ՏԻՆՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳԸ «ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
«Պողազիչի» համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ կայացաւ սփիւռքահայ սիրուած երգիչ Օննիկ Տինքճեանի եւ իր որդւոյն՝ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեանի համերգը։ Հետաքրքիրներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ունկնդրելու արժէքաւոր ուեստագէտներուն ելոյթին, որ անցաւ տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Օննիկ Տինքճեան որպէս տիգրանակերտցի ընտանիքի մը զաւակը, ծնած է Փարիզի մէջ, հետագային անցնելով Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ ծնած է իր որդին՝ Արա Տինքճեան։ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ Տինքճեան միշտ տարածած է հայ ժողովրդական երգը, յատկապէս իր ծննդավայրը նկատած Տիգրանակերտինը։ Տասներկու տարի առաջ ան առաջին անգամ այցելած էր իր հայրենի Տիգրանակերտը, եւ քանի մը տարի ետք ալ սարքած էր համերգ մը՝ «Քարտէշ թիւրքիւլէր»ին հետ։ Տինքճեան անմիջապէս սիրելի անուն մը դարձած էր Թուրքիոյ հասարակութեան համար եւս։ Ահաւասիկ, 100-ամեակի սգատօնին մասնակցելու համար վերստին Պոլիս եկած էր ան։ «Ի յիշատակ» համերգին մասնակցելէ ետք, Տինքճեաններ առանձին համերգներ ալ սարքեցին «Պողազիչի» համալսարանին մէջ։
Տինքճեան եւ իր նուագակիցները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ, ուր ներկայ հասարակութիւնը շուրջպարերով արձագանգեց յայտնի երաժիշտներուն մթնոլորտին։ Անակնկալ մըն էր նաեւ երբ կարկանդակ մը բերուեցաւ բեմ եւ նշուեցաւ Օննիկ Տինքճեանի ծննդեան 86-ամեակը։ Ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին ար-ուեստագէտը, որ յայտնեց իր խորին շնորհակալութիւնը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Արա Տինքճեան, որ ըսաւ, թէ աներեւակայելի ուժ մը կը ստանան այս հասարակութենէն։
Համերգը աւարտեցաւ, սակայն ստեղծուած մթնոլորտը ակնյայտ է, որ դեռ երկար ժամանակ պիտի յամենայ ներկաներու սրտերուն մէջ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024