ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենէն կարեւոր հատուածը՝ վերջին շաբաթը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ եւ կ՚երկարի Ծաղկազարդին յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ։
Աւագ կը նշանակէ մեծ կամ գլխաւոր։ Աւագ կը կոչուի յիշեալ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը։
Անցեալին, մեր նախնիներու օրով Երկուշաբթին ջրաղացներու օրն էր, բոլորը ցորեն կը տանէին աղալու։
Երեքշաբթին յիմար-իմաստունի վիճակը քաշելու օրն էր, եւ մարդիկ եկեղեցի կը շտապէին իրենց որեւէ մեծ մտադրութիւնը գուշակելու։ Տասը թըղ-թակտորներէ հինգին վրայ կը գրուէր «իմաստուն», հինգին վրայ «յիմար» բառերը, եւ տասը մանուկ կ՚առնէին մէկական թուղթ։ Իրենց միտքը որեւէ իղձ պահած հաւատացեալներ նախապէս կ՚ընտրէին մանուկներէն մէկը, եթէ «իմաստուն», թղթիկը կրէր ան, կը նշանակէր իղձի իրականացում՝ իսկ հակառակ պարագային՝ անոր իղձը պիտի չկատարուէր։
Կարեւորագոյն իրադարձութիւնները կը սկսէին Չորեքշաբթի օր, որ կը կոչուէր «չիք»։ Կրակի վրայ շարուանկ ջուր կ՚եռար ամանները լուալու, լուացք ընելու, տունը մաքրելու եւ վերջապէս, լոգնալու համար։
Տղամարդիկ կը մաքրէին գոմը, որպէսզի այդ օրը բոլոր տեսակի կեղտերն ու ցաւերը չքանան։ Շատեր սրբատեղիները ուխտի կ՚երթային, որպէսզի հոն ձգեն իրենց ցաւերը, «չքեն» չիք-Չորեքշաբթիին հետ… Կարնոյ հայերը կէս գիշերին «ցաւիս վերջ» կ՚ըսէին եւ մինչեւ յաջորդ օրուան ժամերգութիւնը լուռ կը մնային, որպէսզի չիք-Չորեքշաբթին իր հետ տանի բոլոր ցաւերը։
Վատը, չարը «չքացնող» Չորեքշաբթիին կը յաջորդէր արդար, մաքուր Հինգշաբթին։ Տղամարդիկ ծառեր կը տնկէին այն հաստատ համոզումով, թէ այդ օրը տնկուած ծառը արտակարգ բերքատու կ՚ըլլայ։
Մուշի մէջ Աւագ Հինգշաբթի օր կը նորոգէին թթխմորը, հաց կը թխէին եւ երեսին կանեփ կը քսէին։
Լոռեցիները սեւ թելի վրայ եօթ հանգոյց կ՚ընէին եւ կը դնէին եկեղեցւոյ պատի ճեղքին մէջ, որպէսզի «թռչունները հաւերուն ձագերը չթռցնեն»։
Մարաշի հայերն ալ Աւագ Հինգշաբթիի յատուկ ուտելիքներ ունէին՝ «աղամաղ», որ կը նշանակէ «աղի-մաղի»։ Աղամաղը սմբուկի գլխիկի կանաչ կեղեւն է, որ կը չորցնէին ու կը պահէին այս օրուան համար։ Աւագ Հինգշաբթի այս չորցած կեղեւը կը խաշէին եւ կը մանրէին, հետը սոխ կը ջարդէին, վրան աղ ու պղպեղ կ՚աւելցնէին ու կ՚ուտէին։ Երեկոյեան Ոտնլուայի ծէսին եկեղեցիէն բերուած կարագով շատեր կ՚օծէին իրենց մարմնի զանազան մասերը։
Աւագ Հինգշաբթի օրը նաեւ Զատկուան հաւկիթները ներկելու օր էր։ Կը ներկէին սահմանափակ թիւով հաւկիթներ, ընտանիքի անդամներու թիւին համապատասխան կամ եօթ հատ։ Զատկուան համար նախատեսուած մեծաքանակ թիւով հաւկիթները կը ներկէին Շաբաթ օր եւ յատկապէս միայն կարմիր գոյնով։
Աւագ Ուրբաթը Քրիստոսի խաչելութեան օրն էր, հետեւաբար սուգի օր էր։ Հայոց մէջ այդ Ուրբաթը աւելի ծանօթ է իբրեւ Յուդայի Ուրբաթ։ Բացի եկեղեցական ծէսերէն, կը կատարուէին նաեւ ժողովրդական արարողութիւններ։ Դարբիններն ու ոսկերիչները այդ օրը մեծ քանակութեամբ չարարգել զարդեր կը պատրաստէին, որոնք կը կոչուէին «ուրբաթաթուր»։ Ասոնք մեծ մասամբ երկաթէ փոքրիկ օղեր, մատանիներ էին, ինչ որ մայրերը կը գնէին իրենց զաւակներուն համար, զանոնք չար աչքէ հեռու պահելու համար։
Ուրբաթ օրուան ուտելիքի առանձնայատկութիւնը կծուի եւ թթուի ստիպողական գործածութիւնն էր։ Այսպէս, մարաշցիները «քացխլաշովրօ» (քացախի ապուր) կ՚ուտէին։ Լոռիի շրջանը բանջար կ՚եփէին, որովհետեւ՝ Քրիստոսը բանջարով «ծեծած են»։ Մուշի մէջ կաղամբի թթու կ՚եփէին եւ զայն կը կոչէին «օձի թթու»։
Իսկ ի՞նչ կարելի չէր ընել Աւագ Ուրբաթ օր. «Ծունկի գալ, որովհետեւ Յիսուս խաչին վրայ է, խաչ հանել, որովհետեւ Քրիստոս խաչուած է, դրամ փոխ տալ եւ առնել, որովհետեւ Յիսուս դրամի համար մատնուած է…»։
Աւագ Շաբաթ երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ նախատօնակ՝ Ճրագալոյցի պատարագ կը կատարուէր։
Արեւը մայրը չմտած թաթախման՝ խթումի ընթրիքի սեղան կը պատրաստուէր։ Օրէնք էր, որ սեղանին վրայ գտնուէր ձկնեղէն, հաւկիթ, հաւկթիով խառն բանջարեղէն, կաթով եփած կորկոտապուր եւայլն…։
Այդ երեկոյեան կ՚աւարտէր նաեւ Մեծ պահքը։