ԻՆՔՆԱԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԹԱՔՈՒՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏԸ. ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԿԱՐԻՔԸ
Հաւանութեան կախուածութիւնը կրնայ սահմանուիլ որպէս իրավիճակ մը, երբ անհատներ կը դառնան չափազանց կախուած ուրիշներու հաւանութենէն եւ գնահատումէն: Այս կախուածութիւնը կը ստիպէ մարդիկ հիմնաւորել իրենց ինքնավստահութիւնը եւ ինքնընկալումը հիմնականին մէջ ուրիշներու գնահատականներու վրայ: Հաւանութեան կախուածութիւն ունեցող մարդիկ իրենց արժէքներն ու կարողութիւնները կ՚որոշեն ո՛չ թէ իրենց ներքին չափանիշներով, այլ՝ իրենց շրջապատի մարդոց մտածումներով եւ արձագանգներով:
Գործ մը կատարելէ առաջ հաւանութեան եւ հաստատման կարիքը հզօր յոյզ մըն է, որ կը մղէ մեր կեանքը եւ յաճախ սա չենք գիտակցիր: Այդ մէկը կրնայ խոր ազդեցութիւն թողել մեր վրայ յարաբերութիւններու եւ ընկերային կեանքի բոլոր շերտերուն մէջ։ Անհանգստութիւն, ճնշուածութիւն, զրկանք, անօգնականութիւն, զայրոյթ, դժգոհութիւն կամ տխրութիւն կը զգանք, երբ հաւանութիւն չստանանք։ Սա իրականութեան մէջ մեզ կը ստիպէ մտածել, որ չենք կրնար գիտակցիլ եւ գործել առանձինն։
Իրականութեան մէջ յաճախ կը դրսեւորենք այնպիսի վարքագիծ, որ չի ցոլացներ մեր անհատականութիւնը: Կարելի է ըսել, որ սա կերպար մըն է, որ ի յայտ կու գայ միայն մեր ենթակառուցուածքի մէջ բացասական գիտակցութեան աշխուժացման միջոցաւ։ Ուստի, մենք մեզ մեղադրելու եւ ատելու փոխարէն աւելի օգտակար է հասկնալ պատճառները։ Սա ուրիշներու հաւանութեան, գնահատանքի եւ հիացմունքի կարիքի վիճակ մըն է: Այս մէկու հիմքին է մանկութիւնը: Երեխան կ՚անհանգստանայ այն բաներէն, որոնց իր ծնողները հաւանութիւն չեն տար եւ ինք կը սորվի, որ ան պէտք է շարունակէ իր կեանքը ծնողներու հաւանութեամբ եւ այդ կերպով ստանալ այն, ինչ որ կ՚ուզէ: Այդպէսով ան կը սորվի բաւարարել իր կարիքները։
Պայմանական սէրը այնպիսի գործողութիւններու արտացոլումն է՝ ինչպէս վերահսկուիլը եւ մանիփիւլասիոնի ենթարկուիլը: Յարաբերութիւններու այլ վարքագծային օրինաչափութիւններ ալ ի յայտ կու գան այս գործընթացէն ներս. վերահսկողութիւն, զոհաբերութիւն եւ հնազանդութիւն։ Որովհետեւ երբեմն զոհաբերութիւններ կ՚ընենք եւ երբեմն կը խոնարհինք հաւատարմութեամբ՝ հաւանութիւն ստանալու համար: Կը կարծենք, որ վերահսկողութիւն պահպանելու համար միւս կողմը պէտք է վարուի այնպէս, ինչպէս որ ուզէ, իսկ վերահսկողութիւնը կը թողենք միւս կողմին։
Քանի որ հաւանութիւն փնտռող մարդիկ փխրուն են (որովհետեւ կը կարեւորեն այլ մարդոց կարծիքները), անոնք կը խուսափին բոլոր խնդիրներէ, եւ կը կարծեն, թէ չեն կրնար վերահսկել եւ հաշտարար ըլլալ իրենց կատարածներէն: Այս մարդիկ ունին ինքնավստահութեան լուրջ խնդիրներ եւ անոնց որոշումները ճիշդ են միայն այն պարագային, երբ հաւանութեան արժանանան ուրիշներու կողմէ, ուստի, աւելի շատ են այն դէպքերը, երբ անոնք կը գերադասեն ենթարկուիլ ուրիշներու որոշումներուն, քան ինքնորոշման:
Կարելի է դիւրութեամբ համոզել ուրիշներու գաղափարները գերադասող գեղեցիկ կին մը, որ ան տգեղ է: Սա անոր թոյլ կողմն է։ Այս բոլորի հիմքին են ծնողներու ուղերձները։ Սա մարդու մէջ կ՚աշխուժացնէ հաստատում փնտռելու մեքանիզմը։ Որովհետեւ առանց այդ հաստատման, չի կրնար բաւարարուիլ եւ չի կրնար ինքն իրեն գիտակցիլ։
Այս տեսակ մարդիկ շատ խոցելի են ընկերային կեանքի եւ յարաբերութիւններու մէջ։ Իր ինքնավստահութեան խնդիրներու եւ անհանգստութեան պատճառով ան կը սկսի հոգ տանիլ ուրիշներու գաղափարներու մասին, ենթարկուիլ անոնց եւ զոհաբերութիւններ ընել։ Այս իրավիճակը կը շարունակուի մինչեւ հաստատում ստանալը: Այսօրուայ յարաբերութիւններու մեծ մասը այսպէս է (մանաւանդ կարճաժամկէտ հաղորդակցման իրավիճակներու պարագային)։
Հաւանութեան կախուածութիւնը, այլ խօսքով՝ հաւանութիւն փնտռող վարքագիծը կրնայ ըլլալ բազմաթիւ խանգարումներու աղբիւր. օրինակ՝ վատառողջութիւն, ընկերային կեանքի մասնակցելու վախ, ճնշուածութիւն եւ կախեալ անհատականութեան խանգարում եւ այլն։
Հաստատման կարիքը կրնայ զանազան մտորումներ յառաջացնել յատկապէս գործընկերներու միջեւ, որոնք զիրար կը ճանչնան կարճ ժամանակէ ի վեր։ Եթէ գործընկեր մը ունիք, որ ձեզ հաւանութիւն չի տար, կը ստիպէ ձեզ թերի, անարժէք զգալ եւ սա չափազանց անհանգստացուցիչ է ձեզի համար։ Այս իրավիճակը ձեզ կը մղէ աւելի ջանք գործադրել այդ գործընկերոջ յաղթելու համար։ Հաւանութիւն ստանալը չափազանց կարեւոր խնդիր կը դառնայ։ Այս իրավիճակը կրնայ յանգեցնել զանազան հետեւանքներու՝ կախեալ անձի խանգարման...
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ