է, որ ձեռագրերու մասին ոչ մէկ խօսք կ՚ուզէ լսել: Գէորգ Էմին-Տէրեան կ՚ենթադրէ, որ արխիւին մէջ կան բացայայտող փաստեր՝ Միասնիկեանի, Սթալինի, Լենինի եւ նոյն ինք Պօղոս Մակինցեանի մասին։ Այս պատճառով անոր ժառանգները զանոնք չեն տրամադրեր ոչ մէկուն, ո՛չ կը վաճառեն եւ ոչ ալ կը հրատարակեն: Բանաստեղծի ծոռը յոյս ունի, որ ձեռագրերը օր մը կը վերադառնան Հայաստան եւ նոր լոյս կը սփռուի Տէրեանի կեանքին վրայ:
-Գէորգ ի՞նչ դրդապատճառներ ունէիք մէկ այլ լոյսի ներքոյ անդրադառնալու հայ մեծ գրողի գրականութեան ու գործունէութեան:
-Վահան Տէրեան պզտիկ տարիքէս միշտ ուղեկցած է ինծի։ Մեր տան մէջ բանաւոր զրոյցներ շատ կ՚ըլլային իր մասին: Ես տակաւին շատ վաղուց գիտէի, որ ան դուրս եկած է Համայնավարական կուսակցութենէն, գիտէի, որ այդ մէկուն վկայող փաստաթուղթը տակաւին կը պահուի: Երբ ուսանող դարձայ եւ համալսարանին մէջ կ՚ուսանէի, արդէն սկսայ ուսումնասիրել արխիւները։ Նոյն շրջանին ալ թէ՛ այդ փաստաթուղթը եւ թէ ուրիշ այլ փաստաթուղթեր գտայ։ Արդէն նշմարեցի, որ զգալի տարբերութիւններ կան բնագրերուն եւ տպագրուած, արդէն ծանօթ դարձած նիւթերուն միջեւ: Ու այդպէս սկսայ իմ աշխատանքիս այս ասպարէզին մէջ՝ տող առ տող, տառ առ տառ համեմատեցի բնագրերը ու տպուած նիւթերը, պրպտեցի ու պարզաբանեցի անհասկնալի հարցերը: Եւ տարիներու իմ այդ աշխատանքի արդիւնքին գտայ հնարաւոր բոլոր աղճատումները: Ատոնք կը վերաբերին թէ՛ իր յօդուածներուն, թէ՛ նամակներուն եւ թէ նոյնիսկ բանաստեղծութիւններուն: Տեէրեան ունի գործեր, որոնք խորհրդային տարիներուն առհասարակ չեն հրատարակուած եւ այսօր անոնք կարելի է կարդալ գիրքին մէջ:
-Ո՞ր շրջանի փաստաթուղթերն են, որ պահուած են եւ ի՞նչ շարժառիթներով անոնք դուրս մնացած են բանաստեղծի հատորներէն:
-Չտպագրուած ամենաուշագրաւ գործերու շարքին են 1917-1919 թուականներու նամակները, որոնք Տէրեանի առաջին գրաքննիչը՝ Պօղոս Մակինցեան, ամենայն աչալրջութեամբ կրճատած ու պահած է: Այդ շրջանի ոչ մէկ նամակ «մեծ գրականագէտը» ամբողջովին հրատարակած է: Օրինակ՝ իմ գտածս նոր փաստերով հերքուեցաւ, թէ Տէրեան մէկ անգամ միայն եղած է Երեւան, 1916 թուականի 30-31-Դեկտեմբերին: Հիմա արդէն ապացուցուած է, որ ինք Երեւան եկած է նաեւ 1915 թուականի գարնան: Այդ ժամանակ ան հանդիպած է Նիկոլ Աղբալեանի եւ Սիմոն Վրացեանի հետ: Կան նաեւ այլ բացայայտումներս: Եւ ոչ միայն Մակինցեանը, այլ առհասարակ՝ խորհրդային տէրեանագիտութիւնը եւ գրողի կենսագիրները «սահուն» կերպով շրջանցած են բանաստեղծի կեանքի վերջին տարուան՝ 1919 թուականի թնճուկը, ընդհանուր ինչ-ինչ գնահատականներ ու կեղծիքներ ներկայացնելով:
Գիրքին մէջ առանձին բաժիններով անդրադարձ կայ Վահան Տէրեանի քաղաքական գործունէութեաը. ո՞ր կուսակցութիւններու անդամ եղած է ան, ինչպէ՞ս դարձած է համայնավար, ինչո՞ւ եկած է Հիւսիսային Կովկաս, ի՞նչ պատահած է, որ յեղափոխութեան առաջնորդները որոշած են հաշուեյարդար տեսնել բանաստեղծին հետ: Դուրս մնացած հատուածները կը վերաբերին իր քաղաքական հայեացքներուն, իր աշխարհայեացքին, տարբեր գրողներու, իրադարձութիւններու վերաբերեալ իր գնահատականներուն, փոքրիկ դրուագներ կան նաեւ իր կեանքէն:
Մէկ խօսքով, բոլորովին ուրիշ Վահան Տէրեան մը կը ներկայանայ գիրքի էջերուն մէջ: Այսինքն՝ այդ մեղմ, հեզաբարոյ Տէրեանը, որ կար, եւ որ տպաւորուած էր մարդոց մէջ, արդէն չկայ: Այս գիրքին մէջ ի յայտ կու գայ նոր մարդ մը՝ որ կոշտ, շատ խիստ գնահատականներ կու տայ թէ՛ անձերուն եւ թէ երեւոյթներուն՝ անընդունելի նկատելով շատ բաներ:
Կրճատուած հատուածները վերականգնելով՝ շատ կարեւոր հիմք դարձան՝ ճանչնալ ու հասկնալ Տէրեան մարդը, Տէրեան քաղաքական գործիչը, Տէրեան քաղաքացին:
Իսկ թէ ի՞նչ շարժառիթներով այս բոլորը դուրս մնացած են հատորներէն. եղած է թէ' թելադրանքի, թէ՛ պատուէրի, թէ՛ քաղաքական պարտադրանքի ուժով եւ թէ անուշադրութեան ու գրականագէտի ոչ-պատշաճ գիտելիքներու եւ անբարեխիղճ մօտեցման պատճառաւ:
-Արդեօք գիրքի հրատարակումը կրնա՞յ արմատապէս փոխել այն ընկալումը, որ այսօր կայ հայ հասարակութեան, կրթական համակարգի եւ առհասարակ, հայաշխարհին մէջ Տէրեանի հանդէպ:
-Յոյսով եմ, որ գիրքը իր նպաստը կ՚ունենայ այդ գործին մէջ, քանի որ նոր ընդգրկուած նիւթերը անհերքելի են: Օրինակ՝ տէրեանագիտութեան մէջ կայ իբր ապացոյց, թէ Տէրեան դէմ եղած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին: Նման մտածելակերպի պատճառը այն էր, որ եթէ պոլշեւիկները դէմ էին, ուրեմն Վահան Տէրեանն ալ պէտք է դէմ ըլլար: Մինչդեռ իրականութեան մէջ Վահան Տէրեան ունի քանի մը յօդուած, որոնց մէջ կոչ կ՚ընէ գործունեայ ու համապատասխան կերպով եւ արձագանգել պատերազմին՝ ապացուցելով, որ մենք ալ աշխարհի մէկ լիարժէք մասնիկն ենք:
Բայց եթէ խորհինք, թէ մէկ անգամէն պիտի փոխուի Տէրեանի հանդէպ ընկալումը, դժուար է այդ մէկը, քանի որ բազմաթիւ ուսուցիչներ, որոնք Տէրեան կը դասաւանդեն, համոզուած են, որ ան աշնան երգիչ է։ Ուստի դժուար է մէկ անգամէն անոնց այլ բան բացատրել։ Անհրաժեշտ է ժամանակ, որպէսզի գիրքը իր գործը, դերը կատարէ: Կը կարծեմ, որ այս գիրքով այլեւս անշրջելի է Վահան Տէրեանը վերագնահատելու եւ վերարժեւորելու գործընթացը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024