ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ

Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վարդա­պետ հռչա­կե­լու Ֆրան­սիս­քոս Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ո­րո­շու­մը, որ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Փետ­րուա­րի 21-ին, ող­ջու­նուեցաւ եւ լայն ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն հայ հա­սա­րակու­թեան, այլ նաեւ հա­մայն քրիս­տո­նեայ հան­րու­թեան կող­մէ, որ հա­յազ­գի մեծ խորհրդական աս­տուա­ծաբան Սուրբի սրբակրօն վար­քին ու սր­բադ­րոշմ հո­գե­ւոր վաս­տա­կին ծա­նօ­թա­նա­լու ու ա­նոր վրայ հիա­նա­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակնե­րուն՝ շնոր­հիւ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն, մաս­նա­ւո­րաբար գլուխ գոր­ծո­ցին՝ «ՄԱ­ՏԵԱՆ ՈՂ­ԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի թարգ­մանութեան բազ­մա­տաս­նեակ լե­զու­նե­րու, ա­ռա­ջի­նը՝ ֆրան­սե­րէն, Հայր Սահակ Վրդ. Քե­շի­շեա­նին կող­մէ: «Մա­տեան Ողբեր­գու­թեան»ը, որ 95 աղօթք­նե­րու ընդ­մէ­ջէն տեղի ու­նե­ցող հո­գեխռով, անձ­կա­լի ու սրտաբուխ զրոյց մըն է Աստու­ծոյ հետ՝ մեղ­քի, ա­պաշ­խա­րու­թեան, երկ­նա­յին գթու­թեան, հոգեւոր պայ­քա­րի, հո­գե­կան տա­ռա­պան­քի եւ միսթիք կեան­քի մասին, հա­մաշ­խար­հա­յին հո­գե­ւոր ժա­ռան­գութեան ա­մե­նէն փայլուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կը նկա­տուե­ցաւ: Նա­րեկացիին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պատմու­թեան ան­ցած համաշ­խարհա­յին ար­ժէք մը չեն միայն, այլ իր յա­րու­ցած խնդիր­նե­րով եւ առա­ջար­կած լու­ծում­նե­րով նաե՛ւ ժա­մա­նա­կա­կից արժէք մըն են:

«Մա­տեան Ողբեր­գու­թեան»ը Սուրբ Հո­գիին ներշնչու­մով գրուած բա­րե­գործ ա­ղօ­թա­գիրք մըն է. ո՛չ միայն հայ ազ­գին հա­մար, այլ բո­լո՛ր ազ­գե­րուն ու բո­լո՛ր հա­ւա­տա­ցեալնե­րուն հա­մար:

ՀԱՅ ԵՒ ԸՆԴ­ՀԱՆ­ՐԱ­ԿԱՆ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՍՈՒՐ­ԲԸ

Ար­դա­րեւ, դա­րեր ամբողջ, Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին պաշտա­մուն­քի ու սի­րոյ ա­ռար­կան ե­ղաւ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին, մինչդեռ ա­նոր քրիս­տո­սան­ման վար­քը, լայ­նա­խոհ, Քրիս­տո­սի ճշմարիտ ա­շա­կեր­տի պատ­շաճ մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, հա­ւատ­քի ապ­րումը, հա­մայն մարդ­կու­թեան մեղ­քե­րուն քա­ւու­թեան տառա­պանքը, Սուրբ Հո­գիէն ներշն­չուած ա­ղօթք­նե­րը, բա­րե­պաշտա­կան զգա­ցում­նե­րը, ա­ռանց հա­տուա­ծա­կա­նու­թեան կամ ան­ջա­տողա­կա­նու­թեան հա­կում­նե­րու Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեցւոյ ուղ­ղադա­ւան վար­դա­պե­տու­թեան հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ ո­րուն հա­մար հա­լա­ծուե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ, ա­նոր աս­տուածաբա­նա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր վաս­տա­կին ընդ­հանրակա­նութիւ­նը՝ 10-րդ դա­րուն ապ­րած այս հայ Սուրբը կը դարձ­նեն ար­ժա­նի Քրիստո­սի բո­լո՛ր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու սի­րոյն ու պաշտա­մուն­քին:

Այդ սի­րոյն ու պաշ­տա­մուն­քին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը հանդիսա­նայ զինք Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կե­լու Ֆրան­սիս­քոս Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին ո­րո­շու­մը, որ արդիւնքն է տաս­նեակ մը տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող խստա­պահ ու բարդ գոր­ծըն­թա­ցի մը, ո­րուն ազ­դան­շա­նը տուաւ Հայ կաթո­ղի­կէ նուի­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ա­մե­նա­պա­տիւ Տէր Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս-Պատրիար­քին, մտա­ծե­լով որ ինչ­պէս Հայ ազ­գի հա­ւատ­քի հայ­րը՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը՝ շնոր­հիւ դար­ձեալ Հայ կա­թո­ղի­կէ նուի­րա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան, իր ար­ժա­նի պա­տուանդա­նը ու­նե­ցաւ Վա­տի­կա­նի «Սուրբ Պետ­րոս»ի պա­զի­լի­քա­յին ճա­կա­տը զար­դա­րող Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբե­րու քանդակ­նե­րու շար­քին՝ ի գի­տու­թիւն հա­մայն աշ­խար­հի հա­ւատացեալ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն՝ ժա­մա­նակն էր, որ Ընդ­հան­րա­կան Ե­կե­ղե­ցին իր 36-րդ Վար­դա­պե­տը հռչա­կէր Սուրբ Գրի­գոր Նարե­կա­ցին: Հայ կա­թո­ղի­կէ սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րուն կող­մէ շուրջ տա­սը տա­րիէ ի վեր տա­րուող աշ­խա­տան­քին պսա­կու­մը պի­տի հան­դի­սա­նայ Հայ Սուրբին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վարդա­պետ հռչա­կու­մը յըն­թացս հա­մա­պա­տա­րա­գին, զոր 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով Սր­բազան Պա­պը Հայ Կա­թո­ղի­կէ սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րուն հետ պի­տի մա­տու­ցա­նէ 12 Ապ­րի­լին, Վա­տի­կա­նի «Սուրբ Պետ­րոս»ի տաճա­րին մէջ: Այդ աշ­խա­տան­քի մա­սին կա­րե­ւոր վկա­յութիւն­ներ կը հան­դի­սա­նան Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­մէ­նա­մեայ Սիւնհո­դոս­նե­րուն ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րը եւ նա­մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը Վա­տի­կա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րուն հետ:

Կարգ մը հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­ներ, դժ­բախ­տաբար, փութ­կոտ հրա­պա­րա­կում­նե­րով թիւր եւ խե­ղա­թիւ­րուած ձե­ւով ար­ձա­գան­գած ըլ­լա­լով պատ­մա­կան այս ի­րա­դար­ձու­թեան, յատկա­պէս նա­խա­պատ­րաս­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին, Հայ Կաթո­ղի­կէ Պատ­րիար­քու­թեան Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի կեդ­րո­նի տնօ­րէն Հայր Վար­դան Վրդ. Գա­զան­ճեա­նին, ա­պա նաեւ վաստա­կա­շատ հո­գե­ւո­րա­կան Ար­հիա­պա­տիւ Հայր Մա­նուէլ Եպսկ. Պա­թա­գեա­նին կող­մէ տրուած հե­տա­գայ բա­ցատ­րու­թիւն­ներն ու լու­սաբա­նու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նուած են ըստ ար­ժան­ւոյն գնահա­տե­լու հա­մայն հա­յու­թեան հպար­տու­թիւն առ­թող այս պատմա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լի եւս պի­տի սեր­տաց­նէ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նուած յա­րաբերու­թիւն­նե­րը Կա­թո­ղի­կէ եւ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ:

ԳԱ­ՂԱ­ՓԱ­ՐԻՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ԶԱՐ­ԳԱ­ՑՈՒ­ՄԸ

Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վարդապետ հռչա­կել տա­լու գա­ղա­փա­րը ծնունդ ա­ռաւ յետ Սուրբ Գրիգոր Լու­սա­ւո­րի­չի մե­ծա­դիր ար­ձա­նի հան­դի­սա­ւոր օրհ­նութեան ու զե­տե­ղու­մին Հռո­մի «Սուրբ Պետ­րոս» մայր տա­ճա­րին ար­տաքին գա­ւի­թին մէջ, ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Սուրբ Յովհաննէս Պօ­ղոս Բ. Քա­հա­նա­յա­պե­տին, 2005-ի Յու­նուա­րի 19-ին: Այս ե­զա­կի պա­տի­ւը կը շնոր­հուի միայն քրիս­տո­նեայ մեծ ե­կեղե­ցինե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին դա­սուե­ցաւ Հա­յոց Լուսա­ւո­րի­չը:

Այս պատ­մա­կան դէպ­քին յա­ջոր­դեց նոյն գա­ւի­թին պաշ­տօնա­կան յոր­ջոր­ջու­մը իբր «Cortile San Gregorio Illuminatore dÿArmenia», Պե­նե­տիկ­տոս ԺԶ. Պա­պին կող­մէ, 2008-ի Փետ­րուար 22-ին, դար­ձեալ ի ներ­կա­յու­թեան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Նուի­րա­պե-տու­թեան եւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­տուի­րակ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան հայ եւ օ­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու:

Մինչ այդ, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­պիս­կո­պո­սաց Սիւն­հո­դո­սը լծուած էր՝ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վարդա­պետ հռչա­կել տա­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խատանքնե­րուն՝ իր 2003-ի սիւն­հո­դո­սա­կան նիս­տե­րու ըն­թաց­քին:

Կազ­մուած էր յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ար­հի. Գրի­գոր Եպսկ. Կապ­րո­յեա­նի, ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ Փրոֆ. Ժան-Փիէռ Մա­հէի եւ Գե­րա­պայ­ծառ Հայր Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի: Ա­նոնց ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուե­ցան զոյգ գի­տաժողովներ, ա­ռա­ջի­նը՝ Հռո­մի Ա­րե­ւե­լեան Ուս­մանց Քա­հա­նա­յապետա­կան Ինս­թի­թու­տին մօտ, 2005-ի Յու­նուար 20-22-ին, իսկ երկ­րոր­դը՝ Լիբա­նան, Քաս­լի­քի «Սուրբ Հո­գի» հա­մալ­սա­րա­նին մօտ, 2009-ի Հոկ­տեմբե­րին, կեդ­րո­նա­նա­լով գլխա­ւո­րաբար Նա­րե­կա­ցիի դե­րին վրայ Հայ ծէ­սին մէջ: Եր­կու ձեռ­նարկ­ներն ալ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­ցին, ըլ­լայ շնոր­հիւ հան­րա­ծա­նօթ մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան, ըլ­լայ ա­նոնց գտած դրա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար հայ թէ օ­տար շրջա­նակ­նե­րու մէջ: Մաս­նակ­ցող­նե­րու խումբին մաս կը կազ­մէին հան­րածանօթ աս­տուա­ծաբան­ներ, ծի­սա­գէտ­ներ ու պատ­մա­գէտ­ներ, ի շարս ո­րոնց՝ Ժե­րար Տէ­տէեան, Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան, Աբրահամ Տէ­րեան, Ժան-Փիէռ Մա­հէ, Գե­րա­պայ­ծառ Գլաու­տիօ Կու­ճերոթթի, Գերշ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, Գերշ. Մես­րոպ Արք. Գրիգո­րեան, Գերշ. Նա­րեկ Արք. Ա­լեէ­մէ­զեան, Հայր Լե­ւոն Վրդ. Զէ­քիեան, Ի­կոր Տորֆ­ման, Հայր Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կռա­նեան ե­ւ այլք:

Սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րը, յու­սադ­րուած աշ­խա­տանք­նե­րու դրա­կան ըն­թաց­քէն, կապ կը պա­հէին Հռո­մի պատ­կան իշ­խանու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Հա­ւա­տոյ Վար­դա­պե­տու­թեան պահպան­ման Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ կար­տի­նա­լին հետ ու­սումնա­սիրե­լու հա­մար պա­հան­ջուած պայ­ման­նե­րը՝ Տիե­զե­րա­կան Վարդա­պե­տի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար: Ա­նոնց կարգին էին գլխա­ւո­րաբար՝ փաս­տե­րը ա­ռա­ջադ­րուած ան­ձին կեանքի սր­բու­թեան ու դա­ւա­նած վար­դա­պե­տու­թեան ուղ­ղափա­ռութեան, յայտ­նուած յատ­կա­պէս ա­նոր գրու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն:

Առ այդ՝ հարկ էր ներ­կա­յաց­նել ա­նոր թարգ­մա­նուած գրու­թիւննե­րը, եւ յատ­կա­պէս «Մա­տեան Ողբեր­գու­թեան» եւ «Գան­ձեր եւ Տա­ղեր» հա­տոր­նե­րը, ինչ որ կա­տարուե­ցաւ շնորհիւ Ժան-Փիէռ Մա­հէի եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն:

Հարկ է նշել, որ թէ՛ Նա­րե­կա­ցին եւ թէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սաւո­րի­չը ան­ծա­նօթ չեն Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծի­սա­գէտ­նե­րուն:

Ար­դա­րեւ, եր­կուքն ալ կը յի­շուին հռո­մէա­կան ծի­սա­կան օ­րացոյ­ցին մէջ: Այս ի­մաս­տով ա­նոնք ի­րա­ւամբ կը սե­պուին Ընդհան­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբեր:

Ինչ­պէս, կը տես­նուի, ան­ցեալ տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ Սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րը՝ գլխա-ւորու­թեամբ Ա­մե­նա­պա­տիւ Տէր Ներ­սէս Պետ­րոս ԺԹ. Տանն Կիլի­կիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քին, ջանք ու ժա­մա­նակ չխնա­յե­ցին լու­սար­ձակ­նե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լու հա­մար Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի ար­ժէ­քին վրայ հա­մայն քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին հա­մար: Վե­րոն­շեալ եր­կու գի­տա­ժո­ղով­նե­րը, եւ անոնց ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած զե­կու­ցում­նե­րը զար­գա­ցուցին Ա­րեւ­մուտ­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին գի­տելիք­նե­րը Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եւ ա­նոր ար­ժէ­քի մա­սին: Շնոր­հիւ «ՄԱ­ՏԵԱՆ ՈՂ­ԲԵՐ­ԳՈՒ­ԹԵԱՆ»ի ֆրան­սե­րէ­նով թարգմա­նու­թեան Ժան-Փիէռ Մա­հէի կող­մէ՝ ամբողջ ֆրան­սախօս աշխար­հը ծա­նօ­թա­ցաւ Նա­րե­կա­ցիին: Սուրբ Գրի­գոր Նարե­կա­ցիի մա­սին եր­կու գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին տրուած վկա­յու­թիւննե­րը բնա­կա­նաբար չէին կրնար ան­տարբեր ձգել Սուրբ Ա­թո­ռը:

Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչակե­լու ա­ռա­ջար­կը հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րա­րով՝ Հո­գե­ւոր Տէ­րը ան­ձամբ ներ­կա­յա­ցուց Պե­նե­տիկ­տոս ԺԶ. Քա­հա­նա­յա­պետին: Ա­սի­կա բա­ւա­րար չէր ան­շուշտ: Գոր­ծը հե­տապն­դու­մի կը կա­րօ­տէր: Հոս կ­ÿար­ժէ յի­շա­տա­կել անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը՝ որ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ այդ գոր­ծի հե­տապն­դու­մին մէջ: Ան՝ Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի երբեմ­նի պա­պա­կան նուի­րակն է, Մոն­սե­նիէօր Գլաու­տիօ Ար­քե­պիս­կո­պոս Կիւ­ճերոթ­թի, որ այժմ Մինս­քի ա­ռա­քե­լա­կան նուի­րակն է: Հա­յա­գէտ է, հա­յա­սէր եւ հա­յա­խօս: Հե­ղի­նակ է Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի մա­սին բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու: Հո­գե­ւոր Տի­րոջ թե­լադ­րան­քով, այս հա­յա­գէտ հո­գե­ւո­րա­կա­նը մե­ծա­պէս օգ­նեց Նա­րե­կա­ցիի թղթա-ծը­րա­րի քննարկ­ման հա­մար անհ­րաժեշտ վար­չա­կան ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հա­րու­մին:

ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿԷ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՊԱՅ­ՄԱՆ­ՆԵ­ՐԸ

Doctor Ecclesiae տիտ­ղո­սը շնոր­հե­լու հա­մար Կա­թո­ղի­կէ Եկե­ղե­ցին կը պա­հան­ջէ ե­րեք հիմ­նա­կան նա­խադ­րեալ.- eminens doctrina՝ գե­րա­զանց ուս­մունք, insignis vitae sanctitas՝ ար­տա­սովոր սր­բա­կե­ցու­թիւն եւ Ecclesiae declaratio՝ հռչա­կում Ե­կե­ղեցւոյ կող­մէ: Սր­բա­դաս­ման եւ ե­րա­նաց­ման դա­տե­րու ե­պիս­կոպոսնե­րու ժո­ղո­վը, ո­րուն նա­խա­գահն է Կար­տի­նալ Ան­ճե­լօ Ամաթօ, ման­րակր­կի­տօ­րէն կ­ÿու­սում­նա­սի­րէ ի­րեն ա­ռաջար­կուած ան­ձի հո­գե­ւոր վաս­տա­կի, Ե­կե­ղեց­ւոյ աս­տուա­ծաբա­նու­թեան, խորհր­դաբա­նու­թեան զար­գաց­ման հա­մար ա­նոր հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ար­ժէ­քի մա­սին փաս­տարկ­նե­րը ու հիմ­նա­ւորում­նե­րը եւ ըստ այնմ կը կա­յաց­նէ ա­ռա­ջար­կուած ան­ձին Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ տիտ­ղո­սին ար­ժա­նի ըլ­լա­լու մա­սին իր ո­րո­շու­մը, որ ար­դիւնքն է մէ­կը՝ կա­նո­նա­կան, իսկ միւ­սը՝ աստուա­ծաբա­նա­կան եր­կու յանձ­նա­խումբե­րու դրա­կան պա­տասխա­նին, զոր Կար­տի­նալ Ա­մա­թօ փո­խան­ցեց Պա­պին: Իսկ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիին այդ տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի դարձ­նող 500 էջ­նոց թղթած­րա­րը պատ­րաս­տե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ մեծ է ներդ­րու­մը ա­ռա­ւե­լաբար Պոլ­սոյ Թե­մի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նորդ եւ Ա­ռա­քե­լա­կան Կա­ռա­վա­րիչ Հայր Լե­ւոն Ար­քե­պիս­կո­պոս Զէ­քիեա­նին:

ՏԻՏ­ՂՈ­ՍԻՆ ՏՈՒ­ՉՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ 100-ՐԴ ՏԱ­ՐԵ­ԼԻ­ՑԻՆ ԿԱ­ՏԱ­ՐԵ­ԼՈՒ ԱՇ­ԽԱ­ՏԱՆՔ

Հայ Կա­թո­ղի­կէ սիւն­հո­դո­սա­կան հայ­րե­րը ա­մէն ջանք թա­փեցին, որ­պէս­զի Նա­րե­կա­ցիին այս տիտ­ղո­սի տու­չու­թիւ­նը կա-տա­րուի 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, Ապ­րի­լի 12-ին, «Սուրբ Պետ­րոս»ի տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­լիք քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Սուրբ Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին, ինչ որ ա­ռիթ պի­տի տայ բազ­մա­հա­զար օ­տա­րազ­գի ժո­ղո­վուր­դի ծանօ­թա­նա­լու Հայ Սուրբին եւ ի­մա­նա­լու Մեծ եղեռնի մա­սին:

Ինչ­պէս նկա­տել կու տայ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Պատ­րիար­քու­թեան Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի կեդ­րո­նին տնօ­րէ­նը, ո­րո­շե­լով Հայ Սուրբին Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ պաշ­տօ­նա­կան հռչա­կու­մը կա­տա­րել 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ «Սուրբ Պետ­րոս»ի տա­ճա­րին մէջ 12 Ապ­րի­լին մա­տու­ցա­նե­լիք Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը լա­ւա­գոյն ա­ռիթ մը ստեղ­ծած կÿըլ­լայ ե­կե­ղե­ցա­կան ազ­նուա­գոյն ձե­ւով աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­լու հայկական հարցին վրայ, աշխար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու զայն: Նա­րե­կա­ցիի մա­սին մտածե­լով, քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը պի­տի կա­տա­րէ մին­չեւ 1915 եւ հարց պի­տի տայ, թէ ո՞ւր է Նա­րե­կայ Վան­քը այ­սօր, ին­չո՞ւ քան­դուած է ան: Ե­կե­ղեցւոյ Հա՛յ Վար­դա­պե­տը կա­թո­ղի­կէ եւ ոչ-կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն հա­մար պի­տի հան­դի­սա­նայ հայ հնա­դա­րեան հարուստ մշա­կոյ­թին, մա­նա­ւանդ հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թին, հայ միջնա­դա­րեան գրա­կա­նու­թեան, հայ­կա­կան հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան վրայ բա­ց-ւող պա­տու­հան մը, ինչ որ ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սանայ նոր գի­տա­ժո­ղով­նե­րու՝ կազ­մա­կեր­պուած այս ան­գամ տարբեր մի­ջա­վայ­րե­րու կող­մէ եւ ոչ միայն հա­յե­րու: Հա՛յ Վար­դա­պե­տին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներշնչ­ման աղբիւր պի­տի դառ­նան Քրիս­տո­սի հե­տե­ւորդ ա­մէն հա­ւա­տա­ցեա­լի, ո­րով­հե­տեւ ան՝ իր «ՄԱ­ՏԵԱՆ ՈՂ­ԲԵՐ­ԳՈՒ­ԹԵԱՆ»ով ամբողջ մարդ­կու­թեան մեղ­քը իր ու­սե­րուն վրայ կ­ÿառ­նէ, մարդ­կա­յին ողբեր­գու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ինքն իր ան­ձին մէջ:

ՆԱ­ՐԵ­ԿԸ՝ ՀՐԱ­ՒԷՐ ԶԱՐ­ԹՕՆ­ՔԻ ՈՒ ՎԵ­ՐԱ­ՆՈ­ՐՈ­ԳՈՒ­ՄԻ

Իսկ մե­զի, Մեծ Սուրբի ազ­գա­կից­նե­րուս հա­մար, այս պատմա­կան հռչա­կու­մը, ինչ­պէս կ­ÿը­սէ Հայր Գա­զան­ճեան, նոր զարթօն­քի ու վե­րա­նո­րո­գու­մի հրա­ւէր մը պի­տի ըլ­լայ, մա­նա­ւանդ մեր ա­նա­ռար­կե­լի ար­ժէք­նե­րուն շուրջ հա­մախմբուե­լու հրա­ւէր մը: Մե­զի պի­տի վեր­յի­շեց­նէ, որ 1915-ին չկար հայ տուն մը, հայ ըն­տա­նիք մը, որ ՆԱ­ՐԵ­Կը չ՚ու­նե­նար, ՆԱ­ՐԵ­Կին ներշն­չած հաւատ­քով զօ­րա­ցած չըլ­լար: Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ­նե­րը ան­պայման ըլ­լա­լու են հա­ւատ­քը ի­րենց մի­ջա­վայ­րին մէջ փո­խան­ցող ա­ռա­քեալ­ներ, ինչ­պի­սին ե­ղաւ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին: Հա­ւատ­քը ընդ­հան­րա­կան է ան­շուշտ: Քրիս­տոս բո­լո­րին հա­մար է: Բայց Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Քրիս­տո­սը հա­յու սնա­րին մօտ բե­րաւ, հայու հո­գիին մէջ դրաւ: Հայ մշա­կոյ­թին անբա­ժան մա­սը դար­ձուց:

Նա­րե­կա­ցիին ներշն­չած հա­ւատ­քով զօ­րա­ցած էին 1915-ի նա­հա­տակ­նե­րը: Ա­նոնք Քրիս­տո­սի սէ­րը սորված էին Նա­րե­կա­ցիէն: Նա­րե­կը ա­նոնց սնա­րի գիրքն էր, ա­ղօթա­մա­տեա­նը: Ա­սի­կա էր որ զի­րենք հաս­տա­տեց Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քին մէջ: Շնոր­հիւ ա­սոր է որ մեր ժո­ղո­վուր­դը իր պատմու­թեան մե­ծա­գոյն ողբեր­գու­թեան, Մեծ Ե­ղեռ­նի ժա­մա­նակ չկորսն­ցուց իր հա­ւատքն ու յոյ­սը ա­պա­գա­յին հան­դէպ: Ա­սի­կա կա­տա­րուե­ցաւ Նա­րե­կա­ցիին ու­ժով: Նա­րե­կա­ցին է, որ սնու­ցանեց այդ սե­րուն­դը, նա­հա­տակ սե­րուն­դը, նա­հա­տակ սե­րուն­դին հա­ւատ­քը: Ան այ­սօր մե­զի կը բե­րէ միեւ­նոյն պատ­գա­մը, որ՝ ա­նոր Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կու­մով Վա­տիկա­նէն՝ աշ­խար­հին բո­լոր կող­մե­րը հնչող մշտա­կան ղօ­ղանջ պիտի դառ­նայ եւ մե­զի հետ զայն պի­տի ի­մա­նայ Քրիս­տո­սի ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ:

«Զարթօնք», Պէյրութ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015