ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՓԱՐԻԶ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական բնագաւառի արժէքաւոր մեներգչուհիներէն Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Փարիզ։ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի կարեւոր տարրերէն մին է Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու, որ վերջին շրջաններուն կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք։
Փարիզի մէջ, Ապրիլի 8-ին ան պիտի մեներգէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնէն ներս։ Ձեռնարկը ձօնուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անդամակցութեան 30-ամեայ յոբելեանին։ Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու «Քենթ» նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գայ Փարիզի մէջ, ուր պիտի մեկնաբանէ երկու գործ։ Իր հետ միասին փոքրամասնական այլ հաւաքականութիւններէն ալ մեներգիչներ հանդէս պիտի գան Փարիզի մէջ։
Այս ուղեւորութիւնը պիտի իրականացուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան «Kültür A.Ş.»ի աջակցութեամբ։
Լիտա Էրփընար-Քէօսէօղլու այս մասնակցութիւնով նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դնէ երաժշտական կալուածէ ներս իր գործունէութիւնը։ Ուստի, իրեն կը մաղթենք յաջողութիւն եւ ապագայ նուաճումներ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024