ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Անգլիոյ նորանշանակ դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուըրտը։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Անգլիոյ յարաբերութիւններուն եւ գոհունակութիւն յայտնեց այդ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ անգլիահայ համայնքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կանգ առաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բազմակողմանի գործունէութեան վրայ ու մատնանշեց տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։