ԷՏԿԱՐ ՇԱՀԻՆ (1874-1947)
Հայազգի նկարիչ Էտկար Շահին ծնած է 31 հոկտեմբեր 1974 թուականին Վիեննա: Փորագրանկարչութեան աշխարհառչակ վարպետ մը եղած է: Անոր ստեղծագործութիւնները հայ մշակոյթի եւ 20-րդ դարու սկիզբին եւրոպական կերպարուեստին նշանակի երեւոյթներէն են:
Մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանը անցուցած է Պոլսոյ մէջ, ուր յաճախած է Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը: Կանուխ տարիքէն աշակերտած է յայտնի նկարիչ՝ Մելքոն Տիրացուեանին:
1890-92-ին, ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանէն ներս: Ապա, 1893-ին, անցած է Փարիզ, ուր յաճախած է Ժիւլիանի ակադեմիան, Ժ. Պ. Լորանսի եւ Բ. Կոստանի մօտ:
1896-էն սկսեալ սկսած է մասնակցիլ ցուցահանդէսներու:
1899-ին սկսած է փորագրական գեղանկարչութեան եւ անմիջապէս համբաւաւոր դարձած է, իր իւրայատկութեան պատճառով:
1901-ին մասնկացած է Վենետիկի Պիենալէին:
Շահին իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կիրարկած է փորագրութեան գրեթէ բոլոր եղանակները (օֆորթ, փափուկ լաք, աքուաթինթա), չնայած միշտ նախընտրած է չոր ասեղով փորագրութիւն կատարել: Այսպէս, անոր ստեղծագորածական ժառանգութիւնը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ. մօտ 450 օֆորթ, 430 գիրքերու նկարազարդում, 300 գեղանկար, բազմաթիւ գունամատիտանկար եւ գծանկարներ:
1905-էն սկսեալ պարբերաբար Իտալիա եղած է եւ այնտեղ եւս ստեղծագործած: Այս առումով նշանաւոր են իր «Իտալական տպաւորութիւններ» շարքի գործերը. ինչպէս օրինակ՝ «Կուլոնի աբբայարանը» - 1915, «Սուրբ Մարկոսի հրապարակը» 1921, «Հմայիչ կինը», «Հրաշալի երեխան» - 1922-1925:
Էտկար Շահին արժանացած է Վենետիկի մեծ նկարիչի եւ Պատուոյ քաղաքացիի տիտղոսին:
1930-ականներուն Շահին ապրած ու ստեղծագործած է Պրէօթայնի եւ Լա Մանշի ափերը, ստեղծելով բնանկարներու բացառիկ եւ գեղեցիկ շարք մը:
Էտկար Շահին նաեւ ստեղծագործած է հայ իրականութեան առընչուող մեծ գործեր. ինչպէս՝ «Ալեւոր հայը», եւ՝ Պօղոս Նուպար փաշայի եւ այլոց դիմանկարները: «Ալեւոր հայը» ստեղծագործութեան մասին Արա Ահարոնեան, 27 օգոստոս 2016-ին, «Նոր Օր»ին մէջ այսպէս կը գրէ. «Հայրենի հողին սէրը արուեստի միջոցաւ ան արտայայտեց, երբ 1904-ին «Ալեւոր հայը» գործով իր յատուկ վարպետութեամբ, ի յայտ բերաւ հայ շինականի խրոխտ ու առնական կերպարը։ Յետագային նաեւ շատ մը գործեր հայրենասիրական ոգիով ներշնչուած էին, որոնցմէ կարեւոր մի քանին այսօր կը գտնուի Երեւան»: Իսկ Գրիգոր Զօհրապի առաջարկութեամբ, մետաղի վրայ ստեղծած է փորագրութիւն մը, ուր պատկերուած են ջարդէն փրկուած հայ որբեր, իսկ խորքին՝ Անիի նշանաւոր Հովիւի եկեղեցին է: Այս գործին մասին Ահարոնեան հետեւեալը կը գրէ. «1910-ին առաջին անգամ Շահինը կը հանդիպէր Գրիգոր Զօհրապին. անոր խորհուրդով յետագային ստեղծագործեց Անիի Հովիտի եկեղեցիին առջեւ փրկուած ու իրարու նեցուկ կանգնած հայ որբերը։ Իսկ 1915-ի Մեծ Եղեռնը նոյնպէս արձագանգուեցաւ Շահինի գործերուն մէջ»:
Վերը անդրադարձանք, որ Շահին նաեւ գիրքեր նկարազարդած է: Այսպէս, ան նկարազարդած է Անաթոլ Ֆրանսի «Կատակերգական պատմութիւն»ը գիրքը, Մորիս Պարէսի «Վենետիկի մահը», եւ բազմաթիւ այլ գիրքեր:
Էտկար Շահինի ստեղծագործութիւնները կը պահուին Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Շահին իր գործերէն շուրջ 160-ը նուիրած է Հայաստանին: Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ անոր ստեղծագործութիւններուն յատկացուած է յատուկ բաժին մը:
Իր գործերէն մէկ մաս մըն ալ կը պահուին Փարիզի Ազգային գրադարանի, Վենետիկի Քաղաքային թանգարնի, Էրմիթաժի, Մոսկուայի «Փուշքին» կերպարուեստի կեդրոնին եւ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու թանգարաններուն մէջ:
Շահին եղած է Հռոմի Իտալական գեղարուեստի ազգային միութեան, Լոնտոնի Գեղարուեստի թագաւորական միութեան, Փորագրողներու եւ այլ միութիւններու անդամ:
1928-ին, Էտկար Շահին հեռակայ կարգով ընտրուած է Հայաստանի կերպարուեստագէտներու միութեան պատուոյ անդամ:
1936-ին Երեւանի ու Թիֆլիզի, իսկ 1940-ին Լենինկրատի Էրմիթաժ թանգարաններուն մէջ Շահինի փորագրութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են: Իսկ յետ մահու, 1974-ին, 1994-ին եւ 2004-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած են Շահինի ծննդեան 100, 120 եւ 130 ամեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսներ:
Էտկար Շահին տիրացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ մրցանակներու, այսպէս.
1900-ին Փարիզի մէջ արժանացած է Ոսկէ շքանշանի:
1903-ին Վենետիկի մէջ արժանցած է Ոսկէ մեծ մրցանակին:
Ասոնց կողքին ան արժանացած է Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի Ասպետի աստիճանին ու շքանշանին:
1995-ին, Ֆրանսայի Ժիզիօ քաղաքէն քիչ մը հեռու, Սեն Միշէլի մէջ բացուած է Էտկար Շահինի անունը կրող թանգարան մը:
Էտկար Շահին մահացած է 18 մարտ 1947-ին, Փարիզի մէջ:
***
Էտկար Շահինի մասին Արշակ Չօպանեան, հետեւեալը կը գրէ.
• Էտկար Շահին մինն է այն հայերէն, որ ապացուցած են, թէ հայ տաղանդը կրնայ եւրոպական բարձրագոյն միջավայրերուն մէջ հասնիլ արուեստի ամենէն մաքուր կատարելութեանց: Այն մեր ցեղին թանկագին նուէրն է ֆրանսական արուեստին, ուր աւելցուցած է ինքնատիպ ու գեղեցիկ էջ մը: Փարիզի պէս տիեզերական կեդրոնի մը մէջ ոչ մէկ փոքր ժողովուրդ, մանաւանդ արեւելքէն, ունի այսօր այնքան փայլուն գեղարուեստական տաղանդներու բոյլ մը, ինչքան հայ ժողովուրդը: Էտկար Շահին առաջին նշանը տուողներէն մին եղաւ մեր ցեղին ծոցէն բխող արուեստագիտական հզօր վերընձիւղման մը երեւոյթին…:
***
Շահին արժանացած է օրտար արուեստագէտներու գնահատանիքն: Այստեղ կու տանք ատոնցմէ երկուքը.
• Ֆրանսացի արուեստաբան Մաքս Ռոժէ կը գրէ.
«Այն հարստութիւնը, որ մեզ պարգեւեց Շահինը, կը պարտաւորեցնէ աւելիով գնահատելու անոր տաղանդին հզօրութիւնն ու հմայքը»:
• Դարձեալ ֆրանսացի արուեստաբան Շարլ Շէնիոլ հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ Շահինի մասին.
«Էտկար Շահին. ահա՛ մեր կերպարուեստին նորայայտ փառքերէն մէկը: Դիտեցէք իր օֆորթները (մետաղի վրայ փորագրութիւնները). օր մը պիտի նախընտրէք անոր «Պառաւ»ը, յաջորդ օրը՝ «Շաթօ ռուժ»ը եւ այսպէս շարունակ: Այս ամէնուն համար միայն մէկ բառ կայ՝ «ապշեցուցիչ»:
• Իտալացի արուեստաբան Փ. Օքքինի կը վկայէ.
«Շահինը ոչ միայն նրբաճաշակ արուեստագէտ է, այլեւ՝ նրբազգաց հոգեբան, պատմագէտ»:
Այստեղ նաեւ կը ներկայացնենք 1899-ին, «Անահիտ» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած Քլեման Ժանէնի Շահինին նուիրուած գրութիւնը: Այսպէս.
• L'estampe et l'affiche գեղարուեստական հանդէսին մէջ, Պ. Քլեմանժանէն հետեւեալ յօդուածը հրատարակած է Պ. Էտկար Շահինի մասին, որ, շարունակելով հանդերձ իր նկարչական արտադրութիւնները` վերջերս սկսած է նաեւ փորագրական արուեստը մշակել:
ԷՏԿԱՐ ՇԱՀԻՆ
Պ. Էտկար Շահին ճշմարիտ նոր մըն է, հազիւ քսանհինգ տարեկան: Ծագումով հայ, չորս տարի անցուցած է Վենետիկ, Բարիզ հաստատուելէ առաջ: Իտալիոյ մէջ Թիէփոլօն եղաւ զինքն ամենէն աւելի գրաւող վարպետը. անոր բոլոր պլանշները օրինակեց փորագրեց, եւ անոնք որ չկրցաւ ասիտով վերարտադրել, գրչով կամ մատիտով իւրացուց:
Փախուստ դէպ ի Եգիպտոսի հեղինակին համար այա համակրութենէն՝ ի՞նչ կը մնայ Պ. Շահինի քով: Ոչ անոր տեքոռական կարգաւորութիւնը կը յիշեցնէ, ոչ դէմքերուն նկարագիրը, ոչ օֆորթին եղանակը, գծման այն պարզութիւնը զոր Տոմինիքօ Թիեփոլօ այնքան կատարեալ կերպով իր հօրմէն փոխ առաւ: Թերեւս սիրուն վենետկեցիին ազդեցութիւնը կարելի է մասամբ գտնել այն յուզմունքին մէջ, որով Պ. Շահին կ՚արտայայտէ ամէն ինչ որ զինքը կը հետաքրքրէ եւ տեքոռասիոնի ինքնատիպ մտահոգութեանը մէջ, որով համակուած է: Ասի կը նշանակէ վարպետէ մը առնել իր ոգին, միակ բանը զոր փոխ առնելը օրինաւոր է ու դժուարին:
Մնացեալին մէջ, Պ. Շահին իր ինքնուրոյն անձնականութիւնը ունի: Եթէ, Սթենլենին պէս, նախասիրաբար իրեն նիւթ կ՚առնէ Փարիզի խեղճերն ու փողոցի աղջիկները, բացարձակապէս տարբեր նօթ մը ունի սակայն եւ ուրիշ շինուածք մը: Այդ Փարիզէն զոր արուեստագէտի աչքով կը տեսնէ, կը սիրէ արտայայտել ո՛չ միայն յաճախակի հանդիպուող տիպարները, այլ եւ փողոցներուն շարժումը, ու կը ջանայ անոնց ծայրագոյն զանազանութիւնը թարգմանել: Դիտած է որ ամբոխ մը, իրարու հետ որեւէ կապ չունեցող մարդոցմէ բաղկացած, միօրինակ երեւոյթ մը չունի. մին կը հապճեպէ, միւսը կը սլքտայ, մին մտահոգ է ու միւսը զուարթ, սա մէկը կը խոկայ ու սա մէկալը կը դիտէ, ատկէ յառաջ կու գայ շատ մեծ այլազանութիւն մը, ու միանգամայն այն ամբոխի նկարագիրը, որուն հետեւանքով մարդ սխալ մը կը գործէ եթէ միմիայն անհատականութիւնները նկատէ եւ դարձեալ սխալ մը կը գործէ եթէ լոկ խմբաւորման կողմէ տեսնէ:
Պ. Շահին կը ճգնի այս դժուարին խնդիրը լուծել: Շատոնց ի վեր չէ որ սկսած է ատով զբաղիլ, բայց արդէն արդիւնքները զոր ձեռք ձգած է, -գլխաւորապէս Ապուրի բաշխումին եւ Շաթօ ռուժին մէջ-, շատ հետաքրքրական են: Առէ՛ք այս վերջին պատկերը եւ դիտեցէք, խորքին մէջ, այդ բազմութիւնը որ դէպ ի դուռը կը խռնուի. պիտի գտնէք հոն գլուխներ, որոնք նշանաւոր ձեւի փափկութիւն մը ու շինուածքի ամրութիւն մը ունին: Ու միանգամայն, որովհետեւ ամէնքն ալ իրենց փլանին վրայ են, ամբողջութեանը մաս կազմելէ չեն դադրիր: Կարելի է զանոնք մօտէն զննել, իբր մանրամասնութիւն գոյութիւն ունին. հեռուէն, կը խառնուին ամբոխին մէջ, զոր կազմելու կը նպաստեն: Եւ իրօք ալ այդ է յատկանիշը տեսակ մը ամբոխներու, որոնց մէջ աննշան դէմքեր կը թուին ընկերանալ աւելի շահեկան դէմքերու:
Պ. Շահին քիչ ատենէ ի վեր սկսած է ինքնատիպ փորագրութիւնը փորձելու: Ո՛չ մէկ «եղանակ»ի չի հետեւիր եւ ըստ հարկին կը գործածէ փուանթ-սէշի, օֆորթի կամ կռէնի դրութիւնը: Սակայն կը թուի նախընտրել փուանթ-սէշը, երանգի հարստութեանը համար, որ անով կը ստացուի: Գալով գունաւոր տպագրութեանց, Պ. Շահին շատ չի սիրեր այդ եղանակը: Իբրեւ ճշմարիտ փորագրիչ, կը մտածէ, թէ պլանշի մը գոյնը իր լոյսի բաշխումին մէջ կը կայանայ, այսինքն այն անսահման աստիճանաւորման մէջ, որ թանձր սեւէն զուտ ճերմակին կ՚առաջնորդէ: Այն մէկ քանի գունաւոր տպագրութիւնները զոր փորձած է, իր պարզ սեւ մելանով քաշածներէն աւելի բարձր արդիւնք մը չեն տուած:
Պ. Շահին միանգամայն օժտեալ նկարիչ մըն է ու խղճամիտ, խուզարկու եւ դիւրաւ չգոհացող գծագրիչ մը: Բայց այս թերթին մէջ փորագրիչը մեզ մասնաւորապէս կը շահագրգռէր եւ մեզի օգտակար թուեցաւ անոր գործին մէկ ցուցակը ներկայացնել, թէպէտեւ այդ գործը սկզբնաւորութիւն մըն է դեռ: Այս արուեստագէտը արդեօք անոնցմէ չէ՞, որոնց վրայ մեծ յոյսեր կրնան դրուիլ: Մենք կը հաւատանք, որ այդպէս է եւ ապագան պիտի ըսէ, թէ իրաւունք ունինք կամ ոչ («Անահիտ», հանդէս ամսեայ, ազգային, գրական, գեղարուեստական, Ա. տարի, թիւ 11, սեպտեմբեր 1899, էջ 355-356)
***
Էտկար Շահին ո՛չ միայն Փարիզի կամ Իտալիոյ մէջ նշանաւոր է, այլ համաշխարհային համբաւ ունեցող արուեստագէտ է: Դժբախտաբար, սակայն, այսօր երբ Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն Էտկար Շահինի անունը տաք, վստահաբար շատեր պատասխան պիտի չունենան, կամ անկապ պատասխան մը պիտի տան: Աւելին, այսօր Եւրոպայի մէջ, յատկապէս Ֆրանսա, եթէ քիչ մը պտտիք, անպայմանօրէն Շահինէն հետք մը կը գտնէք, սակայն նոյնը չե՛նք կրնար ըսել Հայաստանի մասին: Այս մասին Վրէժ Առաքելեան, դեռ եւս 2020-ին, հետեւեալը կը գրէ. «Կը վստահեցնեմ, եթէ այսօր Ֆրանսայի քաղաքներուն մէջ, ի մասնաւոր Փարիզի մէջ, պտտիք եւ փորձէք Էտկար Շահինի հետագիծը յայտնաբերել, ձեռնունայն չէք մնար: Տակաւին կը վաճառուին անոր ձեւաւորած բազմաթիւ գիրքերը: Հիմա եկէք շրջայցի հրաւիրենք ՀՀ ԿԳՄՍ-ի մշակոյթի պատասխանատուներուն, փոխ-նախարարներ Նարինէ Խաչատուրեանին եւ Արա Խզմալեանին, փորձենք քաղաքամայր Երեւանի մէջ Էտկար Շահինի գեղագիտական հետքերը յայտնաբերել: Շրջայցը բեկանուած է, Շահինին յայտնաբերելը հնարաւոր չէ՛» (արեւելահայերէնէ արեւտմահայերէնի փոխադրութիւնը մերն է):
Նոյնը նաեւ մեր դասագիրքերուն պարագային, եթէ փորձենք Շահին փնտռել, ապա դժուար թէ կարենանք որեւէ մէկ բան գտնել:
***
Էտկար Շահինի մասին մեր այսօրուան ներկայացումը աւարտենք, 31 հոկտեմբեր 2016-ին «Ազատ Օր»ի մէջ լոյս տեսած, «Ն.» ստորագրութիւն ունեցող՝ «Էտկար Շահին (1874-1947). Գծագրական եւ փորագրական գեղանկարչութեան աշխարհահռչակ հայ վարպետը» խորագիրը կրող ուսումնասիրութենէն մէկ երկու հատուած ներկայացնելով.
• Հոկտեմբեր 31-ի այս օրը, 142 տարի առաջ, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, հայկական համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ լոյս աշխարհ եկաւ ի վերուստ տաղանդով օժտուած հայ մանուկ մը, որ Էտկար Շահին անունով եւ հայ մշակոյթէն ներշնչուած իր արուեստով՝ կոչուած էր դառնալու գծագրական ու փորագրական գեղանկարչութեան աշխարհահռչակ վարպետ մը։
Էտկար Շահին մաս կը կազմէ փաղանգին 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդ գեղանկարիչներու փարիզեան սերունդին (Տիգրան Փոլատ, Վարդան Մախոխեան, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար), բարձրորակ արուեստագէտներու այդ շարժումին ճառագայթող դէմքերէն մէկն է, որ ո՛չ միայն հայկական գեղանկարչութիւնը բացաւ նոր հորիզոններու, այլեւ՝ հայ անունը եւ հայկական հանճարը պանծացնող բարձունք մը նուաճեց ֆրանսական գեղարուեստի աշխարհին մէջ։
• Էտկար Շահինի ստեղծագործական ժառանգութեան մաս կը կազմեն մօտ 450 օֆորթ, գիրքերու 430 նկարազարդում, 300 գեղանկար, բազմաթիւ գունամատիտանկար եւ գծանկարներ:
Էտկար Շահինի արուեստին ու ժառանգութեան բարձր գնահատականներ նուիրած ֆրանսացի, եւրոպացի եւ այլ օտար հեղինակաւոր արուեստաբանները, միաժամանակ, կարեւորութեամբ շեշտած են անոր ազգային՝ հայկակա՛ն արմատներուն շեշտակի ներգործութիւնն ու արժէքը Է. Շահինի ստեղծագործութեան մէջ։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ 20-րդ դարու փորագրական գեղանկարչութեան նշանաւոր վարպետ մը, որուն ազգային ինքնատիպ արուեստը կը նկատուի հայ եւ եւրոպական կերպարուեստի փոխպատուաստման նշանակալի երեւոյթներէն մէկը, Էտկար Շահին իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին պարծանքը՝ աշխարհաքաղաքական սահմաններէ վեր կանգնող արուեստի աշխարհէն ներս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024