ԱՂՕԹՔ, ԽՈՒՆԿ, ՅԱՐԳԱՆՔ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի վերջին օծումն ու յուղարկաւորութիւնը։ Յառաջացած տարիքի մէջ մահկանացուն կնքած սրբազանի կորուստը վերջին օրերուն ցաւ յառաջացուցած է եկեղեցասէր շրջանակներէ ներս։ Հաւատացեալները եւ հոգեւոր եղբայրները յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ կու տան Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանին՝ վերյիշելով երկարամեայ հոգեւոր ծառայութիւնն ու մտաւորական գործունէութիւնը։

Մայր եկեղեցւոյ այս առաւօտեան արարողութիւներուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կատարեց նաեւ վերջին օծումը։ Ս. Պատարագը մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, որ յատկապէս այս առթիւ ժամանած է քաղաքս։ Ան առաջնորդի պաշտօնին մէջ յաջորդած է հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանին, որ շուրջ երկու տասնամեակ գլխաւորած էր այդ թեմը։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ, որոնք վերջին հրաժեշտի տխուր փուլին իրենց խոնարհումը բերին դագաղին առջեւ եւ աղօթեցին վախճանեալ սրբազանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ այլ քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։

Արարողութեան սկիզբին լուսահոգի սրբազանի դագաղը զետեղուած էր Մայր եկեղեցւոյ ատեանին մէջ։ Ս. Պատարագի համապատասխան փուլին հոգեւոր հայրեր զայն խորան բարձրացուցին։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը կատարեց վերջին օծումը եւ խօսեցաւ դամբանական մը՝ վեր առնելով վաստակաւոր եկեղեցականի նուիրումն ու ծառայասիրութիւնը։

Մայր եկեղեցւոյ օծումէն եւ յուղարկաւորութենէն վերջ, լուսահոգի Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024