ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ

Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին յա­ջոր­դող Մե­ռե­լո­ցին առ­թիւ ե­րէկ հո­գե­հանգս­տեան ընդ­հա­նուր կարգ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Ընդ­հա­նուր հո­գե­հան­գիս­տին հան­դի­սա­պե­տեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը եւ այս առ­թիւ կա­րե­ւո­րեց հան­գու­ցեալ­նե­րու վեր­յիշ­ման խոր­հուր­դը ու կանգ ա­ռաւ ա­նոնց նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մէջ չթե­րա­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015