ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄՆ ԱՅՑԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի փոխանցէ նաեւ օրհնութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի տարեկան Թեմական-պատգամաւորական ժողովին ժամանակ։
Ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչա-տըրեան, գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան, Կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Տ. Խորէն Քհնյ. Կիրակոսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն Գաբրիէլ Չէմպէրճեան։
Միւս կողմէ, նոյն ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելու առաջադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ այսօր աշխատանքային այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Ուաշինկթըն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի ծերակոյտէն ներս, նաեւ կը մէկտեղուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ։ Իր կեցութեան ընթացքին ան կ՚այցելէ Հոլոքոստի թանգարան, նաեւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարանէն ներս կը ծանօթանայ այնտեղ ի պահ դրուած հայկական ցուցանմոյշներուն։ Սերժ Սարգսեան «Ուաշինկթըն Փոստ» թերթի խմբագրատան մէջ ալ կը հիւրընկալուի՝ հանդիպում մը ունենալով խմբագրական խորհուրդին հետ։ Ի լրումն այս բոլորին Ուաշինկթընի մէջ Սերժ Սարգսեան տեսակցութիւններ կ՚ունենայ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ուաշինթընի ազգային մայր տաճարին մէջ ան մասնակցութիւն կը բերէ 2015-ի տարելիցին ձօնուած միջ-կըրօնական աղօթքին, որու ընթացքին հանդէս կու գայ նաեւ ելոյթով մը։
Ուաշինկթընի շփումներուն աւարտին, Սերժ Սարգսեան Մայիսի 8-ին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Ռուսաստանի մայրաքա-ղաքը՝ Մոսկուա։