Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SOS ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ»ՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ այս կազմակերպութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ այս կառոյցին միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան կապակցութեամբ։
«SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ»ու ընդհանուր տնօրէն Պենժամէն Պլանշարն ալ անդրադարձաւ իր գլխաւորած կառոյցի գործունէութեան կրթական երեսակին։ Բաց աստի, ան կանգ առաւ քրիստոնէական ու մշակութային յուշարձաններու վերականգնման վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2024