ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արդէն յայտարարած է Աւագ Շաբթուան եւ Զատկուան արարողութիւններու ծրագիրը: Հաւատացեալ ժողովուրդը կը պատրաստուի ներկայ գտնուիլ Զատկուան Ս. Պատարագին՝ Կիրակի օրը՝ 5 Ապրիլին, իսկ աշխարհասփիւռ հայ հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունին Ս. Պատարագը դիտել արբանեակային կապի միջոցով՝ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի ուղիղ եթերէն:
Հայրապետական Ս. Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ս. Յարութեան տօնին առիթով Հայրապետական իր պատգամը կ՚ուղղէ աշխարհասփիւռ համայն հայ ժողովուրդին:
Աւագ Շաբաթը Յիսուս Քրիստոսի այսերկրային վերջին օրերը կ՚ամփոփէ: Աւագ Շաբթուան օրերուն մէջ յատկանշական տեղ ունի Աւագ Հինգշաբթին, որ յիշատակն է Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իբրեւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատում:
Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս իր աշակերտները հաղորդ դարձուց Իր Մարմնին ու Արեան՝ անով հաստատելով Ս. Պատարագի խորհուրդը:
Այսօր առաւօտեան՝ ժամը 07.30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ (ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ) տեղի կ՚ունենայ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ Կարգ ապաշխարողաց, որ հաստատած է ընդհանրական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետ, եկեղեցական մեծ գործիչ եւ գրող Բարսեղ Կեսարացին: Ժամը 10.30-ը Ս. Պատարագի ժամն է, իսկ աւելի ուշ՝ օրուան երկրորդ կէսին՝ ժամը 16.00-ին, մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը եւ կը խորհրդանշէ այն խոնարհութիւնը, որ մարմնաւորեց Յիսուս Քրիստոս: Ինչպէս Քրիստոս վերջին ընթրիքէն յետոյ, ցուցաբերելով ճշմարիտ հեզութեան ու անսահման խոնարհութեան օրինակ, ջուր լեցուցած է կոնքի մէջ, ծունկի եկած եւ լուացած է իր տասներկու աշակերտներուն ոտքերը՝ չորցնելով կռնակին կապուած անձեռոցով։ Նոյնպէս ալ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Տիրոջ այս օրինակով քահանան եկեղեցւոյ խորանին ծնկաչոք կը լուայ տասներկու մանուկներուն կամ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ոտքերը եւ ապա կ՚օծէ օրհնուած իւղով: Իւղը, ինչպէս յայտնի է, կը խորհրդանշէ Յիսուսի ոտքերուն մեղաւոր կնոջ թափած անուշահոտ իւղը: Արարողութիւնը Մայր Տաճարին մէջ կը կատարուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ: Հայ Եկեղեցւոյ հայրերու բնորոշմամբ «Ոտնլուայի ժամանակ երկնքի եւ երկրի Արարիչը խոնարհեցաւ հողի՝ մարդու առջեւ, ինչ որ մարդ արարածին հանդէպ Աստուծոյ կատարեալ սիրոյ եւ խոնարհութեան գերագոյն դրսեւորումն էր»: Ինչպէս Աւագ Հինգշաբթիի շարականներէն մէկուն մէջ կ՚ըսուի. «Ան, ում հրեշտակներն իսկ չէին համարձակեր նայիլ, այսօր ծառայի կերպարանքով աշակերտներուն ոտքերը լուաց՝ երկինք ուղղելով մարդկային ցեղին ընթացքը»:
Աւագ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 19.00-ին կը կատարուի Խաւարման կարգ, որ արդէն կը վերաբերի Աւագ Ուրբաթին՝ խորհրդանշելով Տիրոջ խաչելութիւնն ու թաղումը: Արարողութեան ընթացքին աւետարանական ընթերցումները կը յիշեցնեն Յիսուսի աղօթքը Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուսի մատնութիւնը, Անոր անարգուիլը, Պետրոսի ուրանալը:
Ինչպէս ծանօթ է, աւանդոյթի համաձայն այդ ժամանակ խորանին վրայ կը վառուի տասներկու մոմ, իսկ մէկ մեծ մոմ կը դրուի կեդրոնը: Իւրաքանչիւր անգամ, երբ կ՚ընթերցուի Աւետարանը, մէկ-մէկ կը մարին մոմերը, վերջաւորութեան կը մնայ միայն կեդրոնինը. ծանօթ այս պատկերը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ միայնակ մնացած էր:
Որոշ քրիստոնեաներ սովութիւն մը ունին Աւագ Հինգշաբթի օրը ընտանիքի անդամներուն թիւով հաւկիթ ներկել եւ ճաշակել:
Եկեղեցւոյ հայրերը, սակայն, կը սորվեցնեն, որ եթէ ամբողջ Մեծ պահքը պահես ամենայն խստութեամբ, սակայն Աւագ Հինգշաբթի ձեւով մը լուծանես զայն, ապա չեղեալ կը նկատուի Մեծ պահքը պահելու ամբողջ ջանքը:
ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ՈՂՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հայրերը բազմիցս առաձնայատուկ կարեւորած են Աւագ Հինգշաբթին, իբրեւ Աւագ Շաբթուան ամենէն յագեցած օրը՝ գրաւիչ ծէսերով ու հոգեպարար արարողակարգով: Անոնք միշտ կը յորդորեն Աւագ Հինգշաբթիի խորհուրդը պահել ո՛չ թէ միայն մէկ օրուան, այլ ամբողջ տարուան եւ հետագայ կեանքի օրերուն համար՝ իբրեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անբաժան մաս: Աւագ Հինգշաբթիի խորհուրդները ամբողջ կեանքի իմաստը կը բովանդակեն եւ միայն Աւագ Շաբթուան յատուկ չեն: «Խոնարհութիւնը մարդը հրեշտակ կը դարձնէ», այսպէս կ՚ըսեն հայ հոգեւորականները՝ Աւագ Հինգշաբթիի արարողութիւններու ընթացքին կրկին շեշտելով խոնարհութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մեր կեանքին մէջ եւ ծառայութիւնը, որ քրիստոնեայի գլխաւոր առաքինութիւններէն մէկն է: Հաւատացեալ ժողովուրդին այս օրը կրկին կը յիշեցուի, որ եօթ մահացու մեղքերէն առաջինին՝ հպարտութեան մեղքին հակադիր առաքինութիւնն է խոնարհութիւնը:
Չարչարանաց շաբթուան բոլոր օրերու խորհուրդներով հաւատացեալները կը մասնակցին Ս. Յարութեան տօնին, որ համայն քրիստոնէական աշխարհը կը նշէ մեծ շուքով ու հանդիսաւորութեամբ: Միլիոնաւոր ուխտաւորներ տօնին առիթով կը բռնեն Երուսաղէմ տանող ճամբան:
Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս՝ Կեդրոն ձորէն դէպի արեւելք բարձրացող Ձիթենեաց լեռան լանջին առ այսօր Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ կ՚աճին դարաւոր ձիթենիները, որոնց ստուերին տակ, ըստ աւանդութեան, Քրիստոս յաճախ կ՚առանձնանար Իր աշակերտներուն հետ: Խորհրդաւոր ընթրիքէն ետք Յիսուս անոնց հետ այնտեղ գացած է աղօթելու, եւ ուր շուտով յայտնուած է Յուդան՝ քահանայապետի զինուած ծառաներուն ուղեկցութեամբ եւ համբոյրով մատնած է իր ուսուցիչը: Ուխտաւորները կ՚այցելեն Գեթսեմանի եւ յիշելով այս ամէնը կը համակուին նուիրական զգացումներով: Անոնք, իբրեւ մասունք, այնտեղէն ձիթենիի ճիւղեր կը տանին:
ԱՆԳԻՆ ԳԱՆՁԵՐ
Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս Աւագ Հինգշաբթիի արարողութիւններուն ժամանակ հնչող շարականներն ու ընթերցուող խրատները Հայ շարականագիտութեան եւ խրատաբանութեան ոսկեայ նմոյշներէն են, այնպէս ինչպէս Աւագ Հինգշաբթին իր ունեցած խորհուրդով փառահեղ իմաստ դրած է քրիստոնեայի կեանքին մէջ:
Ոտնլուայի ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուին Ս. Գրային ընթերումներ, կ՚ընթերցուի Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետի «Սիրոյ մասին» խորիմաստ խրատը: Ոտնլուայի հիասքանչ արարողութեան ծիսակարգի ու աղօթքներու հեղինակ կը նկատուի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ տիեզերալոյս վարդապետներէն Ս. Եփրեմ Խուրի Ասորին (306-373): Ամենայն Հայոց Գրիգոր Բ. Վկայասէր Կաթողիկոսը (1066-1105) ԺԱ. դարուն այդ կարգը թարգմանած է հայերէն եւ ներմուծած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսակարգ: Հետագային կարգը հարստացած է նաեւ զուտ հայկական շարականներով ու աղօթքներով, որոնցմէ է շատ ծանօթ «Սիրտ իմ սասանի» տաղը: Այս տաղին հեղինակը Մխիթար Այրիվանեցին է (13-րդ դար), ոմանք կը վերագրեն Առաքել Սիւնեցիին (15-16-րդ դդ.): Իսկ Աւագ Հինգշաբթիի երեկոյեան (Աւագ Ուրբաթ) կը հնչէ «Ուր ես, մայր իմ» անյայտ հեղինակի գեղեցկահիւս մեղեդին:
Հայ մանրանկարչութիւնը նոյնպէս հարուստ է Աւագ Շաբթուան մասին պատկերներով եւ մանաւանդ՝ Աւագ Հինգշաբթիի արարողութիւններուն նուիրուած արժէքաւոր մանրանկարներով ու աւետարանական նկարազարդումներով: Հայ մանրանկարիչները, իսկ հետագային նաեւ՝ արուեստագէտներ մեծագոյն գործեր ստեղծած են Ոտնլուայի, Խորհրդաւոր ընթրիքի, Մատնութեան եւ Աւագ Հինգշաբթիին առընչուող այլ նիւթերով: Համաշխարհային արուեստին մէջ նաեւ այս նիւթերով կան գլուխ գործոցներ, որոնցմէ ամենանշանաւորը Լէոնարտօ Տա Վինչիի վրձնի գործն է «Խորհրդաւոր ընթրիք» խորագրով։ Ան այս մէկը նկարած է Միլանոյի Սանթա Մարիա Տելլէ Կրացիէի վանքի սեղանատան պատին։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԼՈՒԶ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԽՐԱՏԸ՝ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ
Աստուած սէր է, կ՚ըսէ Որոտման որդին, Քրիստոսի սիրելի աշակերտ Յովհաննէսը. եւ ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի եւ Աստուած ալ անոր մէջ: Եւ արդ, եղբայրներ, սիրոյ (մասին) այս ճառը լսեցէք եւ ձեր մտքերուն մէջ պահեցէք: Ամէն ոք, որ Աստուած կը սիրէ՝ նաեւ իր եղբայրը կը սիրէ, որովհետեւ առ Աստուած ունեցած սէրը եղբօր հանդէպ ունեցած սիրով յայտնի կ՚ըլլայ: Որովհետեւ ա՛ն, որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ զոր կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել Աստուած՝ զոր չի տեսներ: Այսպէս Աստուած սիրողներ կը ճանչցուինք, երբ մեր եղբայրը հոգեւոր սիրով սիրենք եւ ոչ թէ մարմնաւոր, որովհետեւ ուրիշ է հոգեւոր սէրը եւ ուրիշ՝ մարմնաւորը, որուն մասին, առաջ անցնելով ըսեմ, պէտք է խօսինք, աւելի ուշ, իր տեղը: Բայց արդ, ամէն ոք, որ կը սիրէ, կը ճանչցուի Աստուծմէ, եւ ինք կը ճանչնայ զԱստուած: Եւ ամէն ոք, որ իր եղբայրը ցաւակցաբար չի սիրեր՝ օտար է Աստուծոյ համար, եւ չի կրնար աստուածային շնորհներ ընդունիլ: Ամէն ոք, որ իր եղբայրը սուրբ սրտով կը սիրէ, Աստուծոյ համար բնակարան կ՚ըլլայ եւ Աստուած անոր մէջ կը բնակի: Որովհետեւ Ինքը՝ Տէրը, սիրեց մեզ եւ Ճշմարտութեան Հոգին ուղարկեց մեր մէջ բնակելու, որպէսզի մեր իմանալի հոգիները Աստուծոյ անիմանալի Հոգիին հետ սիրով կապակցուին: Եւ ինչպէս Ան սիրեց մեզ, նոյնպէս եւ մեր մէջ կը կամենայ միմեանց հանդէպ սէր: Տե՛ս, թէ Աստուծոյ քով սէրը որչափ առաւելութիւն ունի, որ մարդս Աստուծոյ նման կը դարձնէ, քանի որ Աստուած իր սիրով մարդացաւ եւ ցոյց տուաւ, որ մարդիկ իրենց սիրով Աստուծոյ նման պիտի ըլլան: Որովհետեւ Աստուած այնչափ սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհի փրկութեան համար: Եւ եթէ մենք սիրենք միմեանց այնպէս, ինչպէս որ Աստուած սիրեց մեզ, ոչինչ է չարը, որ մեր սէրը խափանէ, ամէն ոք, որ կը սիրէ, մարդոց առջեւ յայտնի է եւ Աստուծոյ առաջ՝ համարձակ, որովհետեւ մահացու մեղքերէն երկիւղ չունի, այլ՝ Աստուծոյ սիրով զինուած է եւ բոլոր երկիւղալի վտանգներէն անվախ է: Ուր սէր կայ, այնտեղ երկիւղ չկայ, ինչպէս Յովհաննէսը կ՚ըսէ, սիրոյ մէջ երկիւղ չկայ, որովհետեւ սէրը կատարեալ է եւ հեռու կը վանէ երկիւղը, քանի որ երկիւղը տանջանքի ենթակայ է, իսկ սէրը՝ համարձակութեան, ուստի սէրը կը վտարէ երկիւղը: Եւ ուր սէր չկայ, այնտեղ դատաստանի սարսափ կայ եւ կորստեան վախ՝ մեծ դատաստանի օրուան համար: Իսկ սէրը մարդս բոլոր տանջանքներէն անվախ կը պահէ, այն սէրը կ՚ըսէ, թէ բոլորովին հեռու է կասկածէ, որովհետեւ կասկածն ու սէրը միասին չեն կրնար բնակիլ: Եւ բացայայտ է, որ սէրը ոչ միայն յաւիտենական կեանքին մէջ կը պտղաբերէ իր խաղաղութեան պտուղը, այլեւ այս աշխարհի մէջ բոլոր թշնամութիւնները՝ նախանձը, ատելութիւնը, ոխակալութիւնը, չարութիւնը, չարախօսութիւնը, հայհոյութիւնը, տրտունջը, բամբասանքը, հպարտութիւնը, եւ ամբարտաւանութիւնը եւ մանաւանդ բոլոր չարիքներու մայրը՝ արծաթսիրութիւնը եւ ագահութիւնը կը վանէ: Արդ, ան, որ սէր ունի, այս բոլոր չարիքներէն հեռու կը մնայ եւ երկնային ապահով՝ խաղաղական հանգիստն ու մշտնջենաւոր բարիին արժանի կը դառնայ: Ի՞նչն է աւելի խաղաղական, քան սէրը՝ ձերբազատուած ըլլալով բոլոր խռովութիւններէն եւ Աստուծոյ համար հաճելին կատարելով: Սէրը երկնքի արքայութեան բանալին է եւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը: Սէրը մարդիկը Աստուծոյ որդիներ եւ երկնքի արքայութեան ժառանգորդներ կը դարձնէ: Սէրը ապականացած բնութիւնը անապականի կը վերածէ եւ մահկանացուն անմահութեան կը փոխէ: Սէրը երկրայինները երկնայիններ կը դարձնէ եւ հողեղէնները հրեղէններու կը վերածէ: Եւ արդ ո՞վ կրնայ պատմել սիրոյ անչափ մեծութիւնը, որովհետեւ ան անճառելի եւ անպատմելի է եւ ինչպէս որ Աստուծոյ անեղ բնութիւնը անքննելի է, այնպէս ալ սիրոյ բնութիւնն ալ անքննելի: Եւ ինչպէս Աստուած անբաւելի է, բայց բոլորին քով է, եւ կը բնակի հեզերուն, խոնարհներուն քով եւ անոնց, որոնք իր խօսքէն կը դողան, նոյնպէս եւ սէրը բոլորին քով է, ով որ կը կամենայ իրեն եւ ինքը գալով կը բնակի իրեն խնդրողներուն մէջ, քանի որ սէրը կը սիրէ անոնք, զոր կը սիրէ իրեն եւ կ՚ատէ անոնք, որ իրեն կ՚ատէ: Անոնք, որոնք սէր կը փնտռեն, մօտ է անոնց աստուածապէս, որովհետեւ Աստուած սէր է եւ սուրբ սիրտէն ու անկեղծ հաւատքէն բխող սիրոյ կամեցողն է:
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ` ՏԱՐԲԵՐ ԱԶԳԵՐՈՒ ՄՕՏ
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Աւագ Հինգշաբթիի հետ կապուած ի՞նչ ազգային սովորութիւններ կան աշխարհի մէջ:
Անգլիոյ մէջ Աւագ Հինգշաբթին ստացած է «Արքայական ողորմութեան օր» անուանումը: 8-րդ դարէն սկիզբ առնող այս աւանդոյթի համաձայն՝ այդ օրը Անգլիոյ գահակալը իր կեանքի տարիներու թիւով այր մարդոց եւ կիներու երկուական քսակ կը նուիրէ: Կարմիր քսակի մէջ գումար կը դրուի մեր ժամանակներու արտարժոյթի տեսքով (սնունդ եւ հագուստ գնելու համար), իսկ սպիտակ քսակի մեջ՝ 1822 թուականին հատուող յատուկ փեննի մետաղադրամներ՝ կրկին գահակալի կեանքի տարիներու թիւով: Մինչ Ճէյմս Բ. Ստիվըրտի գահակալութեան աւարտը (1701 թուական) Անգլիոյ տիրակալները Աւագ Հինգշաբթի օրը լուացած են աղքատներուն ոտքերը (պատմութեան մէջ պահպանուած է Էլիզապէթ Ա. թագուհիի նկարը՝ Ոտնլուայի ժամանակ):
Գերմանիոյ մէջ Աւագ Հինգշաբթին կը կոչուի Չարչարանաց կամ Կանաչ Հինգշաբթի:
Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Աւագ Հինգշաբթի օրուընէ մինչեւ Շաբաթ օրը բոլոր եկեղեցիներու զանգերը կը լռեն, եւ երախաները փայտեայ կոչնակներով կը շրջին տունէ տուն՝ ստանալով քաղցրաւենիք եւ մանրադրամներ:
Մալթայի մէջ այս օրը կը կոչուի Հաղորդութեան Հինգշաբթի եւ սովորութիւն կայ օրուան մէջ եօթ եկեղեցի այցելել:
Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Սպանիոյ եւ լատին-ամերիկեան երկիրներու մէջ օրը պաշտօնապէս ոչ-աշխատանքային է:
Շուէտի մէջ օրը միահիւսուած է վհուկներու մասին հին ժողովրդական աւանդազրոյցի մը հետ: Երախաները վհուկներու զգեստներով կը շրջին տունէ տուն եւ զատկական հաւկիթներու համար գումար կը հաւաքեն:
Պուլղարիոյ մէջ Աւագ Հինգշաբթի օրը կը սկսի զատկական ուտեստներու, մասնաւորապէս, հաւկիթներու պատրաստութեամբ։ Կարգ մը այլ երկիրներու մէջ նոյնպէս զատկուան հաւկիթները կը ներկեն Աւագ Հինգշաբթի օրը:
Փիլիպեաններու մէջ այս օրը չեն աշխատիր ժամանցային հաստատութիւնները, հեռատեսիլն ու ձայնասփիւռը, միայն կարճ եթերաժամով կը հեռարձակուին։ Թերթերն անգամ չեն տպագրուիր, որովհետեւ ժողովուրդը մեծ ջերմեռանդութեամբ կը մասնակցի եկեղեցական արարողութիւններուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024