ԿԱՐՆՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԾ ԴԱՍԱԳԻՐՔԸ
Դպրոցներու համար դասագիրքերը սովորաբար կը գրեն մասնագէտներ՝ մանկավարժներ, գիտնականներ, մտաւորականներ: Սակայն եղած են, որ աշակերտներ իրենք կազմած են դասագիրքեր, որոնք իբրեւ օժանդակ գիրքեր ծառայած են հիմնական դասագիրքերու կողքին:
1879 թուականին Կարնոյ Ազգային դպրոցի աշակերտները դասագիրք մը կը կազմեն՝ զայն նուիրելով իրենց բազմերախտ վարժապետին՝ պատուելի Կարապետ Զաքարեանին՝ իր անուան տօնախմբութեան օրը, դասագիրքին ալ կը կցեն երախտագիտական ձօն մը: Աշակերտները դասանիւթ պարունակող այդ գիրքը կազմած են զանազան թարգմանութիւններ կատարելով եւ զայն կոչած են «Դաստիարակութիւն կամ նախագիտելիք բարոյական եւ բնական իրաց»:
Այսպիսի գիրք մը կազմելով՝ Կարինի աշակերտները նաեւ նպատակ ունեցած են զայն վաճառել ի նպաստ վարժապետական միութեան:
Սակայն դասագիրքը օրին չէ տպագրուած՝ ինչ-ինչ պատճառներով եւ միայն 1881 թուականին զայն կը տպուի Պոլիս եւ կը տարածուի դպրոցներուն մէջ: Գիրքին տեղեկատու թերթիկին վրայ կ՚երեւի, որ զանազան դպրոցներու աշակերտներու համար զեղչով վաճառուած է:
Կարոնյ աշակերտները գիրքը ձօնելով իրենց վարժապետին՝ շնորհակալութիւն յայտնած են, որ ան երեսուն տարի ծառայած է Կարինի մանուկներու կրթութեան ասպարէզին կապակցութեամբ:
Դասագիրքին մէջ աշակերտները բարոյական, գիտական զանազան նիւթեր ներկայացուցած են հարց ու պատասխանի ձեւով: 143 տարի առաջ տպուած այդ դասագիրքի զանազան բաժիններէն կը ներկայացնենք հարց ու պատասխաններ.
«Աստուած, կրօն եւ բարոյական» բաժինէն
-Ի՞նչ է դաստիարակութեան նպատակը:
-Դաստիարակութեան նպատակն է զարգացնել մարդոց իմացականութիւնը, ներ-շընչել առաքինութեան եւ իմաստութեան սէրը, պատրաստել բարի մարդիկ եւ օգտակար քաղաքացիներ, որպէսզի թէ՛ հայրենեաց եւ թէ՛ ազգին անձնուիրաբար ծառայեն:
-Ի՞նչ է իմաստութեան սկիզբը:
Իմաստութեան սկիզբը Աստուծոյ երկիւղն է:
-Ի՞նչ է մեր առաջին պարտքը առ Աստուած:
-Մեր՝ առ Աստուած ունեցած առաջին պարտքն է զայն ճանչնալ, անոր հաւատալ, զայն սիրել եւ անոր պատուիրանց հնազանդիլ:
-Որո՞նք են այն առաւելութիւնները, զորս մենք կը ստանանք մեր պարտքը կատարելով:
-Հաւատարմութեամբ մեր պարտականութիւնները կատարելով՝ կը վայելենք այն ներքին խաղաղութիւնը, առանց որու մէկը չի կրնար երջանիկ ըլլալ աշխարհիս մէջ, եւ մեզ կը պատրաստենք յաւիտենական երջանկութիւն մը միւս կեանքերու համար:
-Ինչո՞վ պիտի սորվինք մեր առ Աստուած ունեցած պարտականութիւննը կատարելու ընթացքին:
-Կրօնագիտութեամբ:
-Առ Աստուած ունեցած պարտականութիւններէս զատ, կրօնը ուրիշ ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի:
-Կը սորվեցնէ նաեւ այն բաները, որոնք պարտական ենք մեր ծնողաց, ուրիշ մարդկանց եւ նոյնիսկ մեր անձին:
-Կրօնի այս մասին ի՞նչ կ՚ըսուի:
-Բարոյագիտութիւն:
-Ի՞նչ բանի մէջ կրնայ բովանդակուիլ բարոյականին սկզբունքները:
-Այս երկու առածին մէջ. «Մի՛ ըներ ուրիշներուն այն բանը, զորս չես ուզեր որ ուրիշները քեզի ընեն» եւ «Ըրէ այլոց այն բանը, զոր կ՚ուզես, որ ուրիշները քեզի ընեն»:
«Եղանակաց» բաժինէն
-Ի՞նչ է մթնշաղը:
-Մթնշաղը այն աղօտ լոյսն է, որ կը պատահի առաւօտեան եւ երեկոյեան միջոցները: Առաւօտեան մթնշաղը գիշերուան եւ լուսնալու մէջտեղը կ՚ըլլայ: Իրիկուան մթնշաղը արեւը մար մտնելու եւ գիշերը սկսելուն մէջտեղը կ՚ըլլայ: Այսինքն, առաւօտեան մթնշաղը կ՚երեւի այն վայրկեանին, երբ արեւուն ճառագայթները նոր կը սկսին թափանցել մթնոլորտին մէջ եւ մեզ լուսաւորել, թէեւ արեւը դեռ հորիզոնին վրայ երեւցած չէ: Երեկոյեան մթնշաղը կը սկսի այն վայրկեանին, երբ արեւը հորիզոնէն աներեւութացած է, որուն կամաց կամաց կը յաջորդէ գիշերը:
-Ի՞նչ է վերջնալոյսը:
-Երեկոյեան աղօտ լոյսն է:
«Մթնոլորտ եւ երկնային մարմիններ» բաժինէն
-Տիեզերք ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք:
-Տիեզերք կ՚ըսուի Երկինքը, Երկիրը եւ անոնց մէջ գտնուած ամէն բանի: Տիեզերքը անհուն միջոց մըն է, որուն սահմանները մեզի անծանօթ են:
-Ի՞նչ կ՚ըսուի այն գիտութեան, որ երկնային մարմիններու վրայ կը խօսի:
-Աստղաբաշխութիւն:
-Աստղաբաշխութեան նպատակը ի՞նչ է:
-Մեզի ճանչցնել երկնից մէջ տեսնուած մարմինները, ցուցնել իրենց դրութիւնը, իրենց ձեւը, իրենց փոխադարձ հեռաւորութիւնը, իրենց շարժումը, մեզ սորվեցնել ժամանակը չափելուն կերպը եւ առաջնորդել ճանապարհորդները ծովերու կամ անապատներու մէջ:
-Արեւը անշա՞րժ է:
-Արեւը հաստատուն կը մնայ միեւնոյն տեղը, թէպէտ մեզի կ՚երեւի, թէ երկրիս բոլորտիքը կը դառնայ, բայց ան առանձին իր վրայ կը դառնայ քսան եւ հինգ օրուան եւ գրեթէ տասներկու ժամուան միջոցի մէջ:
-Հապա ի՞նչ կը նշանակեն «Արեւը կ՚ելլէ» եւ «Մար մը մտնէ» խօսքերը:
-Երբ արեւը մեզի կ՚երեւնայ, կ՚ըսենք, թէ արեւը ելաւ եւ երբ մեր աչքերէն կ՚աներեւութանայ, կ՚ըսենք, թէ արեւը մար մտաւ. այսպէս բացատրուելուն պատճառը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ իրողութիւնը մեր աչաց երեւոյթներուն յարմարցնել: Վասնզի արեւը իրօք ո՛չ կ՚ելլէ, ո՛չ ալ կը մտնէ, այլ երկիրն է, որ քսանչորս ժամուան մէջ կատարեալ շրջան մը կ՚ընէ ինքն իր վրայ, եւ այսպէս երկիրս յաջորդաբար իր ամէն կողմերը արեւուն առջեւը կամ դիմացը կը բերէ:
«Աստղեր, մոլորակներ եւ գիսաւորներ» բաժինէն
-Աստղերուն թիւը գիտե՞նք, թէ որչափ է:
-Ոչ ոք կրնայ աստղերուն թիւը որոշել, որովհետեւ անոնք մեզմէ այնչափ հեռու են, որ անոնցմէ շատերը մեզի չեն երեւիր:
-Մոլորակի մը տեսութենէն գէշ կամ աղէտալի դէպքեր կրնա՞ն յառաջ գալ:
-Թէպէտ երբեմն հիներն այդպէս կը կարծէին, բայց այդ կարծիքը անհիմն է:
-Արբանեակ ունեցող մոլորակները որո՞նք են:
-Լուսնթագը, որ չորս հատ ունի, Երեւակը՝ եօթը, Հէրշէլը կամ Ուրանոսը՝ վեց եւ Երկիրս՝ միայն մէկ հատ, որ է՝ Լուսինը:
«Լուսին» բաժինէն
-Ծնունդ Լուսնի կամ Լրումն Լուսնի ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք:
-Նոր Լուսին կամ Ծնունդ Լուսնի կ՚ըսուի, երբ իր խաւար կողմը մեզի կ՚երեւցնէ: Այս պարագային մէջ զայն չենք կրնար տեսնել եւ Լրումն Լուսնի կ՚ըսուի, երբ որ ան մեզի իր լուսաւոր կողմը կը ներկայացնէ կատարելապէս կլոր ձեւով:
«Մթնոլորտային երեւոյթներ» բաժինէն
-Կայծակէն ազատելու համար հնարք մը չկա՞յ:
-Կայ եւ անկէ ազատելու համար հնարած են սրածայր երկաթէ ձող մը՝ զոր շէնքերու վրայ կը դնեն եւ որուն կ՚ըսուի շանթաձիգ: Այս գործիքը շէնքը կայծակէ պահելու յատկութիւն ունի, կամաց կամաց քաշելով իրեն մօտիկ գտնուած մրրկալից ամպերուն ելեկտրական հեղանիւթը:
-Շանթաձիգը շէնքը մի՞շտ կը պահպանէ կայծակէն:
-Ո՛չ, բայց այս դէպքին մէջ ելեկտրական հեղուկը աւելի շանթաձիգ երկաթին կը հետեւի եւ շատ անգամ վտանգ չի պատճառեր: Այսու, այնուամենայնիւ, եթէ վնաս ալ պատահի, եղած վնասը շատ փոքր կ՚ըլլայ բաղդատմամբ այն վնասին, որ տեղի պիտի ունենար, եթէ շանթաձիգ մը չըլլար:
-Վտանգ չկա՞յ, երբ որ մէկը ծառի մը կ՚ապաստանի փոթորիկի ատեն:
-Փոթորիկ եղած ատեն ծառերը, զանգակատուները եւ ընդհանրապէս բոլոր բարձր եւ սրածայր առարկաները վտանգաւոր ապաստաններ են:
«Մետաղներ» բաժինէն
-Մետաղներու ընդհանուր յատկութիւնը ո՞րն է:
-Մետաղները պէտք է ունենան մասնաւոր փայլունութիւն մը, քիչ շատ կարծրութիւն, նաեւ կրակով կակղացնելու եւ մուրճով գործուելու յարմարութիւն մը:
-Արդեօք կա՞ն շատ մետաղներ եւ գլխաւորները որո՞նք են:
-Հանքային գոյացութեանց մէջ շատ մետաղներ կան, ամենէն ծանօթներն են՝ երկաթ, կապար, պղինձ, անագ, զինկ, արծաթ եւ ոսկի:
«Բնութեան երեք ցեղերը» բաժինէն
-Որո՞նք են բնութեան երեք ցեղերը:
-Բնութեան երեք ցեղերն են՝ Կենդանեաց ցեղը, Բուսոց ցեղը, Հանքային ցեղը:
-Առաջին ցեղը ի՞նչ կը պարունակէ իր մէջ:
-Կենդանական ցեղին մէջ կը պարունակուին բոլոր կենդանի էակները, այսինքն՝ չորքոտանիները, թռչունները, ձուկերը, սողունները եւ միջատները: Կենդանիները այնպիսի էակներ են, որոնք կը սնանին, կ՚արտադրեն, կը զգան եւ կը շարժին:
-Ի՞նչ կը պարունակէ երկրորդ ցեղը իր մէջ:
-Բուսական ցեղը իր մէջ կը պարունակէ բոլոր այն գոյացութիւնները, որոնք կը բուսնին. ինչպէս՝ ծառերը, թուփերը, ծաղիկները, խոտը. կարճ խօսք՝ այն ամէն տեսակ տունկերը, բոյսերը, որոնք կը սնանին եւ կրնան աճիլ, բայց չեն կրնան զգալ եւ ինքն իրենց շարժիլ:
-Ի՞նչ կը պարունակէ երրորդ ցեղը իր մէջ։
-Հանքային ցեղը իր մէջ կը պարունակէ անգործարան գոյացութիւնները. ինչպէս՝ հանքերը, քարերը, մետաղները:
«Ճարտարութիւն կամ արհեստ ձեռագործութիւն» բաժինէն
-Մարդս, որ պարտաւոր է սնանիլ, բնակիլ եւ հագուիլ, ստիպուած է միշտ աշխատիլ: Արդ, այս աշխատանքներուն ընդհանուր անուն մը չկա՞յ:
-Այո՛, կայ, այն է՝ ճարտարութիւն եւ ձեռագործութիւն:
-Ճարտարութիւնը ի՞նչ է։
-Այն աշխատութիւնն է, որ աւելի մտքով աշխատութիւն կը պահանջէ, քան թէ ձեռաց կամ ֆիզիքական զօրութիւն: Անոնք որոնք այս բանին կը հետեւին, անոնց կ՚ըսուին ճարտարագէտք կամ արուեստագէտք:
ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԱՏՈՒԵԼԻ ԶԱՔԱՐԵԱՆ (1820-1892)
Գիրքը նուիրուած է Կարապետ պատուելի Զաքարեանին: Մշեցի բանաստեղծ էր Կարապետ պատուելի Զաքարեան, որ իբրեւ ուսուցիչ, հայագէտ ծառայած է Վան, Մուշ, Կարին:
Ծնած է 1820-1821 թուականներուն:
Իր հայրը ռուսական բանակի մէջ կամաւոր զինուոր արձանագրուած է ու գործած: Ռուս բանակի՝ Կարինէն քաշուելէն յետոյ թողած է զինուորութիւնը եւ հաստատուած Կարին:
Կարապետ այս շրջանին 9-10 տարեկան փոքր տղայ, իր հօր կողմէ կը յանձնուի Սահակ Կլորեան վարժապետին, որուն քով կը սորվի կարդալ ու գրել:
Ինք բնականէն ուշիմ եւ խելացի տղայ մը, շուտով կը սորվի նաեւ հայ լեզուի քերականութիւնը, կը կատարելագործէ այդ շրջանին Կարնոյ առաջնորդի փոխանորդ՝ Յովհաննէս վարդապետի քով, 1837 թուականներուն:
Կարապետ պատուելի Զաքարեան տարուէ տարի յառաջդիմելով 1840 թուականին ինքզինք կը նուիրէ Կարնոյ կրթական գործին, ուսուցիչ կը դառնայ Մայր վարժարանի մէջ, Ալթունեան եպիսկոպոսի օրով:
Քանի մը տարի յետոյ, երբ Գրիգորիս եպիսկոպոս Զօրաբաբէլեան նոր վարժարան մը շինել կու տայ, արդէն իսկ անուանի դարձած Կարապետ պատուելին կը կարգէ հայկաբանութեան ուսուցիչ: Զօրաբաբէլեանի մեկնումով, 1848 թուականին պատուելի Կարապետ կը փոխադրուի Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը: Ժամանակ մը հոն մնալէ յետոյ կը վերադառնայ Կարին ու կը ստանձնէ իր նախկին պաշտօնը:
Իր գործունէութեան մասին Տ. Գրիգոր Արծնեանի կողմէ հետեւեալ յիշատակումը պահպանուած է Կարնոյ առաջնորդարանի ծանօթ տետրակներուն մէջ.
«Այդ միջոցին Կարապետ պատուելի դպրոցը բարեկարգեց (1851-1859): Պարզ եւ դիւրին միջոցաւ կ՚ուսուցանէր հայկաբանութիւն, սրբազան պատմութիւն, կրօնագիտութիւն, Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ պատմութիւն, դպրութիւն:
Իր անխոնջ եւ անձնուէր դասախօսութեամբ մեծամեծ արդիւնք ունեցաւ: Իր հաւատարիմ աշխատութեամբ ազգին համար երեւելի անձինք պատրաստեց, Ի Վան ի Սուրբ Կարապետ եւ ի Կարին:
Իր աշակերտները բարձրացան եւ եղան եպիսկոպոս, վարդապետ, քահանայ, քաղաքական դէմքեր եւ իշխաններ, որոնք օգտակար եղան ազգին: Իր ամենէն տրուպ աշակերտն եմ նաեւ ես՝ Տէր Գրիգոր Արծնեան»:
Կարապետ պատուելին ալ, տասնեակներով տարիներ ուսուցչական ասպարէզին մէջ յոգնելէ եւ սպառելէ յետոյ, 1887 թուականին Ղազարոս վարժապետի հետ միասին, հանգստեան կը կոչուի:
Մէկ քանի տարի եւս հոս ու հոն որպէս այցելու ուսուցիչ գործելէ յետոյ 1892 թուականին իր մահկանացուն կը կնքէ, յիսուն տարուայ ուսուցչական բեղուն կեանք մը թողլով իր ետեւը, մինչեւ իր մահը առաջնորդարանի կողմէ ստանալով պէտք եղած թոշակը:
ԿԱՐՆՈՅ ԳՐԱԴԱՐԱՆ-ԸՆԹԵՐՑԱՐԱՆԸ
1908 թուականէն առաջ Կարինը երկու մատենադարան-գրադարաններ ունէր, մէկը՝ Սանասարեան վարժարանի, միւսը՝ Արծնեան բարձրագոյն նախակրթարանի մէջ: Ասոնք ունէին արդէն հին եւ նոր գիրքերու բաւական մեծ պահեստ մը, որոնք կրնային գոհացնել ուսումնասիրող ոեւէ անձի պէտքերը, բայց ընթերցանութեան համար յատուկ կազմակերպութիւն չունէր: Ընթերցարան մը հիմնուած է եղեր 1879 թուականին, բայց մէկ տարի յետոյ քաղաքական դէպքերու աննպաստ դասաւորումով փակուած է, իր գիրքերը յանձնելով Արծնեան վարժարանի մատենադարանին: Այս ընթերցարանի շէնքը առաջնորդարանին կից եւ ազգային կալուած մը ըլլալով մինչեւ վերջն ալ իր անունը պահեց:
1908 թուականէն յետոյ Երիտասարդաց միութիւնը «Յառաջ»ի խմբագրութեան եւ տպարանին մէջ, առանձին սրահով մը, հաստատեց իր ընթերցասրահը եւ ճոխ գրադարանը: Գրադարանապետ նշանակած էր իր անդամներէն եռանդուն երիտասարդ մը՝ Միսաք Կոլոթեանը: Ազնիւ եւ գաղափարական երիտասարդը, ըլլալով այդ միութեան նուիրուած անդամներէն մէկը, մէկ քանի տարուան անխոնջ ու յամառ աշխատութեամբ, անհուն զոհաբերութեամբ, գրադարանը իր գիրքերու մեծ թիւով եւ որակով, յարգանք ներշնչող հաստատութեան մը վերածեց, դնելով զայն այնպիսի կարգ ու սարքի մը մէջ, որ նշանակելի դեր մը կատարեց Կարնոյ երիտասարդ ու պատանի սերունդներուն մէջ՝ մղելով զանոնք դասաւորուած ընթերցանութեան եւ ինքնազարգացման:
Ընթերցարանը հայերէն բոլոր թերթերուն բաժանորդ ըլլալով, ունէր նաեւ անոնց լրիւ հաւաքածոները, այնպէս որ, հաստատութիւնը շուտով դարձաւ վայելքի եւ պատրաստութեան վայր մը՝ ամէն տարիքի ընթերցողներու համար՝ միշտ զուարթ եւ միշտ պատրաստակամ Միսաքի ներկայութեամբ:
Կիրակի օրերը մանաւանդ ընթերցարան-գրադարանը վերածուած կ՚ըլլար մեղուի փեթակի մը, ուր ամէն տարիքի երկսեռ բազմութիւն մը կու գար հայ քաղաքական կեանքի եւ գրականութեան ծանօթանալու, գիրքեր եւ պարբերականներ տալու-առնելու:
(Կարնոյ «Յուշամատեան»էն)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ