ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թեան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Տի­րա­մօր Ա­նա­րատ Յղու­թեան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ պա­տա­րա­գեց Գե­րա­պայ­ծա­ռը, որ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հայր Աբ­րա­համ Ֆրա­տեա­նին յանձ­նեց վար­դա­պե­տա­կան գա­ւա­զան մը։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս կա­տա­րուե­ցաւ յա­րա­կից նո­րա­կա­ռոյց «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» սրա­հին բա­ցու­մը։ Այս առ­թիւ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան գնա­հա­տեց այս սրա­հի շի­նա­րա­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ բա­ժին ստանձ­նած բո­լոր դէմ­քե­րը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015