ՀԵՌԱՀԱՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն որպէս ատենապետ կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը հաղորդեց, որ նստաշրջանը սկսաւ աղօթքով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։
ԳՀԽ-ի օրակարգին վրայ կը գտնուին զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի կեանքի մարտահրաւէրներուն, Արցախի հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, սփիւռքի մէջ ինքնութեան պահպանման հիմնախնդիրներուն, քրիստոնէական կրթութեան կազմակերպման, եկեղեցւոյ ժողովական ու վարչական կեանքին եւ այլն։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց Ֆրանսայէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Փարիզի արուարձաններէն հայաշատ Ալֆորվիլի քաղաքային իշխանութեանց ներկայացուցիչները, որոնց ուղեկցեցան Ալֆորվիլի Ս. Պօղոս-Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան։